Անցեալ շաբաթ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ), որուն կազմին մէջ են նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, ինը ղեկավարները հանդիպում ունեցան Ղազախիստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Պելառուսիոյ, Ղազախիստանի, Խրխըզիստանի, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի եւ Ուզպեքիստանի ղեկավարները։
Այս հանդիպման ընթացքին իրենց երկիրներուն միջեւ առկայ հակամարտութեան մասին խօսելով, միմեանց բախեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները՝ միւս մասնակիցներու, յատկապես Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեան:
Ալիեւի յայտարարութիւնները լեցուն էին կեղծիքներով։ Ան սուտ էր, երբ ըսաւ, որ 2020ի պատերազմէն ետք Հայաստան տեղադրած է «Հայաստան արտադրուած 1400 հակահետեւակային ական… Լաչինի շրջանի սահմանին մօտակայքը, 2021ին։
Ատրպէյճանական մէկ դիրքէն միւսը տանող ճամբաները նոյնպէս ականապատուած են»։ Ան պնդեց, որ «բախումները եւ անոնց գործուն փուլը տեւած են առաւելագոյնը ութ ժամ», թէեւ Ատրպէյճան մինչ օրս կը շարունակէ խախտել հրադադարի կանոնը։ Ան ստեց՝ ըսելով, որ «Ատրպէյճան մտադրութիւն չէ ունեցած բռնագրաւելու Հայաստանի տարածքը, ինչպէս ոմանք կրնան ենթադրել»։ Ան անտեսեց այն փաստը, որ ատրպէյճանական բանակը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի սահմաններէն ներս, իր նախորդ՝ 12 Մայիս 2021ի ներխուժումէն ի վեր։
Ալիեւ փորձեց հաճոյանալ Փութինի՝ պնդելով, որ «ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ, կ՛ուզեմ շեշտել, որ հրադադարի առաջարկով հանդէս եկած է ռուսական կողմը։ Ոմանք այդ կը վերագրեն այլ երկիրներու, ինչ որ բացարձակապէս անհիմն է։ Ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ բախումները, ինչպէս ըսի, դադրեցան»։ Ալիեւ այսպիսով հակասեց այն լուրերուն, թէ Միացեալ Նահանգներն է որ միջնորդած է հրադադարի հաստատման։ Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ատրպէյճան «վճռականօրէն մերժած է» Եւրոպական Միութեան առաջարկը՝ սահմանի ատրպէյճանական կողմը քաղաքացիական առաքելութիւն տեղադրելու։ «Այդ պատճառով առաքելութիւնը կը տեղադրուի Հայաստանի տարածքին մէջ», ըսաւ ան։
Ալիեւ սուր քննադատութեան ենթարկեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ համակրական արտայայտութիւններ ունեցած է Հայաստանի հասցէին։ Ալիեւ դժգոհեցաւ, որ Մաքրոն «վիրաւորական, անընդունելի, կեղծ եւ սադրիչ յայտարարութիւններ ըրած է…: Ան մեղադրած է Ատրպէյճանը սարսափելի պատերազմ մղելու մէջ...»։ Ալիեւ անգամ մը եւս փորձեց գոհացնել Փութինը՝ ըսելով, որ Մաքրոն «կողմնակալ յայտարարութիւններ ըրած է Ռուսիոյ Դաշնակցայնութեան դէմ, թէ՝ «Ռուսիա խաղացած է ատրպէյճանական խաղը»: Ասոր ի հետեւանք, Ալիեւ ըսաւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ կը մերժէ Ֆրանսայի միջնորդական հետագայ որեւէ դերակատարութիւն: Ան նաեւ դժգոհեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի «հակաատրպէյճանական յայտարարութիւններէն», Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Ղարաբաղը ճանչցող եւ «Նոյեմբերի կէսերուն Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ պատրաստուող» երկրորդ բանաձեւէն։ Ան այս զարգացումներուն մեղքը բարդեց «Ֆրանսայի հայկական սփիւռքի» վրայ՝ իր ունեցած ազդեցութեան պատճառով։
Ալիեւ Հայաստանը մեղադրեց՝ Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուներու դէմ «սադրանքներ» կազմակերպելու մէջ։ Ան կեղծօրէն պնդեց՝ «մենք կասկած չունինք, որ ահաբեկչութիւնն ու աւերածութիւնը կազմակերպուած են Հայաստանի կողմէ։ Ինչո՞ւ այս կ՛ըսեմ: Որովհետեւ 1990-ականներուն հայկական յատուկ ծառայութիւնները (Ատրպէյճանի մէջ) իրականացուցած են 32 ահաբեկչական գործողութիւն՝ պայթիւններ մեթրոյի, փոխադրակառքերու, լաստանաւերու եւ շոգեկառքերու մէջ։ Այդ զարհուրելի ահաբեկչական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 2000 ատրպէյճանցի բնակիչ»։
Այնուհետեւ Ալիեւ փորձեց ղարաբաղեան հակամարտութիւնը վերածել կրօնական պատերազմի՝ հայերը մեղադրելով «ատրպէյճանական ժողովուրդի եւ ամբողջ իսլամական աշխարհի նկատմամբ ատելութեան ծայրայեղ աստիճան»ի մէջ՝ մոռնալով, որ Հայաստան ու հայեր ամենաջերմ յարաբերութիւններ ունին իսլամական բազմաթիւ երկիրներու հետ։
Ալիեւ հերթական անգամ ստեց՝ պնդելով, որ Ատրպէյճան կատարած է «պատերազմէն ետք Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագրին բոլոր դրոյթները»։ Սակայն պատերազմէն երկու տարի անց, տասնեակ հայ ռազմագերիներ կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերը։ Ան նաեւ ստեց այն մասին, որ Հայաստան չ՛ապահովեր «Ատրպէյճանի անարգել մուտքը դէպի Նախիջեւան»։ Բայց Հայաստան բազմիցս յայտարարած է նման ճամբայ մը տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին, մինչդեռ Ատրպէյճանն է, որ չէ արձագանգած։
Ալիեւ եզրափակեց իր ելոյթը՝ յայտարարելով, որ իր «համբերութիւնը անսահմանափակ չէ» եւ սպառնաց, որ եթէ չստանայ այն, ինչ որ կը պահանջէ Հայաստանէն, «մեզի այլ տարբերակ չի մնար, քան գործել համապատասխանաբար»։
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ վարչապետ Փաշինեան՝ հակադարձելով Ալիեւի սուտերուն։ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումը կոչելով «չհրահրուած ռազմական յարձակում Հայաստանի դէմ»՝ Փաշինեան դատապարտեց ատրպէյճանցի զինուորականները ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ՝ Ժընեւի համաձայնութեան խախտումով հայ ռազմագերիները մահապատիժի ենթարկելով։
Փաշինեան նաեւ մեղադրեց Ատրպէյճանը «Հայաստանէն յաւելեալ տարածքներ գրաւելու» մտադրութեան համար։ Ան մեղադրեց «տարածաշրջանային ապահովութեան կազմակերպութիւններու (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) անբաւարար արձագանգը..., որ շատ սուր հարցեր յառաջացուցած է հայ հանրութեան շրջանակէն ներս»։ Ան հարցուց՝ արդեօք ՀԱՊԿ կը ճանչնա՞յ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն սահմանները։
Փաշինեան ըսաւ, որ Ատրպէյճան միայն հիմա կ՛ուզէ գիտնալ 1990ականներու ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին անհետ կորսուած ատրպէյճանցի զինուորներու ճակատագրին մասին՝ բացայայտելով, որ այդ պատերազմէն ետք կորսուած կը նկատուին 777, իսկ 2020ի պատերազմէն ետք՝ 217 հայեր։
Փաշինեան քննադատեց Ատրպէյճանը՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ համաձայնեցուած ճամբան կեղծօրէն «միջանցք» որակելու համար։ Ան ըսաւ, որ թէեւ 2020ի յայտարարութեան մէջ «յստակ կը յիշուի» Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Ատրպէյճան կը պնդէ, որ անիկա «գոյութիւն չունի»։
Փաշինեան պատասխանեց նաեւ Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, թէ Հայաստան ականապատած է ատրպէյճանական տարածքները, 2020ի պատերազմէն ետք։ Փաշինեան յայտարարեց, որ «նման ականապատում տեղի ունեցած է ամբողջութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ։ Եւ մեր իրաւունքն է ձեռնարկել ապահովական որոշ քայլերու՝ պաշտպանելու համար մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»։
Փաշինեան նաեւ հակադարձեց Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը կը կրէ կրօնական բնոյթ։ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի սերտ յարաբերութիւնները մահմետական բազմաթիւ երկիրներու հետ:
Փաշինեան հերքեց, որ Հայաստան յարձակում կազմակերպած է Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն վրայ, օտար երկիրներու մէջ։ Ո՞ւր են ապացոյցները, հարցուց ան։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Փաշինեան անգամ մը եւս խօսեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան իր անհիմն ակնկալիքներուն մասին՝ հաշուի առնելով Հայաստանի նկատմամբ անոնց շարունակական թշնամութիւնը։ Կարելի չէ խաղաղութիւն ձեռք բերել մէկ կողմէ, մինչ միւս կողմը կը փորձէ սպաննել քեզ:
Թշնամին, որ անընդհատ կը յարձակի վրադ եւ ատրճանակը կ՛ուղղէ գլխուդ, չի կրնար խաղաղութեան յուսալի գործընկեր նկատուիլ։
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան