Թուրք Քաղաքացի Մը Բանտարկուած Է՝ ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Տուեալները Թուրքիա Ուղարկելուն Համար


Թուրք Քաղաքացի Մը Բանտարկուած Է՝ ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Տուեալները Թուրքիա Ուղարկելուն Համար

  • 22-12-2022 14:40:49   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Յունիս 2021ին, յօդուած մը գրեցի թուրքի մը մասին, որ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ կը մեղադրուէր ԱՄՆ պաշտպանութեան արհեստագիտական տուեալները ապօրինի կերպով Թուրքիա ուղարկելու մէջ։ 53ամեայ Արիֆ Ուկուր անցեալ շաբաթ դատապարտուեցաւ 33 ամսուան ազատազրկման, այնուհետեւ՝ երկու տարի վերահսկուող ազատ արձակման:
 
2002էն սկսեալ ան ընդհատումներով ապրած է Մասաչուսեթց նահանգի Քեմպրիճ քաղաքը, իսկ 2005ին դարձած է Միացեալ Նահանգներու մնայուն բնակիչ:
 
Ուկուր ձերբակալուած է 2021ին եւ մեղադրուած. 1) Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա, առանց արտահանման արտօնագրի,  պաշտպանութեան արհեստագիտական տուալներ արտահանելու դաւադրութեամբ. 2) Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա, առանց արտահանման արտօնագրի, արհեստագիտական տուեալներ արտահանելու. եւ 3) պաշտպանութեան նախարարութենէն (ՊՆ)  կեղծարարութեամբ պայմանագրեր ձեռք բերելու ծրագրի մշակումով՝ ելեկտրոնային խարդախութեան համար:
 
2005ին, Ուկուր Մասաչուսեթցի մէջ հիմնած է սահմանափակ պատասխանատուութեամբ Anatolia Group ընկերութիւնը, որ ներկայացուած է իբրեւ  պաշտպանութեան նախարարութեան համար յատուկ սարքաւորումներ եւ մասեր արտադրող ու մատակարար: Ան եղած է ընկերութեան միակ սեփականատէրը։
 
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Ուկուրը պաշտօնապէս մեղադրած է  դաւադրութեան մէջ՝ պաշտպանութեան նախարարութեան ԱՄՆ զինուած ուժերու կողմէ օգտագործուող տարբեր մասեր եւ սարքաւորումներ մատակարարելու համար տասնեակ պայմանագրեր ձեռք բերելու մէջ։ Այդ պայմանագրերով կը պահանջուէր, որ մասերը արտադրուէին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ուկուր կեղծօրէն պնդած է, որ իր ընկերութիւնը կ՛արտադրէ այդ մասերը Միացեալ Նահանգներ գտնուող իր ձեռնարկութիւններուն մէջ, սակայն պարզուած է, որ Anatolia Group-ը կեղծ ընկերութիւն է, որ արտադրական յարմարութիւններ չունի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Փոխարէնը, ան մասերը արտադրած է Թուրքիոյ մէջ՝ խախտելով ԱՄՆ օրէնքները: Աւելին, արտասահման արտադրուած որոշ մասեր անորակ էին եւ չէին կրնար օգտագործուիլ նախատեսուած ռազմական նպատակներուն համար:
 
Թուրքիոյ մէջ արտադրողին Ուկուր ապօրինի կերպով տրամադրած է արհեստագիտական բնութագրեր եւ մասերու գծագրեր, զորս ան ձեռք բերած է Պաշտպանութեան  նիւթաարհեստագիտական գործակալութենէն (DLA): Գծագրերէն եւ բնութագրերէն քանի մը հատը կը պահանջէին արտահանման արտօնագիր, զոր Ուկուր չէր ստացած, թէեւ ան գրաւոր համաձայնած էր կատարել խիստ իրաւական պահանջները՝ չբացայայտել, չփոխանցել կամ չտրամադրել օտարերկրացիներուն պաշտպանական արհեստագիտական տուեալներ։ 13  Օգոստոս 2015ին, մասերու արհեստագիտական բնութագրերն ու գծագրերը ստանալէ ետք, Ուկուր Թուրքիոյ մէջ երեք անձերու տեղեկացուց, թէ ինչպէս կրնան մուտք գործել DLA-ի «Համագործակցութեան թղթապանակները» համացանցի միջոցով, ներառեալ ատոր «ռազմական կարեւոր արհեստագիտական տուեալներու» գրադարանը։
 
2016ին, Ուկուր ԱՄՆ կառավարութեան ըսաւ, որ մասերը արտադրուած են Anatolia-ի կողմէ Քենեթիքըթ նահանգի Միլֆորտ քաղաքը գտնուող Woodmont Road 90 հասցէով, բայց, իրականութեան մէջ, անոնք արտադրուած էին Թուրքիոյ մէջ: Երբ կառավարութիւնը պահանջեց ստուգել մասերը Միացեալ Նահանգներ գտնուող իր գործարանին մէջ, Ուկուր զանոնք ուղղակիօրէն յանձնեց Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ այդպիսով խուսափելով ստուգումներէ, իր կառոյցին մէջ: Աւելին, Պաշտպանութեան Նախարարը պարզեց, որ Ուկուրի մատակարարած մասերը չեն համապատասխաներ պայմանագրային բնութագրերուն: Հետեւաբար, ՊՆ մերժեց վճարել եւ անյաջող փորձ ըրաւ այդ մասերը վերադարձնելու անոր:
 
Ուկուր համանման խախտում մը թոյլ տուաւ 2016ին, երբ ելեկտրոնային փոսթով ԱՄՆ արհեստագիտական տուեալները  ուղարկեց Թուրքիոյ մէջ գործող AYPIK-ի պաշտօնեայի մը։ Դարձեալ արտադրուած մասերը չեն համապատասխանած պայմանագրային բնութագրերուն:
 
21 Յուլիս 2021ին, Պոսթընի մէջ ձերբակալուելէ ետք, Ուկուրի առաջադրուած է մեղադրանք՝ Թուրքիոյ մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներու պաշտպանական արհեստագիտական տուեալներու ապօրինի արտահանման  եւ ամերիկեան տարբեր ռազմական մասերու արտադրութեան խարդախութեան համար՝ խախտելով զէնքի արտահանման վերահսկման օրէնքը:
10 Օգոստոս 2022ին, Ուկուր ինքզինք մեղաւոր նկատեց  ելեկտրոնային կապի խարդախութեան համար (երկու անգամ), զէնքի արտահանման վերահսկման արարքի խախտման համար (երկու անգամ) եւ զէնքի արտահանման վերահսկման մասին օրէնքը խախտելու դաւադրութեան համար (մէկ անգամ):
 
Ուկուր «դիտաւորեալ խաբած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ թոյլ տուած է այլ մարդոց՝ մուտք գործել վերահսկուող պաշտպանական տեղեկատուութիւն, օտար երկրի մէջ (Թուրքիա), անձնական շահի համար»,  ըսած է Արդարադատութեան նախարարութեան Ազգային անվտանգութեան բաժնի գլխաւոր դատախազի օգնական Մեթիու Գ. Օլսէն: «Արտահանման վերահսկման մեր օրէնքներու այս տեսակ կոպիտ անտեսումը կը սպառնայ մեր ռազմական պատրաստուածութեան եւ արհեստագիտական առաւելութիւններուն եւ չի հանդուրժուիր այս գերատեսչութեան կողմէ»:
 
Թուրքիոյ մէջ քանի մը թերթեր եւ կայքեր  տեղեկացուցին Միացեալ Նահանգներու մէջ թուրք  քաղաքացիի մը բանտարկութեան մասին: Բայց, զարմանալիօրէն, անոնք իրենց յօդուածներուն մէջ Ուկուրի փոխարէն հրապարակեցին իմ լուսանկարս։
 
Հետագայ քննութեան արդիւնքը այն եղաւ, որ ես յայտնաբերեցի, որ Արիֆ Ուկուրի մասին յօդուած գրելէ մէկ տարի անց, Հայաստանի մէջ «Նոյեան Տապան» լրատուական գործակալութիւնը վերատպած է յօդուածս՝ աւելցնելով իմ լուսանկարը իր արխիւէն, ուր յստակ պատկերուած էր «Նոյեան Տապան»ի անունը՝ անգլերէն եւ հայերէն: Լուսանկարը առնուած է քանի մը տարի առաջ, երբ Հայաստան կատարած այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին մամլոյ ասուլիս մը տուած էի «Նոյեան Տապան»ի գրասենեակին մէջ։
 
Ամենայն հաւանականութեամբ, երբ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը մամուլի հաղորդագրութիւն տարածեց, որով յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանի կողմէ Ուկուրի դատավճիռը, թրքական լրատուական միջոցները ուզեցին հրապարակել անոր լուսանկարը յօդուածին մէջ։ Չգիտնալով, թէ ինչպիսի՛ տեսք ունի Ուկուր եւ համացանցի վրայ գտնելով «Նոյեան Տապան»ի կողմէ հրապարակուած Ուկուրի մասին իմ լուսանկարով յօդուածը՝ թրքական լրատուական միջոցները սխալմամբ ենթադրած են, որ այդ Ուկուրի լուսանկարն է։ Այսպէս, նկարս տպագրուեցաւ թրքական քանի մը թերթերու մէջ։
 
Ես մտադրութիւն չունիմ կապ հաստատելու թրքական լրատուական միջոցներու հետ, որպէսզի ըսեմ անոնց, որ Ուկուրի լուսանկարի փոխարէն հրապարակած են իմ լուսանկարը եւ խնդրեմ ուղղել իրենց սխալը։ Ես չեմ ուզեր ժամանակս վատնել, քանի որ չեմ հաւատար, որ թրքական լրատուական միջոցները երբեւիցէ կ՛արձագանգեն ելեկտրոնային նամակիս:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական