Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ. Յարութ Սասունեան


Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ. Յարութ Սասունեան

  • 17-05-2025 12:47:05   | Հայաստան  |  Քաղաքական

Հայերը յաճախ կը գանգատին, որ իրենք պառակտուած ազգ են` անճշդօրէն կարծելով, թէ միւս ժողովուրդները շատ աւելի միասնական են: Այս ըմբռնումը նման է պատկերին այն ընտանիքներուն, որոնք կը վիճին փակ դռներու ետին` ենթադրելով, որ իրենց դրացիները կ՛ապրին ներդաշնակութեան մէջ: Ասիկա` «Խոտը ցանկապատին միւս կողմը աւելի կանաչ է» արտայայտութեան դասական օրինակ է:

Սակայն, ներքին պառակտումներ կան ամէնուրեք, նաեւ՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Ատրպէյճանի բանտերը լեցուն են Ալիեւի վարչակազմին դէմ բողոքող ցուցարարներով եւ այլախոհներով: Միեւնոյն ատեն Թուրքիոյ մէջ միլիոնաւոր անձեր ողողեցին Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու փողոցները` իրենց զայրոյթը արտայայտելով մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութեան դէմ: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրամայած էր բանտարկել Իմամօղլուն` այն մտավախութեամբ, որ ան կրնայ լուրջ մրցակից ըլլալ յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն:

Հայերուն ամէնէն սխալ համոզումներէն մէկը այն է, որ հրեաները լիովին միասնական են: Իրականութեան մէջ իսրայէլական  կուսակցութիւնները խորապէս բեւեռացած են, իսկ մրցակից հրեայ-ամերիկեան կազմակերպութիւնները յաճախ իրարու կը հակադրուին: Տարիներ առաջ խմբագրականով մը ես արտայայտեցի իմ համոզումս հրէական միասնութեան վերաբերեալ՝ գանգատելով հայերուն անմիաբանութենէն, բայց իմ այդ մօտեցումս ուղղեց «Ճուիշ Հերիթէյճ» (Հրէական ժառանգութիւն) թերթի հրատարակիչ Հրպ Պրինը: Ան վիճարկեց, որ հրէական համայնքը ունի ներքին լուրջ հակասութիւններ, որոնց կարգին՝ ղեկավարներու միջեւ դատեր եւ բռնութեան դէպքեր: Վառ օրինակ է 1995-ին Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Իցհաք Ռապինի սպանութիւնը՝ ոչ թէ պաղեստինցիի, այլ իսրայէլացի հրեայի մը կողմէ:

Հրէական անմիաբանութեան ամէնէն ծայրայեղ դէպքը, թերեւս, տեղի ունեցաւ 2008-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ տասնեակ ծայրայեղ ուղղափառ ռապպիներ հանդիպում ունեցան Իրանի օրուան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ` ՄԱԿ-ի մէջ անոր կողմէ «սիոնական մարդասպանները» դատապարտելէ մէկ օր ետք միայն: Այս ռապպիները այն կարծիքին են, որ Իսրայէլի պետութիւնը պէտք է կործանի` համաձայն Թորայի, որ կ՛արգիլէ հրէական պետութեան ստեղծումը մինչեւ Մեսիային գալուստը: Անոնք նոյնիսկ կ՛աջակցին Պաղեստինի ինքնիշխանութեան՝ Սուրբ Երկրին վրայ։

Հանդիպման ընթացքին Իրանի նախագահը սիոնականութիւնը բնութագրեց իբրեւ քաղաքական շարժում մը, որ «կը ձգտի հարստութեան եւ իշխանութեան»՝ արտայայտելով իր փափաքը, որ՝ «Աստուծոյ կամքով՝ անիկա շուտով պիտի ոչնչացուի»: Խումբի աւագ ռապպի Մոշէ Պեր Պեք Ահմատինեժատին ըսաւ. «Մեզի համար շատ ուրախալի առիթ է ունենալ պատիւն ու առանձնաշնորհումը տեսակցելու նման նշանաւոր անձնաւորութեան մը հետ, որ կը հասկնայ տարբերութիւնը սիոնականութեան եւ յուդայականութեան միջեւ»: Մանհեթընի պանդոկին մէջ կայացած հանդիպումէն ետք Ահմատինեժատ լուսանկարուեցաւ ռապպիներուն հետ:

Թուրք ամերիկացիները եւս լուրջ պառակտումներու դէմ յանդիման են: Վերջերս մեծ վէճ մը ծագեցաւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին (ATAA) եւ Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Օնալի միջեւ: Թուրք-ամերիկեան մեծագոյն կազմակերպութիւնը` Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը ունի աւելի քան 50 մասնաճիւղեր ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը գումարէ տարեկան համաժողով եւ տօնախմբութիւն, որ «կը համախմբէ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին անդամները, թուրք ամերիկացիները, համայնքային ղեկավարներն ու մտաւորականները Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, Քանատայէն եւ Թուրքիայէն», ըստ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի կայքին:

Վիրճինիա նահանգի Արլինկթըն քաղաքի «Ուեսթին Քրիսթըլ» պանդոկին մէջ, 2-3 մայիս 2025-ին կայացաւ այս տարուան համաժողովն ու տօնախմբութիւնը, որուն յաջորդեց մայիսի 4-ի Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի ընդհանուր ժողովը: Մայիս 2-ի երեկոյեան ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ «Քափիթըլ հաուս»-ի շէնքի կրթութեան ենթայանձնաժողովի լսումներու սենեակին մէջ: Հանդիպումներէն մէկուն խորագիրն էր «Հայկական սփիւռքին հետ առնչուիլը. մարտահրաւէր մը, որուն դէմ յանդիման կանգնած են թուրք-ամերիկացիներ»։ Գլխաւոր բանախօսը Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի նախկին նախագահ (2011-13) եւ ներկայիս հոգաբարձու Էրկուն Գիրլիգովալին էր, որ նշանաւոր է իբրեւ Ցեղասպանութիւնը ժխտող: Տարիներ առաջ Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով յանձնաժողովին կողմէ կայացած լսումներուն ընթացքին ան սարսափելի մատնանշում մը կատարեց՝ ըսելով. «Եփրատ գետի ձուկերը կը թքէին հայկական աչքեր»:

Այս տարի ծագած լուրջ խնդիրը պառակտում յառաջացուց Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Օնալի եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին միջեւ, որ 19 մարտ 2025-ին հրապարակաւ յայտարարեց, թէ՝ «Խստօրէն կը դատապարտէ եւ կը բողոքէ Պոլսոյ քաղաքապետարանի ժողովրդավարական կերպով ընտրուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի անարդար կալանքին դէմ: Քաղաքական դրդապատճառներով այս գործողութիւնը ուղղակի յարձակում է ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ թուրք ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վրայ»:

Թուրք դեսպանները սովորաբար կը մասնակցին Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի տարեկան համաժողովին եւ հանդէս կու գան հիմնական ելոյթով: Սակայն, դեսպան Օնալը Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին կողմէ քաղաքապետ Իմամօղլուի ձերբակալութեան վերաբերեալ թրքական կառավարութեան քննադատութենէն ետք չեղեալ յայտարարեց համաժողովին իր մասնակցութիւնը։

19 ապրիլ 2025-ին Իպրահիմ Քուրթուլուսը, որ ինքզինք կը նկատէ թուրք «համայնքային գործիչ», դեսպան Օնալին ուղղուած նամակին մէջ ողջունեց Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի համաժողովէն անոր հեռացումը: Քուրթուլուս նաեւ քննադատեց համագումարը՝ «հակաթրքական տրամադրութիւն» որդեգրելուն եւ խթանելուն համար, որ պատճառ պիտի ըլլայ «միջազգային բնագաւառին մէջ Թուրքիոյ անօրինականացման»:

Քուրթուլուսի նամակին «Թրքական ֆորում»-ի կայքին մէջ տեղադրուելէն քանի մը օր ետք Մուրատ անունով այլ թուրք ամերիկացի մը՝ արտայայտելով իր անհամաձայնութիւնը Քուրթուլուսի, պատասխանեց «Թրքական ֆորում»-ին մէջ. «Ի՜նչ անհեթեթ նամակ: Դուք կը շփոթէք պետութեան ու երկրի շահերը միանձնեայ կառավարման շահերուն հետ, վարչակարգ մը, որ այլեւս լիարժէք ժողովրդավարական չէ եւ աւելի ու աւելի կը ճնշէ իր ժողովուրդին: Դեսպանը պարզապէս վերածուած է այս միանձնեայ կառավարման գործիքի` բնականաբար պառակտիչ քաղաքականութիւնը ընդարձակելով ովկիանոսէն անդին»։

Ամփոփելով պէտք է ըսել, որ հայերը ներքին պառակտումներու դէմ յանդիման կանգնելու առումով առանձին չեն։

Այնուամենայնիւ, նկատի ունենալով Հայաստանի դիմաց ծառացած գոյաբանական սպառնալիքները, միասնութիւնը ներկայիս աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ: Ինչպէս 17-րդ դարուն դիպուկ կերպով ըսած է Մարքօ Անթոնիօ տէ Տոմինիսը. «Էականի մէջ` միասնութիւն, անկարեւորին մէջ` ազատութիւն»:

 

 

  -   Քաղաքական