Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին այս շաբաթ կը վերաբանայ իր դռները


 

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին այս շաբաթ կը վերաբանայ իր դռները

  • 19-10-2011 17:56:31   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
«Մարմարա» Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին որ երկար տարիներէ ի վեր լքուած եւ ժամանակի աւերին դիմաց փլատակ վիճակ կը պարզէր, ներկայիս իր նախկին փառաւոր տեսքով հիմնական նորոգութեան ենթարկուած է եւ այս շաբաթ կը վերաբանայ իր դռները հայ ժողովուրդի պաշտամունքին առջեւ։ Շինարարները յայտնած են որ եկեղեցին այնքան ամուր ձեւով վերանորոգուած է որ կրնայ 40 տարի կանգուն մնալ, առանց նորոգութեան կարիքի։ Քաղաքէս եւ արտասահմանէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ բազմաթիւ հայեր, մասնաւորաբար Տիգրանակերտցիներ, մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցւոյ օծման եւ Ս. Պատարագի արարողութիւններուն։ Որպէս բարձրաստիճան հոգեւորականներ, արարողութիւններուն կը մասնակցին՝ քաղաքէս՝ բնիկ Տիգրանակերտցի՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, արտասահմանէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ամերիկայի Եկեղեցեաց Նախագահ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան, Հալէպի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Աւստրալիոյ Առաջնորդ Հայր Հայկազուն Նաճառեան, Տ. Տ. Գրիգոր, Պսակ, Կորիւն, Տրդատ, Զօհրապ եւ այլ քահանայ հայրեր եւ մօտաւորապէս 16-25 սարկաւագներ։ Արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերեն Եւրոմիութեան Աւագ բանագնաց Էկէմէն Պաղըշի ներկայացուցիչը, Շիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Յունաց Պատրիարքի ներկայացուցիչը եւ քոյր եկեղեցիներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Նախատեսուած է որ աւելի քան 1000 հոգի ներկայութիւն պիտի բերէ արարողութիւններուն. 600 հոգի Պոլիսէն, 48-50 հոգի Հալէպէն՝ Շահան Սրբազանի, 26-30 հոգի Ամերիկայէն Խաժակ Սրբազանի առաջնորդութեամբ։ Արտասահմանէն պիտի ժամանեն նաեւ բազմաթիւ բարերարներ, այս կարգին՝ Տեարք Ճիղէրճեան, Չէմպէրճեան եւ ուրիշներ։ 22 Հոկտեմբեր Շաբաթ օր եկեղեցւոյ օծումը պիտի կատարուի ժամը 16.30ին։ Հինգ եպիսկոպոսներ խորանին վրայ, պիտի օծեն եկեղեցւոյ հինգ խորանները։ 23 Հոկտեմբերին Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, ձեռամբ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին էրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն երգչախումբի 40 անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի, երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Երգչախումբը Տիգրանակերտ պիտի երթայ 22 Հոկտեմբեր Շաբաթ առաւօտ, եւ պիտի վերադառնայ 24 Հոկտեմբեր Երկուշաբթի։ Հոգեւորականներու երկրորդ խումբը, այս կարգին նաեւ արտասահմանէն հիւր սրբազանները, Տիգրանակերտ պիտի մեկնին 21 Հոկտեմբեր Ուրբաթ առաւօտ եւ պիտի վերադառնան 24 Հոկտեմբեր Երկուշաբթի։ Եկեղեցական արարողութիւններու զուգահեռ, Անատօլու Քիւլթիւրի հովանաւորութեան շրջագծով՝ գործարար Օսման Գավալա մշակութային ձեռնարկներ պիտի իրականացնէ։ Քաղաքէս Տիգրանակերտցի երգիչ՝ Պետրի Այսէլի, Լոս Անճէլըսէն ուտի Երուանդ, Հայաստանէն Գուրգէն Տապաղեան համերգներ պիտի սարքեն։ Տեղացի թուրքեր նկարչական ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպեն։ Իսկ 24 Հոկտեմբերին նախատեսուած է Տիգրանակերտցիներու հաւաքական մկրտութիւն կատարել, եթէ պայմանները թոյլատու ըլլան։ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ արարողութիւններու առիթով կազմակերպչական ծանր բեռը ստանձնած է, նախապատրաստական աշխատանքներու համար վաղը 20 Հոկտ. Հինգշաբթի, Տ. Գրիգոր, Տ. Գէորգ քահանաներու, Վաղարշակ եւ Լեւոն Սարկաւագներու հետ արդէն իսկ կը մեկնի Տիգրանակերտ։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը