Հռոմի Պապը պիտի հիւրընկալէ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը


Հռոմի Պապը պիտի հիւրընկալէ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը

  • 09-12-2011 15:34:28   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Աւստրիոյ կաթոլիկ մամլոյ գործակալութիւնը՝ «Քէթվէպ» կը հաղորդէ թէ յառաջիկայ Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, Հռոմի Քահանայապետը Բենեդիկտոս 16րդ, Վատիկանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ որ իր ընտրութենէն շաբաթներ վերջ Սերժ Սարգսեան Հայաստան այցելելու հրաւէր ղրկած էր Հռոմի Պապին։ Հրաւէրը յանձնուած էր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողոսի ձեռամբ, 2009ին Վատիկան տրուած այցելութեան ընթացքին։ «Մարմարա»
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը