«Պեպո»-ն օգնության հասավ 11ամյա Ալեքսին


«Պեպո»-ն օգնության հասավ 11ամյա Ալեքսին

  • 20-12-2011 17:36:33   | Ֆրանսիա  |  Մշակույթ
Թիֆլիսի Դրամատիկական թատրոնը ելոյթ ունեցաւ Նոյեմբեր 17ին, Փարիզի 9րդ թաղամասի քաղաքապետարանի Ռոսինի սրահին մէջ։ Զարմանալի զուգադիպութիւններու թուական էր Նոյեմբեր 17ը։ Հրաւիրուած էր Թիֆլիսի հայկական թատերախումբը ներկայացնելու՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անմոռանալի «Պեպօ» թատերախաղը։ Նոյն օրը, Պոժոլէ Նուվոյի շուկայ դրուած առաջին երեկոն էր, փողոցները, սրճարանները՝ լեցուն, կարմիր թարմ հեղուկը ըմպելու ցանկութիւնով տարուած։ Նոյն օրը, արդէն սկսած է հայութեան համար կենսական հանգանակութեան արշաւ մը՝ Ֆրանսայի Հիմնադրամինը։ Այսուհանդերձ, 120 հոգի փութացած էին դիտելու Սունդուկեանի հիանալի թատերգութիւնը՝ «Պեպօ»ն։ Ինչո՞ւ «Պեպօ»ն։ Ինչո՞ւ Թիֆլիսէն թատերախումբ մը, եւ ոչ՝ Հայաստանէն։ Ինչո՞ւ ոչ՝ Երեւանի «Սունդուկեան» պետական թատրոնը։ Այս բոլորը մէկ պատասխան ունին՝ մարդասիրական օգնութիւն։ Արդարեւ, թիֆլիսցի 11ամեայ Ալեքս, արդէն երկու տարի է կը գտնուի Փարիզ, բուժման համար։ 2009ին ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, կը կորսնցնէ իր մայրը եւ ինք ծանրօրէն կը վիրաւորուի՝ վիզին երկրորդ եւ երրորդ ողները կը վնասուին։ Փարիզ կը կազմուի Ալեքսի Բարեկամներու ընկերակցութիւն մը։ Զինք կը փոխադրեն Ֆրանսա, բժշկական գործողութեան կ?ենթարկուի։ Երկու տարի է մնայուն խնամքի տակ է, դեռ անկարող է շարժելու եւ սնունդ կը ստանայ կոկորդէն։ Բժշկական ծախսերը կը հոգան Ֆրանսայի պետութիւնը, սակայն կեցութիւն, տան վարձք, տնային խնամք, հոգածութիւն կը բարձուի հօր եւ ընտանեկան պարագաներուն վրայ։ «Վերագտնուած Երջանկութիւն» բարեսիրական ընկերակցութիւնը կ?որոշէ օգնութեան ձեռք մեկնել կարօտեալ ընտանիքին, կազմակերպելով Թիֆլիսի հայկական Դրամատիկական թատրոնի այցը Փարիզ՝ ներկայացնելու համար Սունդուկեանի «Պեպօ»ն։ Վրաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը կը մասնակցի այս միջոցառման կազմակերպութեան՝ յանձն առնելով թատերախումբին ճամբու ծախսը։ «Ալեքսի Բարեկամենրը» կը կազմակերպեն կեցութիւնը եւ սնունդը։ Փարիզի 9րդ թաղամասի քաղաքապետարանը անվճար կը տրամադրէ սրահը։ Այս երեկոյթին ներկայ գտնուողներուն համար երեւոյթը կրկնակի հետաքրքրական էր։ Նախ՝ մասնակցիլ մարդասիրական գործի մը, ուրիշի մը օգտակար ըլլալ։ Երկրորդ, վայելել թատերական ներկայացում՝ «Պեպօ»ն։ Նոյնիսկ եթէ բեմական պայմանները պատշաճ չէին թատերական ներկայացման համար։ Նոյնիսկ իր կրճատուած վիճակին մէջ, Սունդուկեան թատերագիրը կը մնայ գերազանց։ «Պեպօ»ն առաջին հայեացքով կրնար թուալ հնամաշ, խեղճուկ։ Ո՜չ, ընդհակառակը՝ նիւթը բոլորովին այժմէական է. դրամ փոխ տալով, կողոպտուելու վիճակ։ Ներկայի դրամատուներու մանրատիպը, հայկական Թիֆլիսի մէջ։ Թիֆլիսի բարբառը ունի իր ինքնուրոյն համը, անուշութիւնը։ Խաղին թատերայնութիւնը սքանչելի է։ Իսկ թատերական ներկայացումները հազուագիւտ կը դառնան Փարիզի մէջ։ Թիֆլիսի Դրամատիկականի ներկայութիւնը հայկական շունչ մը բերաւ. նոյնիսկ կաթիլ մը ջուր անապատային թատերական ծարաւին՝ մեծ մխիթարանք է։ Եւ այս ամբողջ աշխատանքին հասոյթը եղաւ 1500 եւրօ։ Հայկական աշխարհը, հայկական կազմակերպութիւնները, Հայաստանը, եկեղեցին, թերթերը, ամբողջ տարին նուիրատւութեան, հանգանակութեան կոչեր կ?ընեն։ Նոյնն է պարագան միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Կարմիր Խաչ, Առանց Սահմանի Բժիշկներ, ԻՒՆԻՍԷՖ, Քաղցկեղ, Սիտա, … Գութն ու խիղճը կը շարժեն մարդ արարածին, մարդասիրութեան, մարդկայնութեան զգացումները կը դրդեն։ Ծնունդի ու Նոր Տարուան առթիւ անոնք որոնք կը ցանկան օգնել Ալեքսին կրնան իրենց նուիրատըւութիւնները յղել հետեւեալ հասցէին՝ «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ