Դեկտեմբերի 5-ին տեղի ունեցավ ARMENIACA ցուցահանդեսի բացումը


Դեկտեմբերի 5-ին տեղի ունեցավ ARMENIACA ցուցահանդեսի բացումը

  • 20-12-2011 17:40:55   | Ֆրանսիա  |  Մշակույթ
Երեւանէն, Վենետիկէն եւ Միլանոյէն ետք, «Հայկական ճարտարապետութեան ժառանգութիւններու ուսումնասիրութեան ռահվիրաները» ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 5ին, Պրիւքսէլի մէջ: Այս ցուցահանդէսը արդիւնքն է Արմէնիաքա եւրոպական ծրագրին, որ նուիրուած է հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան դիւաններու պահպանման, թուայնացման եւ վերարժեւորման: Այս ծրագիրը ընտրուեցաւ Եւրոպական Յանձնաժողովին կողմէ եւ անոր զօրակցութիւնը վայելեց, «Մշակոյթ 2007-2013» ծրագրի ծիրէն ներս: Այս առթիւ, կայքէջ մըն ալ դրուած է հանրութեան տրամադրութեան ներքեւ, որու հասցէն է www.armeniaca.eu: Այս ցուցահանդէսին նախաձեռնողն է ՀԲԸՄ Եւրոպա, որ Արմէնիաքա ծրագրի համակարգողն է. գործակցած են Իտալիոյ Հայկական Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Դիւանային Կեդրոնը (CSDCA Italie), Հայկական Ճարտարապետութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը (RAA) եւ Ինսայտ Եուրոփ կազմակերպութիւնը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունուար 7, Պրիւքսէլի «Tours et Taxis» կեդրոնի գլխաւոր դահլիճին մէջ: Բացումը կատարուեցաւ շուրջ 300 այցելուներու, ՀԲԸՄ Եւրոպայի ընդհանուր քարտուղարուհի Սոնա Ադամեանի եւ գանձապահ՝ Միշէլ Սապակի ներկայութեան: Տեղի ունեցան շարք մը ելոյթներ: ՀԲԸՄ Եւրոպայի վերակացու Նիքոլա Դաւիթեան ընդգծեց հայկական ճարտարապետութեան անգնահատելի հարստութիւնը, բայց նաեւ անոր աշխարհագրական եզակի դիրքը, քանի որ ան ցրուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչ որ անոր պահպանումն ու հետազօտութիւնը կը դարձնէ այլապէս դժուար: Լուվէնի Կաթոլիկ համալսարանի դասատու Պերնար Գուլի, որ հայկական աշխարհի պելճիքացի լաւագոյն մասնագէտն է, շեշտը դրաւ հայկական ճարտարապետութեան կարեւորութեան վրայ. արդարեւ, ան վաղ ժամանակներէ սկսեալ օգտագործած է ձեւեր եւ թէքնիքներ որոնք աւելի ուշ իւրացուած են քրիստոնեայ ճարտարապետութեան կողմէ, նաեւ Եւրոպա: Ան անդրադարձաւ այն սպառնալիքներուն, որոնց ենթակայ են պատմական կոթողները, շեշտը դնելով յատկապէս լքման սպառնալիքին վրայ, ինչ որ այդ կոթողները կը դարձնէ ժամանակի եւ մարդոց պատճառած վնասներուն նկատմամբ խոցելի. ան ոչ նուազ կարեւոր սպառնալիք համարեց աղաւաղող վերանորոգումները: Պատմաբան եւ Արմէնիաքա ծրագրի համակարգող Յարութիւն Գէորգեան, Հ. Բ. Ը. Միութեան անունով, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Արմէնիքա ծրագիրը, ինչպէս նաեւ հայկական ճարտարապետութեան առընչուող լուսանկարներու եւ փաստագրութիւններու դիւանային տուեալներու նոր շտեմարանը: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ հաւաքածոներ, հետազօտող ու ճարտարապետ դէմքեր, որոնք վերջին տասնամեակներուն վիթխարի աշխատանք տարած են հայկական ճարտարապետութեան վտանգուած կոթողները յայտնեաբերելու համար: CSDCA-ի փորձագէտ եւ այս ցուցահանդէսին վարիչը՝ Գայեանէ Գազնաթի, լուսանկարներու ընկերակցութեամբ ներկայացուց հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան ռահվիրաները: Ըսաւ, թէ անոնց կատարած աշխատանքին շնորհիւ այսօր կարելի է նախատեսել եւ յուսալ Եւրոպայի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մեծարժէք հարիւրաւոր կոթողներու պաշտպանութեան ու վերանորոգման գործը: Երեկոյթը փակուեցաւ «Եւրոպայի հայկական ժառանգութիւնը» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ: Այս եզակի փաստագրականը նուիրուած է Արեւելեան Եւրոպայի հայկական ճարտարապետական հարստութիւններուն: Նկարահանուած է «Վերածնունդ» Հիմնարկին կողմէ (Ուքրանիա): Ան առաջին անգամ ըլլալով կը պատկերասփռուէր Պելճիքայի մէջ: Հ.Բ.Ը.Մ. ԵՒՐՈՊԱ «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play