Աբօ Պողիկեան. Ցուցակէն անդին


Աբօ Պողիկեան. Ցուցակէն անդին

  • 24-03-2012 19:40:43   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
Ընտրական ցուցակները հրապարակուելէ ետք հայաստանեան մամուլը կեդրոնացաւ անոնցմէ դուրս մնացածներու կամ ետեւի դիրքերուն արժանացածներու վրայ, զգայացունց վիճակներ գտնելու ջանադրութեամբ: Իշխող կուսակցութեան պարագային, ցանկէն դժգոհ մնացած անդամներ վստահաբար կան, սակայն անոնք դժուար թէ համարձակին արտայայտելու իրենց բողոքը՝ պատժուելէ վախնալով: Պատիժը այս պարագային կրնայ տարբեր ձեւերով արտայայտուիլ, բոլորը՝ տնտեսական հետեւանքներով. յանկարծ կրնան անոնք հարկային տեսչութեան ուշադրութեան արժանանալ, կրնան կորսնցնել պետական պաշտօն, պետական պայմանագիրներ եւ այլն: Ընդդիմադիր կուսակցութեանց պարագային, ցանկէն դուրս մնացողները կը գտնուին իրենց համոզումներուն ամրութիւնը քննութեան դնելու հարկադրանքին առջեւ: Այստեղ է, ուր կը կատարուին բիւրեղացումներ, ու պատեհապաշտները իրենց ակնկալութիւնները իրականացնելու համար, նոր միջավայրեր, նոր կուսակցութիւններ փնտռելու կ՛ելլեն, առանց խպնելու ու անյարմար զգալու: Այս տեսակի գործիչները նոյնիսկ կրնան գրկաբաց ընդունուիլ մրցակից մէկ այլ կուսակցութեան կողմէ: Գաղափարական խորք չունեցող կուսակցութիւններու փաղանգի մը գոյութիւնն է, որ այս երեւոյթը սովորական կը դարձնէ ամէն խորհրդարանական ընտրութեան նախօրէին: Սակայն, ասիկա միակ պատճառը չէ: Փաստը այն է, որ հարուստ պատմութիւն ունեցող ու դաւանանքի տէր կուսակցութիւններ ալ զերծ չեն մնացած այսօրինակ դառն փորձառութիւններէ, երբ անոնց ղեկին հասած մարդիկ, հերթափոխութեան տրամաբանութիւնը մերժելով՝ նախընտրած են հրաժարիլ, կամ աւելի վատը՝ երկփեղկել իրենց որդեգրած կազմակերպութիւնը: Երանի թէ այս պատկերը արդիւնք ըլլար քաղաքական հայեացքներու կազմաւորման տագնապին կամ գաղափարական հարցադրումներու խռովքին: Դժբախտաբար, այդպէս չէ, այլ՝ ընկերային այլասերած սովորութեան մը ախտանիշը, որմէ ձերբազատուիլը երկրի քաղաքական միջավայրի առողջացման դարմանը կրնայ ըլլալ: ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ «Ասպարեզ» թերթի խմբագիր
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play