Շահան Գանտահարյան. Անկարա – Տրիպոլի աշխույժ եռուզեռը եւ բախումնային պատկերը


Շահան Գանտահարյան. Անկարա – Տրիպոլի աշխույժ եռուզեռը եւ բախումնային պատկերը

  • 16-05-2012 11:22:11   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն ծայր առած բախումները հերթական անգամ մթագնած են լիբանանեան համապատկերը: Միջազգային լրատուամիջոցներուն հրապարակած լրատուութիւնները թէ պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ անվերջ պատկերասփռուող նկարահանումները պատերազմական ընդհանուր իրավիճակի տպաւորութիւնը կը փոխանցեն յատկապէս արտալիբանանեան միջավայրերէ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողներուն մօտ: Տրուած ըլլալով, որ արդէն արմատաւորուած կարծրատիպեր գոյութիւն ունին այս ուղղութեամբ, ուրեմն կը համատարածուի Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ թերահաւատութիւնը, Թրիփոլիի կայծերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին հասցնելու եւ կացութեան համընդհանուր բռնկումի վախի ահագնացումը: Մինչ լիբանանեան իրաւապահ ուժերն ու բանակը կը փորձեն հակակշիռ բանեցնել ամբողջ շրջանին վրայ, բախումները ժամանակաւոր դադարներէ ետք կը վերսկսին տեղւոյն զինեալներուն եւ լիբանանեան օրինական ուժերուն միջեւ: Լրատուական մեկնաբանութիւնները կը զարգանան անշուշտ: Անոնցմէ անմասն չի մնար միջազգային մամուլը: Աւելի ճիշդը` կը հունաւորէ միջազգային հանրային կարծիքը, շեշտելու համար, որ միջադէպերը կը հրահրուին դրացի Սուրիոյ կողմէ: Մեկնաբանութիւնները կը հասնին հոն, ուր կը նկատուի ենթահողի ձեւաւորման փորձ` արտաքին ուժերու միջամտութեան: Տարաբնոյթ լրատուական այս տարաձայնութիւնները ունին անշուշտ իրենց շարժառիթներն ու տեղեկատուական քաղաքականութիւնը: Լրատուական այս տարատեսակութիւնը սակայն, զանց կ՛առնէ ենթադրեալ այլ տեսութիւն մը: Եթէ արտաքին ուժերու մասին է խօսքը, հիւսիսային Լիբանանը ամէնէն շատ Անգարայի կողմէ թիրախաւորուած շրջանն է թափանցումի քաղաքականութիւն իրականացնելու համար: Թրքախօս ազգաբնակչութիւնը, կրթական, մշակութային եւ առողջապահական ոլորտներու մէջ իրականացուած ծրագիրները, ակներեւօրէն պատրուակային շղարշներ էին եւ ե՛ն այլ ծրագիրներ իրականացնելու համար: Լիբանանի շրջաններէն ամէնէն շատ հիւսիսային կողմն էր, որ աշխատանքային թիրախ էր Անգարայի վարիչներուն համար, որոնց յաճախակի այցելութիւնները (երբեմն պաշտօնական անձնաւորութեանց թիկնապահներու եւ տեղւոյն բնակիչներու միջեւ բախումներով յատկանշուած) կը բացատրուէին դպրոցներու հիմնարկէքներու, դարմանատուներու եւ հանրային պարտէզներու բացման արարողութիւններով: Դէպքերը ունին իրենց հետեւողական տրամաբանութիւնը: Շատ ժամանակ չէ անցած Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հարցերու բարձրաստիճան պաշտօնատարին հիւսիսային Լիբանան այցելութենէն: Պատահական չէր նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական-հասարակական դաշտին իրազեկ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպանն էր, որ կը կոչուէր այդ պաշտօնին հազիւ դեսպանի պաշտօնը ձգած: Յետոյ, կու գար հիւսիսային Լիբանան, առանց այս անգամ լիբանանեան պատկան նախարարութիւնը տեղեակ պահելու` մասնակցելու «հանրային պարտէզ»-ի պաշտօնական բացումին: Հանրային պարտէզի առեղծուածը թերեւս կարելի է մեկնաբանել հիւսիսային Լիբանանի վերջին դէպքերով, եթէ անշուշտ հետեւինք արտալիբանանեան ուժերու հրահրիչ գործողութիւններու քաղաքական տեսաբանութեան: Չմոռնանք, որ արտակարգ մերձեցումը` Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ, որքան սուղ արժեց եւ կը շարունակէ արժել Սուրիոյ: Մերձեցումի արտակարգ տարողութիւն կը նկատուի նաեւ Պէյրութ-Անգարա գիծին վրայ, ատկէ առաջ եւ անոր զուգահեռ հիւսիսային Լիբանան – Անգարա գիծին վրայ: Քաղաքական մեկնաբանութիւններու հրապարակը բաց է եւ վերլուծումներու տարատեսակութիւնը յագեցած է այս պարագային: Առնուազն մտահան պէտք չէ ընել եւ կամ աւելի ճիշդը` խնամքով անուշադրութեան պէտք չէ մատնել թրքական գործօնի հրահրիչ բնոյթի վարկածը: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play