Հայ արվեստագետները Փարիզում


Հայ արվեստագետները Փարիզում

  • 02-06-2012 13:53:00   | Ֆրանսիա  |  Մշակույթ
ՏԻԱՍՓՕ-ԱՐԹ* «Անաքօ» տափանաւը, երրորդ տարին ըլլալով Փարիզ, Սէնի ջուրերուն վրայ կը հիւրընկալէ հայ 13 արուեստագէտներ, որոնք փափաքեցան միասնաբար ներկայացնել իրենց նոր ստեղծագործութիւնները: Հետաքրքրական եւ յուզիչ երեւոյթներ մէկտեղուած են այս ցուցահանդէսին մէջ: Հետաքրքրականը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայաստանէն արուեստագէտներ՝ Ալպէր Յակոբեան եւ Մարին Տիլանեան, ինչպէս նաեւ միջերկրականեան ափերէն՝ Տարիա Հատիչեան փափաքեցան իրենց գործերը ներկայացնել: Տարիայի գործերը մեզ կը տանին Փարիզէն շա՜տ հեռու, կարելի է ըսել դէպի անջրպետ. անոնք «Անաքօ» տափանաւը կը վերածեն հրթիռի մը որ կը խոյանայ երկնքին մէջ, մեր բոլորը փոխադրելով դէպի անյայտ աստղեր… Ինչ կը վերաբերի յուզիչներուն… Այս տարի բացականերուն մէջ է անձ մը, որ կը կոչուէր Սեւան Տէմիրճեան: Ան, Տիասփօ-Արթի առաջին քայլերուն մէջ մեծապէս օգնած էր ինծի, ինչպէս օրինակ՝ «լոկօ»ին ստեղծումով, Վերժին Քերովբեանին հետ երեքով՝ տարբեր ոճերէ արուեստագէտներու որոնումով: Սեւանը բացակայ է այլեւս, բայց այս ցուցահանդէսով, ան պիտի տեսնէ աստղերուն վրայէն, իր փայլուն նայուածքով, որ Լոյս Քաղաք Փարիզի մէջ, այն կրակը որուն բոցավառման ինք ալ մասնակից դարձաւ, կը շարունակէ վառիլ… Այս ցուցահանդէսին պաշտօնական բացման օրը պիտի ցուցադրուի կարճ ժապաւէն մը, որու դերերը կը կատարեն նոյնինքն՝ արուեստագէտները: Ժապաւէնը որ կը կրէ «Diaspo’boat» տիտղոսը, այսինքն՝ «Սփիւռքանաւ», պատրաստուած է Ֆլօրան Գոլանճեանի կողմէ: Ունեցած ենք շա՜տ ու շատ նաւեր… անցեալի՜ն: Ունեցած ենք նոյնիսկ Նոյեան տապան, հանգչած՝ Արարատի գագաթին: Այսօր աւելի համեստ պայմաններու մէջ, բախտն ունինք Փարիզի նման քաղաքի մը մէջ՝ «Անաքո»յի պէս տափանաւ մը ունենալու… փոքրիկ, սիրուն, ու այնքա՜ն տաք շունչով մեզ հիւրընկալող: Ան դեռ մեզ պիտի տանի շա՜տ ու շատ երազական, անմոռանալի, յուզիչ ճամբորդութիւններու… Այս երրորդ Տիասփո?Արթին կը մասնակցին Հայաստանէն՝ Ալպէր Յակոբեան, Մարին Տիլանեան, Լիբանանէն՝ Տարիա Հատիչեան, Ֆրանսայէն՝ Հրաչ Արպաշ, Քրիսթիան Յակոբեան, Լօրան Նիսու, Գլօտ Պելանժէ, Տիպասար, Մարգարամ Հայրապետեան, Ֆլօրան Գոլանճեան, Փարիս, Ալեքսի Բազումեան եւ Վաչէ Տէմիրճեան: ՎԱՉԷ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play