ԲԱԽՏԱՒՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ՝ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ


ԲԱԽՏԱՒՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ՝ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

  • 05-07-2012 07:16:34   | Սիրիա  |  Վերլուծություն

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Ա. Ճիշդ 41 տարի առաջ՝ 1971 Յունիս 17ին, Արարատեան դաշտի իր ծննդավայր գիւղէն դէպի Երեւան երկարող ճանապարհին վրայ առեղծուածային «աւտօ-վթար»ի մը զոհ կ?երթար բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ։ 47 տարեկան էր տակաւին, բայց արդէն տէր՝ քերթողական պատկառելի ու մեծարժէք վաստակի մը։ Ցնցիչ ու անհաւատալի կորուստ մըն էր այս, որուն դիմաց ահաբեկ՝ պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատ իրեն յատուկ արտասովոր ոճով պիտի գրէր. Պարոյր մանչս երկուքս ալ Նոյն տարիքը ունէինք − Հիմա ես կամ − դուն չկաս − Եղա՞ւ ասիկա Պարոյր մանչս քանի որ Նոյն տարիքը ունէինք − Մանուկ էինք երկուքս ալ − Խաղը կիսատ թողուցիր − Չեղաւ ասիկա Իր կանխահաս մահուան ի լուր՝ ըսուեցաւ ու միշտ պիտի ըսուի, թէ ԱՆԲԱԽՏ ՄԱՐԴ մըն էր Պարոյր Սեւակ։ Միեւնոյն ատեն սակայն, իր անունին շուրջ ստեղծուած ժողովրդային անմաշելի համակրանքին ու իր գրականութեան վայելած մշտարթուն հետաքրքրութեան դիմաց՝ կրնա՛նք ըսել, թէ ան ԲԱԽՏԱՒՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ մը եղաւ։ Իր մահուան թուականէն ասդին, անցնող սա չորս տասնամեակներուն, Պարոյր Սեւակի անունը միշտ բարձրագոչ ու գոռ հնչեց Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները։ Հայ ժողովուրդը երբեք չմոռցաւ զինք։ Իր գործերը տեւաբար ու անձանձրոյթ արտասանուեցան թէ՛ դպրոցական հանդէսներու բեմերէն, թէ՛ մշակութային-գեղարուեստական բարձրորակ ձեռնարկներու յայտագիրներուն մէջ։ Իր անձին ու գրականութեան մասին գրուեցան ու դեռ կը գրուին բազմահարիւր յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, վերլուծականներ։ Այսօր, եթէ կարելիութիւնն ունենայինք ի մի բերելու իր անունով տպուած կամ վերատպուած բոլոր գիրքերն ու յօդուածները, իր մասին գրի առնուած անհամար յուշագրութիւններն ու վկայութիւնները, մենագրութիւնները, իր հատորներուն մասին ստորագրուած գրախօսականները, հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականներու կողմէ իրեն ձօնուած տարաբնոյթ գրութիւնները, իր գործերուն օտարալեզու թարգմանութիւնները, վստահաբար պիտի կազմուէր առանձին գրադարան մը՝ ճոխ, գունագեղ ու հետաքրքրական։ Այո՛, բախտաւոր բանաստեղծ մը եղաւ Պարոյր Սեւակ։ *** Սեւակի դառնաղէտ մահուան 40ամեակը, անցեալ տարի (2011), աննկատ չանցաւ։ Դէս ու դէն երեւցան զինք ոգեկոչող յօդուածներ, սարքուեցան յիշատակի ձեռնարկներ։ Բայց այս բոլորին մէջ ամենէն ուշագրաւ երեւոյթը հանդիսացաւ բանաստեղծին «Անլռելի զանգակատուն» պոէմին ամբողջական նոր մէկ վերահրատարակութիւնը Հալէպի մէջ (առաջին անգամ ըլլալով), «Կիլիկիա» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ։ Անմիջապէս նկատել տանք, թէ «Զանգակատուն»ը Սեւակի ամենէն աւելի սիրուած գործը կը մնայ, նոյնիսկ եթէ աւելի ուշ գրուած «Եղիցի լոյս» քերթողագիրքը գրականագէտներու կողմէ նկատուի բանաստեղծին գլուխ-գործոցը։ «Զանգակատուն»ը, ինչպէս ծանօթ է, Կոմիտասի կեանքին դրուագներուն վրայ հիւսուած բանաստեղծական երկարաշունչ ստեղծագործութիւն մըն է, «Համազանգ»երու եւ «Ղօղանջ»ներու 7000 տողնոց սիմֆոնի մը, լայն կտաւի վրայ բանուած գրական սքանչելի ժանեակ մը, որ այլեւս անխախտ տեղ մը կը գրաւէ հայ գրականութեան դասական երկերու շարքին մէջ։ Սեւակ զայն գրի առած էր 1957 Սեպտեմբերէն մինչեւ 1958 Նոյեմբեր երկարող 14 ամիսներու ընթացքին, Մոսկուայի մէջ, ուր եկեր կայք հաստատեր էր քանի մը տարի առաջ՝ ուսանող դառնալու համար «Մաքսիմ Կորքի» գրականութեան հիմնարկին։ Ի դէպ, մոսկովեան քառամեայ ուսումնառութեան աւարտին, ան դասախօս կը նշանակուէր միեւնոյն հիմնարկի գեղարուեստական թարգմանութեան ամպիոնին մէջ։ Այդ տարիները շատ բեղմնաւոր պիտի ըլլային իրեն համար. «Զանգակատուն»էն զատ, պիտի գրէր «Նորից քեզ հետ»ը, «Մարդը ափի մէջ»ը։ Բանաստեղծութեան մուսան փարած էր կարծէք իր օձիքին…։ «Անլռելի զանգակատուն»ին անդրանիկ հրատարակութիւնը կը կրէ 1959 թուականը (Երեւան, Հայպետհրատ, 266 էջ, տպաքանակ՝ 3000)։ Տեղեկութիւններ կան այն մասին, թէ հրատարակուած այս գործը պաշտօնական որոշ շրջանակներու վերապահութեան հանդիպելով՝ փականքի տակ առնուեր էր պահ մը, խափանուեր էր անոր ցրւումը…։ Այնուամենայնիւ, գործը աննախադէպ ընկալում գտած էր ընթերցողներէն։ Հայաստանի հետեւողութեամբ՝ Սփիւռքի մէջ եւս «Զանգակատուն»ը լայն արձագանգներ թողած էր ի սկզբանէ։ Երանելի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ սփիւռքահայ որակեալ գրական թերթեր ու հանդէսներ կը յաջողէին գրասէր կամ մշակութասէր մարդոց բազմութիւններ ստեղծել իրենց շուրջ, Խորհ. Հայաստանէն հասնող նորարար ու զարտուղի որեւէ գործ՝ անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէր, վիճարկումի նիւթ կը դառնար, կը կարդացուէ՛ր։ Ասոր լաւագոյն օրինակն էր «Զանգակատուն»ի պէյրութեան անդրանիկ հրատարակութիւնը՝ 1963ին, Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւան» հրատարակչատան կողմէ։ Նոյն տարին, գործը տպագրուած էր նաեւ Թեհրանի մէջ (տպ.՝ «Ալիք»)։ Յաջորդող տարիներուն, Սեւակ որոշ յաւելումներ, յապաւումներ կամ բարեփոխումներ կատարեց «Զանգակատուն»ի ճարտարապետական կառոյցին մէջ, բերաւ զայն իր վերջնական կատարելատիպ ձեւին։ Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութիւնը զայն տպագրեց իր վերամշակեալ նոր տարբերակով՝ 1966ին։ Շուտով, գործը արժանացաւ պետական մրցանակի ալ։ Այլ խօսքով՝ տակաւին կարճ ժամանակ առաջ խէթ աչքով դիտուող երկը հիմա յաղթանակի ոսկեզօծ դափնիի մը կը վերածուէր հեղինակին գլխուն...։ Այս շքեղ ու բարձրորակ հրատարակութիւնը կը բաղկանար 272 էջէ ու նկարազարդուած էր Գրիգոր Խանճեանի տպաւորիչ գծապատկերներով։ Պարոյր Սեւակ բախտաւո՜ր բանաստեղծ էր…։ *** «Անլռելի զանգակատուն»ի հալէպեան նորագոյն հրատարակութիւնը մեզի կը ներկայանայ փոքրակազմ սիրուն գիրքի մը ձեւով, ուր դա՛րձեալ կը տողանցեն Գրիգոր Խանճեանի (1926-2000) այնքան ծանօթ սեւ-ճերմակ գծապատկերները։ Գիրքին կողքը սակայն գունաւոր է ու կը պատկերացնէ պոէմին հերոսը՝ Կոմիտասը, իր սպիտակ պարեգօտով։ Թիֆլիսաբնակ յայտնի գեղանկարիչ ու Լազարեան Ճեմարանի երբեմնի սան Եղիշէ Թադէոսեանի (1870-1936) վերջին կտաւներէն մին է այս, որ կը կրէ 1935 թուականը։ Գիրքը կը բաղկանայ 320 էջէ։ «Փոխան յառաջաբանի»՝ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնուած են երկու հոյակապ գրութիւններ, որոնք կը կրեն 1971 թուականը ու կը պատկանին այդ ժամանակաշրջանի լիբանանահայ գրականութեան երկու երախտաշատ դէմքերուն,- Անդրանիկ Ծառուկեանին ու Սիմոն Սիմոնեանին։ Գրութիւններէն մին լոյս տեսած է Պէյրութի երբեմնի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, իսկ միւսը՝ անոր մրցակից-պաշտօնակից «Սփիւռք»ի մէջ։ Անշուշտ, երկու յօդուածներն ալ հրատարակուած են Պարոյրին մահուան անմիջական վաղորդայնին, ու ինչ որ ամենէն կարեւորն է՝ տիրական ոճով մը կ?արժեւորեն բանաստեղծին տաղանդն ու գրական բերքը, ուղղակի խթանելով ընթերցողը՝ որ անմիջապէս ձեռնարկէ գիրքին ընթերցումին…։ Այս հրահանգիչ գրութիւններէն մէջբերենք քանի մը հատուածներ.- Ծառուկեան կը գրէ. − Ոչ ոքի արժանիքէն բան պակսեցուցած կ?ըլլանք, երբ ըսենք թէ Չարենցէն ետք յայտնուող ամենէն ուժեղ խառնուածքը եղաւ Պարոյր։ «Զանգակատուն»ը արդէն բացառիկ տաղանդի գործ մը ըլլալէ առաջ՝ յանդուգն, եռուն հոգիի մը պոռթկումը կազմեց եւ ատով իսկ ցնցեց իր հունին մէջ քիչ մը շատ խելօք թաւալող Հայաստանի բանաստեղծութիւնը։ …«Թէ ուզում ես երգդ լսեն՝ ժամանակիդ շունչը դարձիր»։ Չարենցի այս պատուէրը ոչ ոք այսպէս լիովին իրագործեց, որքան Պարոյր Սեւակ, եւ իր երգը լսուեցաւ բոլորէն, անխտիր։ …Իրողութիւնը այն է, որ Պարոյր Սեւակ խորհրդանշեց իր ցեղին դարաւոր իղձերը եւ իր կարգին դարձաւ շնչող խորհրդանիշը մեր օրերու հայութեան։ Երէցներուն իմաստութիւնը կար իր մէջ ու կրտսերներուն խանդավառութիւնը, սրբազան խենթութիւններու խռովքը եւ չափի ու կշիռի զգաստութիւնը։ Իր մէջ անցեալն ու ներկան, ինչպէս ապագան, հարազատ ձայներով արձագանգ գտան եւ իր գործը եղաւ երեք ժամանակներուն հարազատ հայելին։ Պարոյրին չափ գեղեցիկ կամ առաւել փայլուն՝ կարելի? եղաւ գրել։ Պարոյրէն աւելի ամբողջականօրէն եւ խորապէս եւ ուժգին արտայայտել մեր հայեցիութիւնը՝ ոչ։ Իսկ Ս. Սիմոնեան կը հաստատէ. −Պարոյր Սեւակ հայ բանաստեղծութեան, յատկապէս սովետահայ բանաստեղծութեան բերաւ նոր շունչ, նոր ու խոր խորք։ Եղաւ իրաւ նորարարը, բեղուն ու բիւրակն, իմացապաշտ, առանց խճուճներու։ Մեծ տաղանդով, իր հզօր ու անպարագիծ երեւակայութեամբ, հնոցային ջերմութեամբ, գետային զեղումներով եւ ակադեմական հմտութեամբ հասակ ու թիկունք տուաւ մեր բանաստեղծութեան։…Տաղանդ, հմտութիւն, զարգացում եւ բացառիկ ուշիմութիւն կը զինակցէին իր մէջ քերթողական Աւարայրը մղելու համար։ …Մենք զինք կոչեր էինք, այն լա՜ւ օրերուն, երբ ողջ էր ինք, «հայ նորագոյն բանաստեղծութեան Փելէն» եւ ինք մեզի ղրկեր էր «փելէական շրթներով» համբոյրներ…։ Զինք այդպէս կոչեր էինք, ոչ միայն Փելէին հետ ունեցած իր արտաքին նմանութեան համար, այլ որովհետեւ Փելէ կը նշանակէ…մարգարիտ, սե?ւ մարգարիտ… Լ. Շ. (Մնացեալը յաջորդով) ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play