Սիրիահայ համանք. Իրատեսության դասերը


Սիրիահայ համանք. Իրատեսության դասերը

  • 24-07-2012 07:19:36   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

Արդէն ամիս մըն է որ սուրիական քաղաքացիական զինեալ տագնապը անդառնալիօրէն սուրիահայ գաղութ քանդելու վտանգով յղի է։ Պարսկաստանի հիւլէական ծրագիրը, Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպոլլահի վրայ յարձակումը եւ արաբական գարունը, այն ծանր ազդակներն էին որ Սուրիան նետեցին քաղաքացիական պատերազմի մէջ, Ամերիկայի եւ Արեւմուտքի գործօն միջամտութեամբ։ Համայն հայութիւնը անզօր ականատես կ?ըլլայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Լիբանանի կողքին, իր ամենէն բեղուն գաղութին քայքայման այս վտանգին։ Պատմականօրէն Սուրիան սփիւռքահայութեան ամենէն նշանակալի հողատարածքն է Թուրքիայէն ետք, ուր ան կը պահպանէ օսմանեան նախճիրի իր գերեզմանատունը՝ Տէր−Զօրը։ Ինչպէս նաեւ Քեսապը՝ կիլիկեան շրջանէն մնացած միակ հայկական եւ դեռ հայաբնակ հողակտորը։ Վերջին յիսուն տարիներուն, Միջին Արեւելքի մէջ հայկական գաղութները մէկ առ մէկ քանդուեցան։ Անոնցմէ վերջինը՝ Իրաքն էր։ Սուրիահայութիւնը, ասկէ առաջ ալ շատ զօրաւոր ճնշումներու ենթարկուած էր Նասէրի արաբական յեղափոխութեան շրջանին, յետոյ ալ Արաբ−Իսրայէլեան պատերազմներու պատճառով… շատերը գաղթի մղելու աստիճան։ Ներկայի զինեալ ապստամբութիւնը եթէ յանգի վարչակարգի յեղաշրջման կամ Սուրիոյ մասնատման, ինչպէս որ արեւմտեան մասնագէտները կը նախատեսեն, գաղութէն մաս մը նորէն պիտի հարկադրուի գաղթի ճամբան բռնելու։ Սոյն իրավիճակը, Սուրիահայութիւնը յուզող, այլազան անտեղի քննարկումներու առիթ ընծայեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Բոլորը որքան շուտ մոռցան Իրաքի հայ գաղութին նկատմամբ աննախադէպ անկազմակերպ վերաբերումը, զոր ցուցաբերեցին ամենուրէք, Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները եւ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը։ Անհասկնալիօրէն, շատերու հայեացքը, ինքնաբերաբար կ?ուղղուէր դէպի Հայաստանի պետութիւնը՝ սուրիահայ գաղթականութիւնը ընդունելու իր հողին վրայ։ Անշուշտ, Հայաստանի իշխանութիւններու, Սփիւռքի նախարարութեան՝ անցեալին կատարած կարգ մը յայտարարութիւնները, Սփիւռքահայութիւնը ներգաղթի հրաւիրելու՝ պատրանքը ստեղծած էին որ Հայաստանի իշխանութիւնները, իբր Մայր Հայաստան, կարող են, իրաւասու են, տագնապի ենթակայ սփիւռքահայ գաղութներ Հայաստանի հողին վրայ ընդունելու։ Առաջին, փաստը ցոյց տուած է որ Հայաստանի իշխանութիւնները հեռու են ներգաղթ կազմակերպելու կարողութիւն ունենալէ։ Այլապէս, առաջին հերթին՝ Հայաստանէն արտագաղթին առաջքը կ?առնէին, երկրաշարժէն տուժածներուն բնակարանները շինած կ?ըլլային։ Իրաքի հայութիւնը պատուաւոր պայմաններու մէջ ընդունած կ?ըլլային։ Նպաստընկալ պետութիւն մը չի կրնար ինքն իրեն արտօնել՝ ուրիշին ալ օգտակար ըլլալու շռայլութիւնը։ Կայ նաեւ հասարակական եւ տնտեսական արդար ու օրինական կարգերու բացակայութիւնը, որ նոյնիսկ վտանգաւոր կը դարձնէ նման գաղթի կազմակերպումը, որ կրնայ զանազան շահագործումներու, ճնշումներու եւ անարդարութիւններու դուռ բանալ։ Ասոր լաւագոյն փաստը՝ «Արմաւիա»ի Հալէպ−Երեւան թռիչքներու սակերու յաւելումն է։ Քաղաքական եւ տնտեսական համակարգ մը որ միայն արագ շահ ապահովելու, կաշառքի, մենաշնորհներու վրայ հիմնուած է, չի կրնար բարոյապէս գլուխ հանել նման բարդ հայրենանուէր նախաձեռնութիւն մը։ Սակայն, Սուրիոյ տագնապը ցոյց տուաւ որ Սուրիոյ պետութիւնը հայութեան քաղաքական նեցուկին պէտք ունի, եւ թէ իբր երկրին լիարժէք քաղաքացիները, անոնց կը վստահի՝ իր վարչամեքենան եւ տնտեսութիւնը կանգուն պահելու եւ յետագային վերակառուցելու համար։ Ուրեմն, միջպետական բարեկամական յարաբերութիւնները կը պահանջեն որ ներգաղթ, հաւաքական տեղափոխութիւն չկազմակերպուի։ Սուրիահայերն ալ իրենց կարգին իբր լիարժէք քաղաքացիներ՝ Սուրիայի Հանրապետութենէն մէկ օրէն միւսը գաղթելու պատրաստակամ զանգուած մը չեն։ Այսինքն՝ Սուրիահայութիւնը, ինչպէս՝ Սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս՝ «երկքաղաքացի», երկմշակոյթ հաւաքականութիւն մըն է, որ ունի քաղաքացիական պարտաւորութիւններ իր ապրած երկրին մէջ, զորս կ?ուզէ յարգել եւ ապահովել։ Վերջապէս, սուրիահայ գաղութին քայքայումը մեծագոյն հարուածը կը հասցնէ սփիւռքահայութեան, մասնաւորապէս արեւմտահայ թեւին։ Լիբանանահայ գաղութին կողքին նկարագիր ունեցող, հայախօս սերունդ հասցնող, ուսուցիչ, գրող, հոգեւորական… ազգօգուտ, հանրօգիւտ կազմակերպութիւններու անդամ հասցնող գաղութ եղած է։ Բարեբախտաբար, հայրենի իշխանութիւնները ներգաղթի վերաբերեալ քարոզչական յայտարարութիւնները դադրեցուցած են եւ կը յանձնարարեն ներքին կազմակերպուածութիւնը՝ ծանրակշիռ կացութենէն իբր ելք։ Նոյնպէս՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ժ. Չ. ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն