Տեղի ունեցաւ Ղպտի եկեղեցու նորընտիր Պատրիարք Անպա Թեոտորոս Բ.ի գահակալությունը


Տեղի ունեցաւ Ղպտի եկեղեցու նորընտիր Պատրիարք Անպա Թեոտորոս Բ.ի գահակալությունը

  • 19-11-2012 15:32:08   | Լիբանան  |  Հասարակություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի 18 Նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Անպա Թէոտորոս Բ.ի գահակալութիւնը Գահիրէի մայր եկեղեցւոյ մէջ, բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան: Գահակալութեան առիթով յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ներկայ գտնուեցան, ներկայացնելով Վեհափառ Հայրապետը ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Այս առիթով, Սեպուհ Սրբազան Վեհափառ Հայրապետին հետեւեալ շնորհաւորական Գիրը կարդաց: «Քրիստոնէական ու եղբայրական ջերմ սիրով կողջունենք Ձեր ընտրութիւնը որպէս մեր քոյր Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ 118րդ պապը Աղեքսանդիրոյ եւ Պատրիարք Մարկոսի Աթոռին: Վստահ ենք, որ Ձեր ընտրութիւնը փայլուն նոր էջ մը պիտի բանայ Ղպտի ու Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Ինչպէս գիտէք, հին ժամանակներէն սկսեալ հայ եւ ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ սերտ գործակցութիւն եղած է զանազան բնագաւառներէն ներս: Արդարեւ, 451 թուին, Քաղկեդոնի ժողովի մերժումով եկեղեցւոյ կեանքէն ներս յառաջացած աղանդներու նկատմամբ խիստ կեցուածք ճշդելով մեր երկու եկեղեցիները իրենց հաւատքի միութիւնը ամրացուցին եւ դարերու ընթացքին պայքարեցան այն բոլոր շարժումներուն դէմ, որոնք փորձեցին քրիստոնէական հաւատքը նսեմացնել մեր ժողովուրդներու կեանքէն ներս: Ձեր նախորդը, Շնուտա Պատրիարքին հետ, ինչպէս Արեւելեան քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ միատեղ մենք շարունակեցինք մեր աշխատանքը ու գործակցութիւնը՝ ի խնդիր մեր հաւատքի միութեան ամրապնդման, ուղղափառութեան պաշտպանութեան ու մեր քրիստոնէական վկայութեան առաւել ծաղկման: Սիրելի հոգեւոր եղբայր ի Քրիստոս. կÿապրինք դժուարութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ: համաշխարհայնացումը եւ աշխարհայնացումը եւ տակաւ աճող նոր օրերու աղանդներ դարձեալ կը փորձեն վտանգել մեր քրիստոնէական հաւատքը: Հետեւաբար, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մենք կը նկատենք խիստ հրամայական: Եկեղեցին կառոյց չէ, այլ ժողովուրդին գացող հաւատքի առաքելութիւն: Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր երեսներէն մէկն է: Միջ–եկեղեցական շարժումը եկեղեցիները քով–քովի բերող եւ զանոնք հաւաքական գործի մղող շարժում մըն է, որուն նկատմամբ չենք կրնար անտարբեր մնալ: Քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ տեսական երեւոյթ մը չէ, այլ գոյութենական իրականութիւն: Դարեր շարունակ քրիստոնեայ-իսլամ միասնաբար ապրած են այս շրջանէն ներս՝ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ: Անհրաժեշտ է որ նոյն ոգիով միաստուածեան երկու կրօնները իրենց հասարակաց արժէքները աւելի ամրապնդելով ու տարբերութիւնները յարգելով պէտք է շարունակեն իրենց գործակցութիւնը: Մենք վստահ ենք, որ այս առաջադրանքներն ու մտահոգութիւնները նաեւ Ձերը պիտի ըլլան: Ինչպէս գիտէք, Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս Ղպտի, Ասորի եւ Հայ եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի կազմակերպող ու ամրապնդող նախաձեռնութեան դիմեցինք մենք 15 տարիներ առաջ հանգուցեալ Շնուտա Պատրիարքին ու Զաքքա Պատրիարքին հետ միատեղ: Տարին անգամ մը հանդիպեցանք, յանձնախումբ յառաջացուցինք, որպէսզի մեր գործակցութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական: Վստահ ենք, որ դուք եւս պիտի շարունակէք այս գործակցութիւնը, որպէսզի մեր ընտանիքին միասնականութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծառայութիւնը աւելիով արդիւնաւորուի մեր ժողովուրդներու կեանքէն ներս: Ձեզի կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով ու հարուստ ծառայութեամբ լեցուն երկար գահակալութիւն:»
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն