Նիփփոն Ֆոնտէյշըն ընկերութիւնը աճուրդի հանեց Անթոնիօ Սթրատիվարիւսի «Լէտի Պրանտ»ը


Նիփփոն Ֆոնտէյշըն ընկերութիւնը աճուրդի հանեց Անթոնիօ Սթրատիվարիւսի «Լէտի Պրանտ»ը

  • 05-05-2011 17:35:46   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Ճաբոնական Նիփփոն Ֆոնտէյշըն ընկերութիւնը աճուրդի հանեց աշխարհի մէջ ամենասուղ ջութակը, Անթոնիօ Սթրատիվարիւսի »Լէտի Պրանտ«ը։ Ջութակը կ’արժէ առնուազն 10 միլիոն տոլար։ Ջութակը այս գնով գնուած էր 2008ին եւ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյն նուագարաններէն մէկը։ Ջութակի վաճառքէն գոյացած ամբողջ գումարը պիտի տրամադրուի Ճաբոնի երկրաշարժի եւ ցունամիի հետեւանքով տուժածներուն։ »Լէտի Պրանտ«ը շինուելէն ի վեր չէ գործածուած գրեթէ 300 տարի։ Ջութակը կը պահպանուի թանգարաններու մէջ եւ այդ պատճառով է որ լաւ պահպանուած է։ Ջութակը ո՛չ միայն Սթրատիվարիւսի ամենասուղ, այլ աշխարհի ամենասուղ երաժշտական նուագարանն է, որ որեւէ ատեն վաճառուած է աճուրդի մէջ։ 2010ի Յունիսին վաճառքի դրուած էր Կվարնէրի Տէլ Ճէզուի »Վիէթնամ« անուն ջութակը, որ գնահատուած է 18 միլիոն տոլար, սակայն առայժմ գնորդ չէ յայտնուած։ Սթրատիվարիւսի ջութակի աճուրդը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 Յունիսին։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը