Արեւմտեան Հայաստանը վավերացրեց Սեւրի Դաշնագիրը Դաշնագիրը


Արեւմտեան Հայաստանը վավերացրեց Սեւրի Դաշնագիրը Դաշնագիրը

  • 27-06-2016 12:33:10   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

Ներածութիւն:

 

«The Times» թերթի Փարիզի թղթակիցը գրեր է հետեւեալ յօդուածը, 11 Օգոստոս 1920,

 

«1920 թուականի Օգոստոսի 10-ին, 11 Դաշնակից Պետութիւնները ստորագրեցին Սեւրի Դաշնագիրը: [1]

 

Հայ-թիւրքական Դաշնագիրը վերջապէս ստորագրուեցաւ:

 

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սեւրի մէջ՝ կէսօրէն յետոյ, ժամը 16:00-ին:

 

Ձգձգումներէ ետք՝ որուն պատճառը կը հանդիսանար Հույն-Իտալականբանակցութիւնները: Թիւրքական պատուիրակութիւնը ինչ որ այլ պատճառով մերժեցստորագրելԴաշնագիրը՝ առանձ փոխադարձ ստորագրությանըՍերբիայի, այլապես Կոնստանդինոպլից հատուկ թոյլտուութիւն էր պետք:

 

Սերպիան չստորագրեց, որովհետեւ չէր ուզեր պատրականութիւն վերցնել թիւրքական պարտքին համար, որու կազմակերպումը պէտք է տեղափոխուէր Սերպական Թագաւորութիւն, Խորուաթիա եւ Սլովենիա, որոնք միասնօրէն կ՛առանձնանային հին թիւրքական տարածաշրջանէն:

 

Սակայն, այդ ժամանակաընթացքին ստորագրելու թոյլտուութիւն ձեռք բերած են Գեներալ Հադի Փաշան, Ռիզա Թաֆիկ Պէյը եւ Ռաշիտ Պէյը, ուստի արարողութիւնը տեղի ունեցած է քանի մը ժամ յետոյ:

Փարիզ Օգոստոսի 10-ը-ԱրարողութիւնընախագահումէրպարոնՄիլերանը:

Թիւրքական պատուիրակութեան ստորագրութենէն ետք, Դաշնակից Պետութիւններու ներկայացուցիչները նոյնպէս ստորագրած են, Մեծ Բրիտանիան ներկայացուցած է Պարոն Ջորջ Գրահամը:

Ստորագրութիւնները դրուած են երեք փաստաթուղթերու վրայ. առաջին՝ նոյն ինքն Դաշնագիրին վրայ, երկրորդ՝ Հույն-Իտալականարձանագրութեան վրայ, եւ երրորդ՝ այն արձանագրութեան վրայ, որ կը վերաբերի ազդեցության գոտիներուն՝ Փոքր Ասիայինմէջ: Ընթացակարգը նման էր ստորագրման ընթացակարգին, որն ընդունուեր էր նախորդ Դաշնագիրը ստորագրելու ժամանակ:

 

Թիւրքական ներկայացուցիչները հագած էին բաճկոններ, բայց պահպանած էին Ֆեսը ամբողջ արարողութեան ընթացքին, ըստ իրենց ազգային աւանդոյթին:

 

Ստորագրող Պետութիւնները եղած են Թիւրքիան, ինչպէս նաեւ Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Ճապոնիան, Հայաստանը, Բելճիքան, Հունաստանը, Լեհաստանը, Պորտուգալիան, Ռումինիան, Չեխոսլովաքիան:

Սերպիան, եւ Հեճազը չեն ներկայացած:

 

Խաղաղութեան Պայմանագիրի վաւերացումը Հունգարիոյհետ, եւ Դաշնագիրը, որ ստորագրուեր է Թիւրքիոյկողմէ, յետագային՝ Մեծ Բրիտանիոյհամարկը հանդիսանայ նախապայմանըսոյն պատերազմի օրինական աւարտի, որ սկսածէր 1914 թուականին:

 

Խաղաղութիւնը՝ Գերմանիոյհետ,ստորագրուերէ Վերսայլի մէջ, 1919 թուականի Յունիսի 28-ին, վաւերացուեր է 1920 թուականի Յունուարի 10-ին:

 

Խաղաղութիւնը՝ Ավստրիոյհետ,ստորագրուերէՍենտ- Ժերմենում, 1919 թվականիսեպտեմբերի10-ին, եւվաւերացուելէ1920-իհուլիսի16-ին:

 

Խաղաղութիւնը՝ Պուլկարիոյ հետ, ստորագրուեր է Նոյիի մէջ, 1919 թուականի Նոյեմբերի 27-ին եւ վաւերացուեր է 1920 թուականի Օգոստոսի 9-ին:

 

Խաղաղութիւնը՝ Հունգարիոյ հետ, ստորագրուեր է Վերսայլի մէջ, 1919 թուականի Յունիսի 4-ին, բայց մինչեւ օրս չէ վաւերացուած:

 

Համայնքներու Պալատի հարցին ի պատասխան, Յունիսի 1-ին պարոն Պոնար Լաուը յայտարարեր է, որ համաձայն սոյնպատերազմի դադարեցման օրէնքի (Սահմանման) ակտին, կարելի չէօրենսդրութիւնթողարկել, մինչեւստորագրուած Պայմանագիրները Գերմանիայի, Աւստրիայի, Պուլկարիայի, Հունգարիայի եւ Թիւրքիայի հետ չեն ստացած անհրաժեշտ վաւերացումը:

 

  1.  The Times, August 11, 1920

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն

Արեւմտեան ՀայաստանիՀանրապետութեան կողմէ

Սեւրի պայմանագիրը վաւերացնելու մասին

 

Այս իսկ պատճառով, 2016 թուականի Մայիսի 9-ին, ներկայացուեցաւ օրինագիծ Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահութեան, որ թոյլ կուտայ վաւերացնելու Սեւրի Խաղաղութեան Դաշնագիրը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ:

 

Այս նախագիծը փոփոխուած է քանի մը անգամ, եւ անոր երրորդ տարբերակը, որ պէտք է ընդունուէր Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի անդամներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Իրաւաբանական Խորհուրդին կողմէ, արդէն աւարտուած է 2016 թուականի Յունիսի 24-ին, Երեւանի ժամանակով 23:30-ին:

 

Օրէնքի Նախագիծը ներկայացուած եւ պաշտպանուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութան Արտաքին Գործոց Նախարար՝ պարոն Գառնիկ Սարգիսեանի կողմէ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութան Վարչապետ՝ պարոն Տիգրան Փաշաբեզեանի համաձայնութեամբ, Կառավարութեան կողմէ, որ կը գտնուի Եւրոպայի սահնաններէն դուրս, եւ ընդունուած է միաձայն, մէկ ձայն դէմ, ինչը թոյլ կուտայ վաւերացնելու Սեւրի Խաղաղութեան Դաշնագիրը եւ լրացուցիչ Պայմանագիրերու Հաւելուածները, որոնք ստորագրուեր են 1920 թուականի Օգոստոսի 10-ին:

 

2016 թուականի Յունիսի 24-ը կը համարուի պատմական օր, այդ օրը Սեւրի Խաղաղութեան Դաշնագիրը վաւերացուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէնակ Աբրահամեանի կողմէ:

 

Ընդունուած օրինագիծը բաղկացած է երկու յօդուածներէ:

 

Յօդուած ա.- Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապեութեան (Հայաստան) Նախագահը լիազորուած է վաւերացնելու Խաղաղութեան պայմանագիրը, որըստորագրուածէ Սեւրի մէջ՝ 1920 թ. 10 Օգոստոսին, ինչպէս նաեւ նոյն օրը ստորագրուած՝ լրացուցիչ պայմանագիրներու Հաւելուածները, որոնք նշուած են ստորեւ:

 

·       Պայմանագիրը Դաշնակից Տէրութիւններուն հետ, այն է, որ ընդունուին որոշումներ, որոնք անհրաժեշտ կը համարուին այդ Տէրութիւններու կողմէ, որոնք կը պաշտպանեն տուեալ Պետութեան բնակիչներուն, որոնք մաս չ՛էին կազմեր բնակչութեան մեծամասնութեան առումով, որոնք ունին՝ ռասայի, լեզուի կամ կրօնի տարբերութիւն:

 

·       Լրացուցիչ արձանագրութիւն դիւանագիտական ծառայութիւններու համար, այն Պետութիւններու տարածքներուն վրայ, որոնք ստորագրած են Պայմանագիրը:

·       Պայմանագիրի հիմնական Դաշնակից Տէրութիւններուն հետ սահմանել դրոյթներ, որոնք անհարժեշտ կը համարուին այդ տէրութիւններու ազատութիւնն ապահովելու, տարանցման եւ արդարացի վերաբերմունք այլ ազգերու հետ առեւտուր կատարելու համար:

 

Յօդուած բ.- Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) Նախագահը լիազորուած է հետապնդելու ԱՄՆ Նախագահ Վուդրո Վիլսոնի Իրաւարար Վճռի Պաշտօնավարութեան հրամանի իրականացման գործընթացը, որն ստորագրուած է 1920 թուականի Նոյեմբերի 22-ին:

 

Այն նշուած կ՛ըլլայ առանձնակի Միջազգային Համատեքստին մէջ, ինչը կը նշանակէ, թէ Սեւրի Խաղաղութեան Դաշնագիրը վաւերացուեր է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութան կողմէ, երբ նոյն օրը, վաւերացումէն քանի մը ժամ առաջ, հանրաքուէի միջոցով Մեծ Բրիտանիան դուրս կ՛ուգայ Եւրո-Միութենէն, 51,9% ձայն կողմ քուէարկութեամբ: Եւ նոյն օրը, Հռոմի Պապ Ֆրանցիսկոն կ՛այցելէ Երեւան, իր ելոյթին մէջ կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին դէմ:

 

Եւրո-Միութենէն բրիտանիայի դուրս գալը ճգնաժամային ցուցանիշ է, ինչը կապուած է Սուրիայի պատերազմի, փախստականներու ճգնաժամի, Մերձաւոր Արեւելքի հետ, որ լեցուն է անտարբերութեամբ, այդ շարքին Արեւմտեան Հայաստանի հետ:

 

* * *

 

Սեւրի Դաշնագիրի 457-458էջերը կը նշեն վաւերացնելու համար պայմանները,, որոնք վերօրինակուեր է ստորեւ.

 

-  Սոյն Դաշնագիրը կազմուած է ֆրանսերէն, իտալերէն եւ անգլերէն եզուներով, եւ ենթակայ է վաւերացման:

-  Տարակարծութիւններու պարագային, կը գերակայէ ֆրանսերէն տարբերակը, բացառութեամբ 1-ին բաժինի (Ազգերու Լիգայի ուխտին) եւ 12-րդ բաժինի (Աշխատանքի) վերաբերեալ, որտեղ ֆրանսերէն եւ անգլերէն տարբերակները կ՛ունենան հաւասար արժէք:

-  Վաւերացումները պետք է հանձնել Փարիզի մէջ, հնարաւորին չափ կարճ ժամանակահատուածի մէջ:

-  Տէրութիւնները, այսինքն այն Կառավարութիւնը որու գրասենեակը կը գտնուի Եւրոպայէն դուրս, իրաւունք կ՛ունենայ Ֆրանսական Խորհրդարանին եւ Կառավարութեան տեղեակ պահել իր Փարիզի դիւանագիտական ներկայացուցիչի միջոցով, այն մասին, որ տրուեր է իրենց վաւերացումը, եւ անոնք պէտք է հնարաւորին չափ շուտ ժամանակին զայն փոխանցեն:

-  Վաւերացումներու առաջին արձանագրութիւնը կը կազմուի այն ժամնանակ, երբ մէկ կողմէն՝ Թիւրքիան, միւս կողմէ՝ երեք գլխաւոր Դաշնակից Պետութիւնները կը ստորագրեն Դաշնագրի վաւերացումը:

-  Առաջին արձանագրութենէն ի վեր Դաշնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ, պայմանաւորուող Բարձր Տէրութիւններուն կողմէ, որոնք նոյնպէս այն կը վաւերացնեն:

-  Հաշուարկելու համար բոլոր ժամանակային սահմանափակումները, տուեալ Դաշնագիրի համար, այս օրը կը հանդիսանայ Դաշնագիրի ուժի մէջ մտնելու օր:

-  Բոլոր առումներով Դաշնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ սկսած վաւերացման օրէն՝ իւրաքանչիւր Տէրութեան կողմէ:

-  Ֆրանսական Կառավարութիւնը բոլոր ստորագրած Տէրութիւններուն կը փոխանցէ վաւերագիրերու արձանագրութիւններուն հաստատման պատճեն:

-  Ի վկայութիւն, վերանուանեալ լիազօր ներկայացուցիչները ստորագրեցին սոյն Դաշնագիրը (14 ստորագրեալ կողմեր)

 

 

Պատմական ակնարկ

 

-  Հայկական Պետութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին «դէ ֆակտո»ճանչցուեցաւ Յունուարի 19, 1920 թ.(Անկախութեան օրը) Գերագոյն Խորհուրդի Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ:

-  Հայկական Պետութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ճանչցուեցաւ «դէ յուրէ», 1920 թ. Մայիսի 11-ի Գերագոյն Խորհուրդի Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ:

-  Հայկական Պետութիւնը, գլխաւոր Դաշնակից Տէրութիւնները, Դաշնակից Տէրութիւնները եւ Թիւրքիան ստորագրեր են Սեւրի պայմանագիրը 1920 թուականի Օգոստոսի 10-ին:

1920 թ. Նոյեմբերի 22-ինԱՄՆՆախագահ Վուդրո Վիլսոնը ստորագրեց Իրաւարար Վճիռ, որով նշեց Հայաստանիպետական սահմանները Հայաստանպետութեան եւ Թիւրքիայի միջեւ:

2004 թ. Դեկտեմբերի 17-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդը հռչակեց իր գոյութեան մասին Շուշիի մէջ:

2007 թ. Յունուարի 20-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Վեհաժողովի պատուիրակները ընդունեցին պաշտօնական Հռչակագիր Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներուն մասին:

2011 թ. Փետրուարի 4-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը ստեղծեց Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը:

2013 թ. Յունուարի 24-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը, Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը միաձայն հռչակեցին նախագիծ Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի ստեղծման մասին, ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով:

2013 թ. Դեկտեմբերի 16-ին, 64 պատգամաւորներ պաշտօնապէս ընտրուեցան Արեւմտեան Հայաստանի հայերու կողմէ, ովքեր նշուած էին ցուցակով:

2014թ. Յունուարի 20-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահըպաշտօնապէս ընտրուեցաւ պատգամաւորներու կողմէ:

2014 թ. Փետրուարի 23-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագիրով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) նշուեցաւ, որպէս1920 թուականին ճանչցուած Հայաստան պետութեան շարունակող պետութիւն:

2014 թ. Փետրուարի 16-ին, Նախագահի հրամանագիրը կը հաստատէ պաշտօնապէս, որ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան նստավայրը Կարինն է (Էրզրում) Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

2016 թ. Յունիսի 24-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունից՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը վաւերացուց Սեւրի պայմանագիրը:

 

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան տեղեկատուական ծառայութիւն

24.06.2016

Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play