Շատ Կարեւոր Իրաւաբանական Նոր Հրատարակութիւն Մը<br /> Հայկ. Ցեղասպանութիւնը եւ Ազգային ու Միջազգային Քրէական Օրէնքները


Շատ Կարեւոր Իրաւաբանական Նոր Հրատարակութիւն Մը
Հայկ. Ցեղասպանութիւնը եւ Ազգային ու Միջազգային Քրէական Օրէնքները

  • 08-09-2010 21:13:50   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն
Այս շաբաթ անգլերէն լէզուով հրատարակուեցաւ St. Thomas Համալսարանի Իրաւաբանական բաժնի եռամսեային 2010-ի գարնան թիւը: Այս հատորը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, բացառաբար նուիրուած է հայկական ցեղասպանութեան բազմակողմանիօրէն դասաւորուած իրաւագիտական վերլուծումին: Հատորը կ՛ընդգրկէ եօթը մասնագէտներու մանրակրկիտ վերլուծումները, որոնք ներկայացուած էին նոյն նիւթին նուիրուած համաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր St. Thomas Համալսարանի եւ Զորեան Հիմնարկի համագործակցութեամբ եւ` մասնակցութեամբը Գաֆէսճեան Ընտանեկան Հիմնադրամի եւ Minneapolis Հիմնադրամէն` Օհանէսեան Օժտում Հիմնադրամի: Ներկայացուցիչներէն չորսը Ամերիկացի էին ներառեալ երկու Ամերիկահայեր` Սէնթ Ճոն Համալսարանի իրաւաբանական կաճառի վաստակաւոր դասախօս` Մարք Մովսէսեան, Զորեան Հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ` Roger Smith, յայտնի փաստաբան Mark Fleming, եւ ծանօթ ցեղասպանագէտ եւ Զորեան Հիմնարկի տնօրէններէն` Փրոֆ. Վահագն Տատրեան: Համաժողովին նաեւ մասնակցած էին ցեղասպանութեան ոճիրի եւ օրէնքի աշխարհահռչակ մասնագէտ Իրլանտացի William Schabas-ը, Բրիտանացի փաստաբան ու մասնագէտ սահմանադրական օրէնսգիտութեան` Geoffrey Robertson-ը, եւ յանդուգն թրքուհի փաստաբան Erin Keskin-ը: Բաց աստի, հատորին վերջին մասը կ՛ըդգրկէ երկու յաւելեալ գործեր որոնցմէ մին միջազգային Արդարադատական Ատեանին (International Court of Justice) մօտ բացուած դատին դիմումնագրին պատճէնն է: Ամերիկայի անունով այս դատը բացողն է Սէնթ Ճոն՛ի շրջանաւարտ` Ամերիկացի Simeon A. Morbey: Իսկ միւսը կը վերաբերի նոյն համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղի տոքթորայի աստիճանին թեկնածու Jeremiah Harrelson-ին: Իր նիւթն է , Genocide and the Rape of Armeniaե որով ան ընդարձակ կերպով կը վերլուծէ ցեղասպանութեան եւ մանկամարդուհիներու եւ կիներու դէմ գործուած բռնաբարութեան ոճիրներու յարակցութիւնը` օգտուելով յատկապէս Փրոֆ. Տատրեանի այս նիւթին մասին հրատարակած մէկ գործէն: Իրաւաբանական հանդէսի այս արտակարգ նշանակութիւն ունեցող բացառիկ թիւը, որ կ՛ընդգրկէ սեղմ եւ փաստաբանական լեզուով եւ ոճով գրուած 180 էջեր, արդիւնքն է գիտաժողովի մը: Այդ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 5 Փետրուար 2010ին նոյն համալսարանի իրաւաբանական կաճառի շէնքի սրահներուն մէջ ուր յատուկ առաքելութեամբ հոն եկած թուրքեր իրենց ներկայութեամբ եւ վէճերով փորձեցին մթագնել մթնոլորտը: Գիտաժողովի գլխաւոր հովանաւորը` Զորեան Հիմնարկի ենթաբաժնի կառոյցներէն ` International Institute for Genocide & Human Rights Studies նէր: Իսկ կազմակերպչական աշխատանքը տարուած էր նաեւ Զորեան Հիմնարկի պաշտօնէութեան անխոնջ ջանադրութեամբ եւ տնօրինութեամբը` Հիմնարկին նախագահ Գուրգէն Սարգիսեան-ի եւ Ընդհանուր Վարիչ ՃորՃ Շիրինեան-ի: Ներկայացուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ փրոֆ. Մովսէսեան, մէջբերելով հատուածներ Փրոֆ. Տատրեանի ուսումնասիրութիւններէն, մանրամասնօրէն քննարկեց Օսմանեան կառավարութեան օրէնսդրական բարեփոխումները, այսինքն Tanzimat-ի (1839-1856): Ասոնց ստեղծած ցնցումը կատղեցուցին մոլեռանդ կրօնական ղեկավար տարրերը եւ ամբոխը: Պատճառը մէկ էր եւ հիմնաւոր, այսինքն` հաւասարութեան սկզբունքը թմբկահարելավ ստորադաս եւ արհամարուած Քրիստոնեաները, յատկապէս հայերը, մահմետական թուրքերու հետ նոյն նժարին վրայ կը դրուէին. Սա բացարձակապէս անընդունելի կը համարուէր: Փրոֆ. Մովսէսեան, յետագայ ջարդերու շարքը կը վերագրէ այս սկզբնապատճառին` զայն համարելով իբրեւ գլխաւոր ազդակներէն մին: Ցեղասպանութեան ոճիրի եւ օրէնքի աշխարհահռչակ մասնագէտը, William A. Schabas, Իրլանտայի Ազգային Համալսարանի դասախօս եւ Մարդկային Իրաւոնքներու Ուսումնասիրութեան կեդրոնի Տնօրէնը, ունէր յոյժ կարեւոր զեկոյց մը: Ան արտայատուեցաւ հետեւեալ թեմայով` ,Ցեղասպանութեան Համաձայնագրին Հետադարձ (Retroactive) Կիրարկումըե: Սա անշուշտ հայութիւնը շահագրգռող խիստ կարեւոր նիւթ մըն է: Թէեւ Շապաս կ՛ընդունի հայկական ցեղասպանութեան պատմական իրադրութիւնը, սակայն եւ այնպէս կը պնդէ թէ իբրեւ ոճիր, որ կրնայ ենթարկուիլ դատական-քրէական հետապնդումի, ատոր այդպէս ընդունուիլը յոյժ խնդրական կը նկատէ. Պատճառը` ըստ իրեն, ցեղասպանութեան քրէական օրէնքը շատ տարիներ յետոյ ստեղծուած է եւ որով չի կրնար հետադարձ (Retroactive) կիրարկում ունենալ, մնաց որ խնդրոյ առարկայ յանցագործներն ալ արդէն ողջ չեն: Ուրեմն իր եզրակացութիւնը այն է որ հայերու կողմէ դատական ոեւէ հետապնդում, յատկապէս հատուցումի տեսակէտէ, անյոյս գործ մըն է. Իր թելադրութիւնն է որ հայերը գործածեն ,ցեղասպանութիւնե բառը առանց զայն առնչելու Միացեալ Ազգերու Ցեղասպանութեան Համաձայնագրին (Genocide Convention): Անշուշտ սա իր կարծիքն է եւ ուրիշ մասնագէտներ զայն արդէն խնդրական, եթէ ոչ անընդունելի կը նկատեն: Հրատարակութեան ամենաընդարձակ եւ նոյնիսկ կարելի է ըսել ամենահետաքրքրական բաժինը կը վերաբերի անգլիացի փաստաբան ու մասնագէտ` սահմանադրական օրէնսգիտութեան, Geoffrey Robertson ին: Իր շատ ծաւալուն յօդուածին մէջ այս եռանդուն եւ մարտնչող անգլիացին մանրամասնօրէն կը բացատրէ իր սրտամաշ պայքարը Անգլիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մասնագէտներուն դէմ: Տասը տարիէ աւելի է որ կը շարունաուի այս պայքարը, որու ընթացքին Ալպիոնի այս աճպարարները յամառօրէն կը շարունակեն կրկնել իրենց մերժումի եւ ուրացումի կաղապարուած յանկերգը: Իրենց թէզը շատ պարզ է. այո, ջարդեր տեղի ունեցան բայց ոչ մէկ փաստ կայ որ Իթթիհատի կուսակցութեան ղեկավարները որոշում առած էին տեղահան հայ ժողովուրդը բնաջնջել ջարդի եւ այլ ուրիշ միջոցներով. եւ, փաստաբանը նոյն յամառութեամբ կ՛աշխատի իրենց հասկցնել որ զանգուածային ջարդերու, ցեղասպանութեան հարցին մէջ, գրեթէ անկարելի է պաշտօնական կամ նոյնիսկ անպաշտօն փաստ գտնել ինչպէս ի յայտ եկաւ հրէական Ողջակիզումի, Ռուանտայի պարագաներուն: Այս բոլոր պարագաներուն ալ ոճիրի հեղինակները ջանադիր կերպով խուսափած են գրաւոր փաստի հետք ձգել: Ռոպէրթսոն իր յօդուածին մէջ յստակօրէն կ՛արտայայտէ իր արհամարհանքը այս պինդ-գլուխ դիւանագէտներու հանդէպ: Ան կ՛եզրափակէ որ Արքայական Կառավարութեան քաղաքականութիւնը եղած է չենթարկել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճշմարիտ ուսումնասիրութեաան, եւ անկէ բխած հարցերու պատասխաններուն, քանի որ ի յայտ գալիք անխուսաբելի ճշմարտութիւնը թրքական կառավարութիւնը կ՛անհանգստացնէ: Ան կը պնդէ թէ նոյն դիրքորոշումը պիտի շարունակուի ապագային քանի ,բացարձակ ապացոյց եւ որոշադրիչ փաստ գոյութիւն չունին` հակարակ անոր որ 1915-ին Բրիտանական կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած էր որ Հայկական ջարդերը քրէական ոճիրի առաջնակարգ յանցագործութիւն եւ նոյնպէս մարդկութեան դէմ ահաւոր ոճիր մըն է:ե Համաժողովին, ականաւոր փրոֆ., եւ Զորեան Հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ` Roger Smith-ը ներկայացուց ցեղասպանութեան ժխտման հարցը, անոր վտանգաւոր, ցաւալի եւ վարկաբեկիչ իրողութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը` այդ հարցով զբաղելու օրէնսդրութեան միջոցով: Ան նաեւ ներկայացուց դիրքորոշումները հաւասարակշռելու այդ մարտահրաւէրը, այսինքն մէկ կողմէ պայքարիլ ժխտման դէմ, եւ միւս կողմէ առնուազն չսահմանաբակել ազատ արտայայտուելու պահանջքը: Եզրափակելով իր խօսքը, ան ըսաւ , իմ մտավախութիւնս այն է, որ այն կառավարութիւնը որ կրնայ մեզի ըսել թէ ինչ պետք է չըսել նաեւ կարող է մեզի ըսել թէ ինչ պետք է ըսել:ե Նաեւ յատկանշական էր լսել թուրք փաստաբանուհի Erin Keskin-ը որ փոխ- նախագահն էր Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Ընկերակցութեան եւ նախկին նախագահ Իսթանպուլի մասնաճիւղին: Այս յանդուգն թրքուհին, ակնարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան գլխաւոր դահիճներէն` Dr. Nazim-ի մէկ յայտարարութեան, որ ,ոչ մէկ հայ պետք է փրկուի որպէսզի հայ անունը լռիւ մոռցուի,ե հաստատեց որ դատական, գործադիր եւ օրէնսդիր հաստատութիւնները Թուրքիոյ մէջ բոլորն ալ նուիրուած են ռազմատենչութեան եւ Dr. Nazim-ի տեսլականին: Այս գաղափարախօսութիւնը, որ ստեղծուած է ռազմական համակարգի թելադրութեամբ ըսաւ ան, կը զսբէ որեւէ տեսակի քննադատում եւ Թուրքիոյ մէջ կը պարտադրէ այն սահմանադրութիւնը, որ գլխաւոր խոչընդոտն է ազատ խօսքի եւ արտայայտութեան: Այսինքն կարմիր գծի դրութիւնը խօսքի եւ գաղափարներու արտայայտութեան մէջ: Այս հասկացողութիւնն է, որ որդեգրուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի թիւ 301 ահաւոր յօդուածով, եզրակացուց ան: Վերչապէս կ՛արժէ անդրադառնալ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի զեկոյցին, որ երկու մասի բաժնուած էր, հետեւեալ մակդիրով` The Armenian Genocide as a Dual Problem of National and International Law. Սա առաջին անգամն էր որ հայկական ցեղասպանութիւնը կը վերլուծուի երկու իրարու կապուած հարթակներու վրայ: Մինչեւ այսօր եղած փոքր թիւով վերլուծումները կը կեդրոնանան միջազգային օրէնքի դրութեան վրայ: Հիմնուելով յետպատերազմեան հազուագիւտ Takvimi VekՉyi թիւերուն վրայ, որոնք 1919-1921 թուականներուն Օսմաներէն տառերով լոյս տեսան Իսթանպուլի Պատերազմական Ատեանի տնօրինութեամբ, Տատրեան իրաւաբանականօրէն կը նկարագրէ թուրք ջարդարարներու դատավարութեան ուշագրաւ մանրամասնութիւնները, միանգամայն մէջ բերումներ ընելով ամբաստանագիրներէն եւ դատավճիռներէն: Տատրեանի եզրակացութիւնը այն է, որ ցեղասպանութեան ոճիրը թէ՛ ազգային եւ թէ միանգամայն միջազգային քրէական օրէնքներու կալուածին կը պատկանի, եւ թէ 24 Մայիս 1915 ի Դաշնակիցներու Օսմանեան Պետութեան ուղղուած ազդարարութիւնը հիմնաքարը կազմեց այս զուգորդութեան: Ինչպէս կը տեղեկանանք, Զորեան Հիմնարկը ապսպրած է իրաւաբանական հանդէսի այս թիւէն 1000 օրինակ առանձնատիպեր (offprints) բաժնելու համար զանազան պետական հաստատութիւններու, համալսարաններու, ակադեմիներու եւ ազդեցիկ քաղաքական դէմքերու: Փափաքողները կրնան դիմել Հիմնարկի քարտուղարուհի` Փաթիլ Հալաճեանի (416)250-9807 կամ [email protected]
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն