Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ իր Միաբանութեան երէց անդամներէն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներէն՝
վախճանումը, որ պատահեցաւ երէկ, 17 Յուլիս 2010-ին, Լոս Անճելըսի մէջ: Վերջին Օծման եւ Թաղման Կարգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն, Արեւմտեան Թեմէն ներս, Լոս Անճելըս:
Յայտնենք, որ Կիրակի 18 Յուլիս 2010-ին, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ՝ Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, հոգելոյս Սրբազանին հոգւոյ խաղաղութեան համար:
Հանգի՜ստ Սրբազան հօր վաստակաշատ աճիւններուն եւ երանական խաղաղութիւն իր բարի հոգւոյն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
Communication and Information Department of Catholicosate of Cilicia