Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը

  • 27-10-2020 10:35:52   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
 
 
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Համազգայինի աշխարհատարած մասնաճիւղերու գործունէութիւնը՝ կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները քորոնա ժահրի ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն:
 
 
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Արցախի դէմ շղթայազերծած Ազրպէյճանի պատերազմին, անոր հետեւանքներուն ու միասնական ճիգով Արցախը պաշտպանելու հրամայականին:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն