«Կրին քարտ» 2011ի վիճակախաղի մէջ Հայաստանի մասնակիցներէն շահած են 1200 անձեր


«Կրին քարտ» 2011ի վիճակախաղի մէջ Հայաստանի մասնակիցներէն շահած են 1200 անձեր

  • 14-10-2011 19:07:59   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Ամերիկայի կողմէ ամենամեայ Բազմազանութեան արտօնագրի «Կրին քարտ» 2011ի վիճակախաղի մէջ Հայաստանի մասնակիցներէն շահած են 1200 անձեր։ 2012ի համար կազմակերպուած վիճակախաղի արդիւնքով Հայաստանէն շահողներու թիւը մօտաւորապէս 1000 է։ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի հիւպատոս Ռապըրթ Ֆարքուար յայտնեց որ այս ցուցանիշներով Հայաստան ակնյայտ առաջատար է տարածքաշրջանի մէջ։ Պատասխանելով այն հարցումին թէ Հայաստանի դրացի պետութիւններէն քանի՞ հոգի »Կրին քարտ« շահած է, Ֆարքուար պատասխանեց որ 2011ին Վրաստանէն շահած է մօտաւորապէս 700, իսկ Ատրպէյճանէն 350 մարդ։ Նոյն թուականին Ռուսաստանէն վիճակախաղի մէջ շահած անձերու թիւը կազմած է 2400 մարդ։ 2013ի »Կրին քարտ«ի խաղարկութիւնը սկսած է քանի մը օր առաջ, 4 Հոկտեմբերին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 5 Նոյեմբեր։ Ամէն տարի »Կրին քարտ«ով արտօնագիր կը տրուի 55 հազար անձերու՝ աշխարհի չորս ծագերէն։ Խաղարկութիւը, Ամերիկայի հիւպատոսի խօսքով, կը կազմակերպուի առաւելաբար դէպի Ամերիկա գաղթելու ցած ցուցանիշ ունեցող երկիրներու բնակիչներու համար։ Այն երկիրները, ուրկէ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Ամերիկա գաղթած անձերու թիւը կը գերազանցէ 50 հազարը, իրաւունք չունին մասնակցելու վիճակախաղին։ Ընտրութիւնը կը կատարուի վիճակախաղի միջոցաւ, որու ընթացքին համակարգիչը պահատական ընտրութեան միջոցաւ կþորոշէ յաղթողներ, որոնք իրաւունք կը ստանան ներգաղթային արտօնագրի դիմում ստանալ։ Հիւպատոսի յատկապէս ընդգծեց որ »Կրին քարտ«ի մէջ յաղթելը տակաւին չþերաշխաւորեր արտօնագրի ստացումը։ Յաղթողներ պէտք է յաղթահարեն նաեւ հարցազրոյցի փուլը եւ անկէ վերջ միայն արտօնագիր ստանան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը