Հակայկական ելոյթ Ֆրանս-Էնթէր ռադիոկայանով


Հակայկական ելոյթ Ֆրանս-Էնթէր ռադիոկայանով

  • 15-10-2011 10:18:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Ազատութիւն՝ Պատմութեան» ընկերակցութեան նախագահ, անցեալին ալ ժխտողական արտայայտութիւններու հեղինակ, ծանօթ պատմաբան Փիէր Նորա, այս անգամ ալ՝ Հոկտեմբեր 12ի առտուն, Ֆրանս-Էնթէր ձայնասփիւռէն սփռեց իր ժխտողական մտորումները, հակառակ իր խոստովանութեան, որ մասնագէտը չէ հարցին: Պատասխանելով Ցեղասպանութեան պատժելիութեան նկատմամբ Սարքոզիի եւ Հոլանտի խոստումներուն մասին իր զրուցակիցներէն՝ Թոմա Լըկռանի հարցումին, Նորա նոյնութեամբ կրկնեց թրքական յանկերգը, ըսելով՝ “Պատմութեան միջամտելը եւ զայն վերարժեւորելը քաղաքական դէմքերուն գործը չէ” ու շարունակեց՝ “Ֆրանսան 2001ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը բաւէ”: Նորա ըսաւ նաեւ, որ Հայերը կ?ուզեն ձեռք ձգել Հրեաներու Ցեղասպանութեան մասին «Կէսօ» օրէնքին նմանութեամբ օրէնք մը, սակայն ատիկա կարելի չէ, քանի որ “Ֆրանսա Հրեաներու Ցեղասպանութեան նկատմամբ այդպիսի քայլի դիմեց անոր մէջ իր ունեցած պատասխանատւութեան պատճառով եւ կարելի չէ, որ բոլոր ցեղասպանութիւններուն համար նոյնը ընէ, մանաւանդ որ այնքան շատ են անոնք”: Իր միւս զրուցակցին՝ Պերնար Կէթայի մէկ հարցումին ալ պատասխանելով, յարգելի պատմաբանը խնդրոյ առարկայ ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ըսուածները եւս, պատճառաբանելով որ այդ հարցին (Հայոց Ցեղասպանութեան) մէջ դեռ ամեն ինչ այդքան ալ յստակ չէ: ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը