Արձագանքներ Սփիւռք-Հայաստան 4րդ համաժողովից


Արձագանքներ Սփիւռք-Հայաստան 4րդ համաժողովից

  • 15-10-2011 10:30:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Սփիւռք-Հայաստան 4րդ համաժողովին կայացումը անակնկալ մըն էր շատերուն համար։ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններուն մեծամասնութիւնը տեղեակ չէր այս համաժողովէն։ Անցեալին դեսպանատան կողմէ հաղորդագրութիւն մը լոյս կը տեսնէր։ Տեղեկետուական հանդիպում մը կը կազմակերպուէր։ Սակայն Սփիւռքի նախարարութեան կազմութենէն ի վեր՝ դերերու բաշխումը փոխուած է, եւ ներկայիս, Սփիւռքի նախարարութիւնը ինքնին ուղղակի կապ կը հաստատէ մամուլին եւ կազմակերպութիւններուն հետ՝ երբեմն օգտուելով դեսպանութիւններուն ծառայութենէն։ Ամեն պարագայի, «Նոր Յառաջ», իբր մամլոյ գործակալութիւն, մասնաւոր հաղորդագրութիւն մը չստացաւ այդ ուղղութեամբ։ Այս երեւոյթը կրնայ բացատրութիւն մը ունենալ՝ CCAF-ի գոյութեամբ, որ իբր Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող կազմակերպութիւն, հաւանաբար իրեն վստահուած էր տեղեկետուական բաժինը, որպէսզի Ֆրանսայի հայ ընկերակցութիւնները տեղեակ պահուէին եւ կարողանային մասնակցիլ համաժողովին։ Սակայն այդ նուազագոյն դերն իսկ չէր կատարած։ Այն աստիճան, որ անոր վարչութեան մաս կազմող անդամներէն ոմանք նոյնիսկ տեղեակ չէին, որ Հայաստանի 20րդ տարեդարձին առթիւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ։ Ամեն պարագայի, Հայաստանի իշխանութիւններու մօտ CCAF-ը շատ մեծ համարում ունի։ Յաճախ զայն իբր բնատիպ կը նշեն՝ նորաստեղծ համայնքներու կազմակերպութեան համար։ Այս համաժողովին Ֆրանսայի մասնակիցներուն շարքին, CCAF-ը մասնակցեցաւ, եւ անոր Կեդրոնական գրասենեակի ատենապետը՝ Ալեքսի Կէօվճեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգերու մասին 4րդ նիստը վարողներէն էր, որ զեկոյց մը կարդաց այս առթիւ եւ խօսքը փոխանցեց Կայծ Մինասեանին՝ CCAF-ին ստեղծելիք նոր կառոյցին մասին խօսելու համար (տե՛ս. ՆՅ թիւ 276 - Ֆրանսահայ մասնակիցներու զեկոյցները)։ Համաժողովները կ?իմաստաւորուին նախապատրաստական աշխատանքով։ Ափսոս, որ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ տեղեկատուական-վերլուծական թղթածրարը, որ պատրաստուած էր, մասնակիցներուն յանձնուեցաւ միայն համաժողովին բացման օրը։ Ներկաները բնականաբար չէին կրնար անոր բովանդակութենէն իրազեկ ըլլալ, որպէսզի զրոյցները հունաւորուին, վերլուծական նախադրեալներ ունենան, մասնակիցներուն առաջարկները կրկնողութիւն չըլլան, եւ կարելիութիւն ստեղծուի գործնական գետնի վրայ աւելի հեռուն երթալու։ Ամեն պարագայի, կ?ափսոսանք նաեւ այս համաժողովէն բացակայութեան՝ ֆրանսահայ կարգ մը կազմակերպութիւններու, որոնք տարիներէ ի վեր Հայաստան-Սփիւռք կապերու ու գործակցութեան իւրօրինակ ուղիներ պեղած են, որոնց փորձառութիւնը կրնար մեծապէս նպաստել համագործակցութեան նոր դաշտեր փորձարկելու առումով։ Օրինակներով խօսինք։ Առաջին հերթին՝ համալսարանականները. Ֆրանսայի տարածքին՝ Փարիզի համալսարանի ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական բաժինը եւ Էքս-ան-Փրովանսի համալսարանի պատասխանատուները՝ երիտասարդական ու կրթական հարցերուն համար։ Աւելի անդին երթալով՝ դպրոցներու տնօրէններ նաեւ։ Երկրորդ՝ երիտասարդական ու մարդասիրական կազմակերպութիւնները, ինչպէս՝ Երկիր եւ Մշակոյթ, Շէն, Հայաստան-համագործակցութիւն (Coopération-Arménie), D-A Connexion (Սփիւռք-Հայաստան Կապ), COPEA։ Դեռ կան ուրիշներ. շարքը երկար է, որոնցմէ պէտք է յատկապէս նշել՝ բժիշկները, որոնք գործակցութեան մեծ փորձն ունին։ Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչն ալ ներկայ չէր։ Ան Պէլֆոթէնի պատանեկան-երիտասարդական իր կայանով եւ կրթական այլ ծրագիրներ վարելով՝ կարեւոր դերակատար մըն է Ֆրանսայի ընկերային կեանքին մէջ։ Պէտք է ընդգծել բացակայութիւնը Հայ Ընկերային Օգնութեան Ընկերակցութեան (AAAS), որ Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած հայկական առաջին կազմակերպութիւնն է. ան կը տնօրինէ երեք ծերանոցներ, Ֆրանսայի ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ գործակցաբար կ?ապահովէ «Վերադարձ դէպի Ակունք» ծրագիրը, որ Ֆրանսա հաստատուիլ փորձած Հայաստանցիներու Հայաստան վերադարձը ու վերահաստատումը կ?իրականացնէ, անոնց համար տեղւոյն վրայ փոքրիկ տնտեսութիւններ բանալով նաեւ։ Բացակայ էր նաեւ Ֆրանսայի Համահայկական Հիմնադրամը, որ անկախութենէն ի վեր Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորագոյն օղակներէն հանդիսացած է։ ՀՀՀ-ի անունը յաճախ յիշուեցաւ, ինչպէս արդէն գրեցինք ներկայացուած առաջարկներուն մէջ։ Չենք յիշատակեր եկեղեցական կառոյցները, որոնք ներկայացուած էին հոյլ մը եկեղեցականներով, որոնք, սակայն, գոնէ Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան պարագային՝ կը մնային աննշան. Ֆրանսայի թեմէն ներկայ էին միայն Ռոպէր Ազիլազեան եւ Վազգէն Էսկիճեան։ Հոս, կ?արժէ փակագիծ մը բանալ՝ խօսելու համար եկեղեցական կառոյցներուն մասին, որոնք, նախքան Հայաստանի 3րդ Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը, այսինքն՝ նաեւ նախքան Էջմիածնի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս՝ եկեղեցական կեանքի անկախացումը, Սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս եւ հետեւաբար Ֆրանսայի մէջ ալ, համայնքային կազմակերպութեան գլխաւոր կեդրոնը հանդիսացած են։ Ներկայիս, դերերու նոր բաշխում մը տեղի կ?ունենայ՝ ինչպէս Ֆրանսայի պարագային, ուր CCAF-ը իբր համակարգող կազմակերպութիւն ուզեց ստանձնել քաղաքական ներկայացուցչական պատասխանատւութիւն մը, որ բնականաբար եկեղեցին կը կատարէր՝ քաղաքական կազմակերպութիւններու կողքին։ CCAF-ը տասը տարուան կեանք ունի եւ շատ թերի գործունէութիւն մը։ Եկեղեցին ալ, իր թերութիւններով հանդերձ, կը պահէ տակաւին կազմակերպչական իր ուժն ու կարեւորութիւնը՝ կուսակցութիւններու կողքին։ Զգալի էր նաեւ մտաւորականներու եւ մշակութային գործիչներու բացակայութիւնը։ Անուններ չենք ուզեր յիշատակել։ Առանց մտաւորականութեան, անկախ մշակութային գործիչներու եւ արուստագէտներու՝ կը պակսի համայնքներուն ներքին հայկական կեանքին ինքնուրոյն դիմագիծ տուող ստեղծագործողներու մակարդը։ Ահաւասիկ, հիմնական կազմակերպչական խնդիր մը, որ նորութիւն չէ։ Բոլոր համաժողովներուն պարագան է. կը մասնակցին անոնք, որոնք տեղեկութիւն ունին, անոնք, որոնք ժամանակ ունին, միջոցները ունին։ Այսինքն՝ փոքրիկ խմբակ մը։ Ահաւասիկ, այստեղ մեծ պատասխանատւութիւն ունին համակարգող մարմինները եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ նմանօրինակ մեծածաւալ համահայկական համաժողովներ կազմակերպելու համար համեմատական ճիշդ ընտրութիւն կատարելու առումով։ Դատելով այս համաժողովին չորս նիստերու ընթացքին արտայայտուած գաղափարներէն՝ զգալի են մտահոգութիւններու, առաջնահերթութիւններու զանազանութիւնը եւ տարբերակումները, կան նոյնիսկ հակասական առաջարկներ։ Վստահ ենք, որ այդ առաջարկներուն մեծամասնութիւնը նորութիւն չէ։ Եւ ինչպէս շատ դիպուկ կերպով յիշեց տիկին նախարարուհին՝ Հրանոյշ Յակոբեան, նախկին համաժողովներու բոլոր եզրայանգումները, որոնք մնացած են սնտուկներու մէջ, ներկայիս յանձնուած են իրեն, որպէսզի ուսումնասիրուին եւ գործադրութեան յանձնուին կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Այս համաժողովի որոշումները եւս նկատի առնելով՝ կարելի է հարց տալ, թէ ինչքանո՞վ գործադրելի են, մանաւանդ նկատի առնելով Սփիւռքի նախարարութեան նիւթական կարելիութիւնները եւ անոր ազդեցութեան գօտիները։ Անպատճառ կ?ուզենք անդրադառնալ համաժողովին՝ «ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԻ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ» անուանումին, որովհետեւ կ?ենթադրենք, որ պատահական չէ ան եւ այդ իսկ պատճառով ալ յստակօրէն կը սահմանէ Սփիւռքի նկատմամբ Սփիւռքի նախարարութեան դերակատարութիւնը՝ այսինքն Սփիւռքի կազմակերպումը Երեւանի մէջ։ Այս անուանումը բնաւ հարց չդարձաւ համաժողովին, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ կա՛մ մասնակիցներուն ուշադրութենէն վրիպած էր եւ կա՛մ համաձայն էին անոր։ Դատելով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգերու մասին առաջադրուած գաղափարներէն՝ կարելի է եզրակացնել, որ մեծ մասամբ բոլոր մասնակիցները գոնէ թուղթի վրայ համաձայն են նման կազմակերպչական հովանաւորութեան։ Ահաւասիկ հիմնական խնդիրը՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը տիրական միջոցները ունի՞ նման յանձնառութիւն մը իրականացնելու, մանաւանդ՝ ինչպէս շատեր յիշեցուցած են անցեալին եւ այս անգամ ալ յիշեցուցին, երբ նկատի առնուի Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կազմակերպման անարդար ու անժողովրդավար կարգերը։ Ժ. Չ. «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը