107-րդ տարեդարձ Փարիզի Մայր եկեղեցւոյ


107-րդ տարեդարձ Փարիզի Մայր եկեղեցւոյ

  • 15-10-2011 12:39:09   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Կիրակի, Հոկտեմբեր 2ին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ օծման 107-րդ տարեդարձը։ Արդէն նախորդող օրերուն, պատրաստութեան աշխատանքները արտասովոր եռուզեռ մը ստեղծած էին Առաջնորդարանին մէջ։ Տիկնանց Յանձնախումբը, հոգաբարձութիւնը, արուեստագէտ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, հոգեւոր հովիւի գլխաւորութեամբ լծուած էին մատաղի, ճաշկերոյթի եւ գեղարուեստական յայտագրի պատրաստութեան։ Կիրակի առաւօտ, հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ֆրանսայի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան, որ քարոզի ժամանակ խօսեցաւ բարերարութեան խորհուրդի մասին՝ վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթի, դպրոցներու եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս բարերարութեան առաքինութիւնը։ Ան նշեց անունները Մայր Տաճարի ի կեանս եղող բարերարներուն՝ անոնց մաղթելով առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երջանիկ տարիներ, ի սպաս մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին։ Ապա Փարիզի ծխատէր հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Պարթեւ Աբեղայ Բարսեղեանը կարդաց Մայր Եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր ծառայողներու՝ դպրապետներու, երաժշտապետներու, սարկաւագներու, դպիրներու, երգեհոնահարներու, երգչախումբի ղեկավարներու եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ բարերարներու անունները՝ սկսելով եկեղեցաշէն Ալեքսանդր Մանթաշեանէն, հասնելով մինչեւ վերջերս մահացած բարերարները, որոնց անունները քանդակուած են եկեղեցւոյ գաւիթի պատերուն վրայ, եւ որոնց հոգիներուն ի խաղաղութիւն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդը երկիւղածութեամբ մօտեցաւ եւ առաւ իր բաժինը՝ այսպիսով միշտ վառ պահելով մեր դարաւոր աւանդութիւնը։ Տիկնանց Յանձնախումբը, ինչպէս միշտ, եկեղեցւոյ բակին մէջ ժողովուրդը հիւրասիրեց սուրճով եւ քաղցրեղէնով։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ սեղանը՝ կազմակերպութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբի եւ հոգեւոր հովիւի։ Նահապետական ընթրիք մըն էր, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հօտ եւ հովիւ մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի, Փարիզի, Իսի Լէ Մուլինոյի, Ալֆորվիլի եւ Շաւիլի ծխական խորհուրդներու ատենապետներն ու ներկայացուցիչները եւ բարեպաշտ հայորդիներ, որոնք ծայրէ ծայր լեցուցած էին սրահը։ Սրբազան Հօր կողքին նստած էր նաեւ մեծանուն բարերարի թոռը՝ Ալեքսանդր Մանթաշով։ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկան հոգեւոր հովիւը եւ Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետուհի Տիկին Մարկօ Գոգորեան։ Ներկաներուն համար անակնկալ էր գեղարուեստական յայտագիրը, որ տարբեր համ ու հոտ տուաւ ընթրիքին, ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով։ Իրենց քաղցր ձայներով եւ բարձրորակ կատարումներով հանդէս եկան Քրիստինէ Այդինեան, Մկրտիչ Մկրտչեան, Մարի եւ Անահիտ Տիւզեան եւ Սարգիս Փեհլիվանեան, ինչպէս նաեւ Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ փոքրիկներու պարախումբը։ Ճաշի ընթացքին խօսք առին Ալեքսանդր Մանթաշով, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկին Թամարա Քոչարեան, Պրն. Գեղամ Թորոսեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Փաթրիս Ճօլօլեան, Տ. Պարթեւ Աբղ. Բարսեղեան եւ Տ. Աւետիս Ա. Քհնյ. Պալըգեան։ Ապա խօսք առաւ Սրբազան Հայրը, որ ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթը՝ զայն կապելով ներկային հետ։ Ան կուռ ճառով խօսեցաւ մեր դիմագրաւած հարցերու մասին, եւ հայրաբար յորդորեց՝ հաւաքաբար պայքարելու մեր հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն դէմ։ Երեկոն փակուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ Երեւան-Էրեբունի երգի խանդավառ կատարումով։ Թղթակից Նոր Յառաջ», Փարիզ, Հոկտեմբեր 15, թիւ 277
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը