Ահմէտ Ինսէլ կը քննարկէ Էրտողանի կ'ողմէ Սարքոզիին տրուած պատասխանը


Ահմէտ Ինսէլ կը քննարկէ Էրտողանի կ'ողմէ Սարքոզիին տրուած պատասխանը

  • 17-10-2011 17:41:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Եայտնի քրոնիկագիր Ահմէտ Ինսէլ «Րատիքալէի Կ'իրակնօրէայ եաւելուածականին մէջ երէկ կը քննադատէր Վարչապետ Էրտողանի կ'ողմէ Ֆրանսայի Նախագահ Սարքոզիի տրուած պատասխանը, «Նախ դուն քեզի նայէ»: Յօդուածագիրը կը հարցնէր. «Դուն քեզի նայէ ըսելը վեհ մտածումի եայտարա՞ր է»: Ահմէտ Ինսէլ կը յիշեցնէր որ Էրտողան խիստ պատասխանեց Սարքոզիի այն պնդումին թէ Թուրքիայ մէկ տարուան մէջ պէտք է հաշտուի իր անցէալին հետ, այլապէս իրենք ալ դարձէալ օրակարգի կը բերեն հայկական ցեղասպանութէան ուրացումը եանցագործութիւն նկատող օրինագիծը: Ինսէլ կը եայտնէ որ ինք ալ կողմնակից չէր Ֆրանսայի կ'ողմէ պատրաստուած այդ օրինագծին, որովհետեւ ուրացումը եանցագործութիւն նկատող նմանօրինակ օրէնք մը կը դժուարացնէ պատմաբաններուն գործը: Ինսէլ ալ մէկն էր այն էօթը Թուրքիացիներէն որոնք այդ օրէնքին դէմ եայտարարութիւն ստորագրած էին եւ ըսած էին որ այսպիսի օրէնք մը կը դժուարացնէ պատմութիւնը հարցաքննելու կարելիութիւնը: Այնուհանդերձ ինք ալ կը պաշտպանէր այն տեսակէտը թէ իննսուն տարիէ ի վեր մութին մէջ մնացած պատմութէան այս խնդիրը հարցաքննելը ժողովրդավարական զարգացման հանգրուաններէն մէկն է, որքան ալ այդ հարցաքննողները հայրենադաւեր նկատուին: Ապա Ինսէլ օրակարգի կը բերէ Վարչապետ Էրտողանին տուած պատասխսնը: ենախ դուն քեզի նայէ«: Այս պատասխանը անկասկած Թուրքիոյ մէջ շատերու հաճոյ թուեցաւ, շոյեց անոնց արժանապատուութիւնը, բայց մետայլը ունի ուրիշ երեսակ մըն ալ: Վարչապետին այս խօսքը կարծես իւղ կը քսէ հացին վրայ անոնց, որոնք կը հաւատան որ ցեղասպանութէան ուրացումը եանցագործութիւն նկատող օրէնքի կարիքը կ'այ իրաւ ալ: Վարչապետը, երբ Սարքոզիին կþըսէր որ նախ դուն քեզի նայէ ու երբ այս կերպով ակնարկութիւն կþընէր Ալճերիոյ մէջ ու այլուր Ֆրանսայի կատարած գաղթատիրութէան, մեր մտքին մէջ կը ստեղծէր սա հարցումը. լաւ, բայց եթէ Ֆրանսայ հայելիին նայի ու ճանչնայ իր պատմութիւնը, այն ատեն Թուրքիայ ալ պիտի ճանչնա՛յ հայերու դէմ գործուած վայրագութիւնները, սպանդները, ինչ անուն որ տաք անոնց: Եւ կամ Թուրքիայ ի՞նչ պատասխան պիտի տայ եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հրաւէրը գայ տարբեր երկրէ մը որուն անցէալին մէջ մութ էջ չկայ: Էրտողան երբ ենախ դուն քեզի նայէ« կþըսէ, կը յիշեցնէ թաղերու մէջ փողոցային կը ռիւի մը ոճը որ շատ ալ հաշտ չէ քաղաքական այն մեծ մտածումին, որով Էրտողան միշտ կը պարծենայ: Մնաց որ ենախ դուն քեզի նայէ« ըսելը կը նշանակէ ընդունիլ որ էերկուքս ալ նոյն եանցանքը գործած ենք, ուրեմն հիմա քեզի ի՞նչ«: Ինսէլ ապա կը գրէ որ եայտնի է որ Էրտողան ո՛չ թէ ցեղասպանութէան հետ երես առ երեսի գալու, այլ ներողութիւն մը խնդրելու իսկ պատրաստ չէ: Ան Հայաստանի Հանրապետութէան Նախագահին ներկայութէան իսկ պնդած էր որ Թուրքիայ բոլոր արխիւները բացած է, թող միւսներն ալ բանան: Ինսէլ հոս կþընէ սա տրամաբանութիւնը. Եթէ Էրտողան այսօր իսկ կը պնդէ թէ բոլոր արխիւները բացուած են ու երբ կը պնդէ որ ցեղասպանութիւն չէ կատարուած, վաղը նոյնը պիտի չընէ՞ իր առջեւ դրուած նոր փաստաթուղթերուն դիմաց: Էրտողանն է որ ըսած էր որ Թուրքերու մշակոյթին մէջ ցեղասպանութիւն ըսուած բանը չկայ ու ան այս կերպով պաշտպանած էր նոյնիսկ միջազգային դատարանի կ'ողմէ ցեղասպանութէան եանցանքով ամբաստանուած Սուտանի Նախագահը: Մնաց որ Էրտողանի կառավարութիւնը չէ՞ր որ արգիլեց Օսմանէան արխիւներուն համացանցի վրայ բացուիլը: Ինսէլ իր յօդուածը կþեզրակացնէ դիտել տալով որ այսպիսի մտածողութիւն մը յստակօրէն ներհակ է վեհ մտածումի ընդունակութէան հետ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը