Հաքքարիի մէջ ահաբեկչական ծանր եարձակումներ տեղի ունեցան


Հաքքարիի մէջ ահաբեկչական ծանր եարձակումներ տեղի ունեցան

  • 19-10-2011 17:41:16   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Այսօր առաւօտէան լրատու գործակալութիւններու կ'ողմէ հաղորդուած ծանր ու մարդկային կորուստներով լեցուն լուրեր եկան ցնցել բովանդակ Թուրքիան: հաքքարիի Էիւքսէքովայ եւ Չուքուրճայ շրջաններուն մէջ գիշերուայ ժամերուն ահաբեկչական եարձակումներ տեղի ունեցած եւ 24 զինուորներ իրենց կէանքը կորսնցուցած էին` նահատակուելով ահաբեկիչներու գնդակոծութէան հետեւանքով: Սկզբնական տուէալներով կը նշուէր որ 18 զինուորներ ալ վիրաւորուած են ու փոխադրուած շրջանի հիւանդանոցները: Եարձակումները սկսան կէսգիշերէն ետք առտուան կանուխ ժամերուն` Չուքուրճայի ու Էիւքսէքովայի մէջ եւ շարունակուած մինչեւ ժամը 5ը: Ոստիկաններն ու զինուորները անմիջապէս փոխադարձած են գնդակոծութէանց: Կը շեշտուի որ ահաբեկիչներ նոյն պահուն ութ տարբեր զինուորական կ'էտէր թիրախ առած են ու սկսած` եարձակումի: Բախումներն ու կրակոցներու ձայնը մեծ խուճապ ստեղծած են բնակիչներու մօտ: Առաւօտէան բախումները տեղ տեղ կը շարունակուէին, բայց Թուրք զինէալ ուժերը լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեցին, ահաբեկիչները վնասազերծելու նպատակով: Եարձակման ենթարկուած զինուորական միաւորումներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի սահմանամերձ շրջաններու մէջ եւ այնպէս կþենթադրուի որ ահաբեկիչներ Իրաքէն եկած են ու իրենց եարձակումը իրականացնելէ ետք դարձէա՛լ եաջողած են փախչիլ դէպի Իրաք: Զինէալ ուժեր այժմ կը գնդակոծեն ահաբեկիչերու փախուստի ճամբաները: Քսանըչորս զինուորներու նահատակութէան ու ահաբեկչական այս ծանր եարձակումներու պատճառով, Վարչապետ Էրտողան ջնջեց այսօր դէպի Ղազախստան կատարելի իր այցելութիւնը: Դէպքէն անմիջապէս վերջ Պաշտպանութէան Նախարարն ու Սպայակոյտի Նախագահը` զինէալ ուժերու հրամանատարներու հետ միասին, Հաքքարի գացին, տեղւոյն վրայ իրադրութիւնը ճշդելու եւ անհրաժեշտ գործողութիւնները համակարգելու համար: Փոխ-վարչապետ Պիւլէնտ Արընչն ալ, որ Մակեդոնիա կը գտնուէր պաշտօնական այցելութէամբ, լուրը լսելէ անմիջապէս վերջ կիսատ թողուց այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Անգարայ: Թերթս հրատարակութէան եանձնելու պահուն այլ նորութիւններ չկային այս ցաւալի նոր միջադէպի մասին: Մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդենք մեր վաղուան թիւով:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը