Արմէն Պետրոսէանի մահը ակնեայտօրէն անակնկալ էր բոլորի համար


Արմէն Պետրոսէանի մահը ակնեայտօրէն անակնկալ էր բոլորի համար

  • 19-10-2011 17:48:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Մարմարա» Ինչպէս արդէն հաղորդած ենք, 16 Հոկտեմբերին, Կ'ոտայքի մարզի Աբովէան քաղաքի մօտ անձնասպան եղած էր Երեւանի նշանաւոր «արայէ ելեկտրոնային գործիքներու վաճառատան սեփականատէր 31ամէայ Արմէն Պետրոսէան: Երիտասարդ գործարարի այս խորհրդաւոր էանձնասպանութէան« չեն հաւատար ո՛չ իր մերձաւորները եւ ոչ ալ ընդհանրապէս հասարակ երեւանցիներ: Երէկ տարաբախտ գործարարի իւղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Փափազէան փողոցի վրայ գտնուող իր առանձնատունէն: Արմէն Պետրոսէանի դրացիները պատմեցին որ երիտասարդ գործարարը տան միակ արու զաւակն էր, ամուսնացած է եւ ունի դուստր մը: Արմէն Պետրոսէանի հայրը «արայէ ընկերութէան հիմնադիր Արայիկ Պետրոսէան եւս անժամանակ մահացած էր` սրտի կաթուածի հետեւանքով: Իւղարկաւորութէան նախորդ օրը տեղի ունեցաւ Արմէն Պետրոսէանի հոգեհանգիստը` Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Եօւհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր ասեղ նետելու տեղ իսկ չկար: Հանգուցէալին վերջին հրաժեշտը տալու գացած էին իր հարազատները, ընկերներ, գործընկերներ, աշխատակիցնէր, հանրապետութէան մէջ եայտնի գործարարներ ու քաղաքական գործիչներ: Հոն հաւաքուած մարդիկ կը նշէին որ որեւէ պատճառ չկար Արմէն Պետրոսէանը սպաննելու համար: Իր մահը ակնեայտօրէն անակնկալ էր բոլորի համար: «խելօք տղայ էր, կ'աշխատէր, ո՞վ սպաննեց, ինչու՞ սպաննեցինէ. ահաւասիկ խօսակցութիւններու գլխաւոր թէմաներէն մէկը: Ներկաներէն ո՛չ մէկը, այդ կարգին նաեւ «արայէի աշխատակիցները կը հաւատան անձնասպանութէան վարկածին, որ մէջտեղ քշած է ոստիկանութիւնը: «արայէ ընկերութիւնը առայժմ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ըրած այս մասին: Ի դէպ, «արայէը հիմնուած է 1988ին եւ կը հանդիսանայ հանրայայտ ելեկտրոնային ընկերութիւններու «թոշիպա», «էլ Ճի», «էլէքթրոլիւքս», «զանուսսի», «փանասոնիք», «վէսթէլ», «հիթաճի», «ֆիլիփս» ու կարգ մը այլ ընկերութիւններու պաշտօնական գործընկերը: «արայը» բացի Հայաստանի մէջ առկայ վաճառքի իր էօթը ցանցերէն, ներկայացուած է նաեւ Վրաստանի, Արաբական Էմիրութիւններու մէջ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը