Տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը


Տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը

  • 25-10-2011 13:53:34   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 25 Շաբաթ օր, Հոկտեմբեր 22ին պատկառելի արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը: Ներկայ էր Պոլսէն կղերականաց բազմանդամ դաս մը՝ բնիկ տիգրանակերտցի, պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան, Սահակ Եպիսկ. Մաշալեան, Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, իսկ արտասահմանէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ամերիկայի եկեղեցեաց նախագահ Վիգէն Արք. Այքազեան, Հալէպի առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան, Աւստրալիոյ առաջնորդ Հայր Հայկազուն Նաճառեան, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրեր եւ մօտաւորապէս 25 սարկաւագներ։ Ներկայ էին նաեւ ուղղափառ յոյն, կաթոլիկ եւ ասորի կղերականներ: Սրբազանները օծեցին Սուրբ Կիրակոսի հինգ խորանները, ներկայութեան՝ աւելի քան 1.500 հաւատացեալներու եւ հիւրերու՝ եկած Պոլսէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանէն: Իրիկունը տեղի ունեցաւ ընթրիք, քանի մը հարիւր հոգիի մասնակցութեամբ: Ներկայ էին զոյգ քաղաքապետները՝ Տիգրանակերտի Մեծ Քաղաքի եւ ներքնաբերդի: Մեծ քաղաքի քաղաքապետը՝ Օսման Պայտէմիր շատ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ: Ինչպէս արդէն ըսած էր անցեալին, անգամ մը եւս կրկնեց՝ “Հոս՝ ձե՛ր տեղն է: Եկէ՛ք: Այստեղ հանդուրժողութիւն չէ որ ցոյց պիտի տրուի ձեր նկատմամբ, այլեւ՝ յարգանք: Եկէք ու վերաստեղծենք բազմամշակոյթ ընկերութիւն մը”: Յաջորդ օր, Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ի առաւօտեան ժամը 10ին տեղի ունեցաւ անդրանիկ պատարագը, երգեցողութեամբ՝ Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի «Սուրբ Վարդանանց» երգչախումբին: Ներկայ էր նախորդ օրուան նոյն հոծ բազմութիւնը: Շատ տպաւորիչ էր եւ յուզիչ՝ աւելի քան հազար հոգիի բերնէն միաբերան լսել՝ «Հայր Մեր»ը…: Արամ Սրբազան իր քարոզին սկիզբը խօսեցաւ Սիմէոն Լեհացիի մասին, որ իր «Ուղեւորութեան» մէջ (ԺԷ. դար) կը յիշէ այս եկեղեցին, զայն նկարագրելով զմայլանքով: Պատարագի ընթացքին յիշատակը վեր առնուեցաւ այն բոլոր կղերականներուն, որոնք սպասարկած են Տիգրանակերտի մէջ: Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը: - Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը իր լրումին հասցնելու համար դեռ հարկ է 1 միլիոն տոլար: - Եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուած է փոքր ցուցահանդէս մը, Օսման Քէօքէրի տրամադրած լուսանկարներով: Ցուցահանդէսը «կը պատմէ» Տիգրանակերտի Հայերու մասին: - Եկեղեցւոյ շուրջ առնուած էին ապահովութեան շատ խիստ միջոցներ: - Քաղաքին մէջ, ամեն տեղ կարելի է տեսնել՝ հայերէն, թրքերէն, քրտերէն եւ անգլերէն «Բարի եկաք ձեր տունը» արձանագրութիւնը կրող պաստառներ: - Զգալի է քրտական կողմին քաղաքական պատրաստակամութիւնը: - Քաղաքին մէջ զուգահեռաբար նկատելի են խանդավառութիւնն ու անտարբերութիւնը, երբեմն նոյնիսկ թշնամական կեցուածքներ: Վկայ եղանք անոնցմէ մէկուն, երբ անցորդ մը կ?ըսէր՝ “Ք… իրենց եկեղեցիին մէջը”: - Տիգրանակերտի հայկական կալուածներու վագըֆը (հիմնադրամը) կ?աշխատի բարենորոգել ազգապատկան միւս կալուածներն ալ, ինչպէս օրինակ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որ Սուրբ Կիրակոսի նախկին վիճակէն ա՛լ աւելի գէշ վիճակի մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ խանութներ: Հայկական կալուածներու հիմնադրամը իրաւաբանական պայքար կը մղէ գրաւեալ կալուածները ետ առնելու համար: Ա. Ք.
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը