Թուրքիա պաշտօնապէս դիմած ղրկած է Հայաստանին Վանի աղիտեալներուն օգնական ըլլալու համար


Թուրքիա պաշտօնապէս դիմած ղրկած է Հայաստանին Վանի աղիտեալներուն օգնական ըլլալու համար

  • 28-10-2011 16:00:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Հայաստանի Արտաքին Նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան երէկ մամուլին յայտարարեց թէ Թուրքիա պաշտօնապէս նամակ ղրկած է Հայաստանին, Վանի աղիտեալներուն օգնական ըլլալու համար։ Նամակը Հայաստան հասած է երէկ, 27 Հոկտեմբերին թրքական Կարմիր Մահիկի եւ Եւրօատլանտեան աղէտներու արձագանգման կեդրոնի միջոցաւ։ Հայկական կողմը անմիջապէս քայլերու ձեռնարկեց, ըստ կարելւոյն կարճ ժամանակի մէջ օգնութիւն ցոյց տալու աշխատանքները քննարկելու նպատակով։ Հայաստանի Արտաքին Իրավիճակներու Նախարարութենէն յայտնեցին որ երեկոյեան ժամերուն Նախարարութեան ներկայացուցիչները »Իլ-76« օդանաւով Իզմիր քաղաք տեղափոխեցին Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը՝ 40 թոն բեռ. վրաններ, քնապարկներ, ծածկոցներ, անկողնային պարագաներ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը