Էրտողան. «Թուրքիոյ մէջ որքան փախստական շէնք որ կայ, պիտի փլցուի»


Էրտողան. «Թուրքիոյ մէջ որքան փախստական շէնք որ կայ, պիտի փլցուի»

  • 28-10-2011 16:11:28   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Մարմարա» Վանի երկրաշարժի աղէտէն վերջ Վարչապետ Էրտողան նոր ու շատ կարեւոր առաջադրութիւն մը դրաւ սեղանին վրայ եւ ըսաւ որ Թուրքիոյ մէջ որքան փախստական շէնք որ կայ, պիտի փլցուի, նոյնիսկ եթէ ասիկա պատճառ դառնայ որ իրենք իշխանութիւնը կորսնցնեն։ Էրտողան գիտէր որ այսպիսի առաջադրութիւն մը զիրենք անսիրելի կը դարձնէ շատ լայն շրջանակի մը մօտ որ տէր է անկանոն կառուցուած ու երկրաշարժի մը պարագային վտանգ ներկայացնող շէնքի մը։ Հակառակ այդ դժգոհութեան այդ շէնքերը պիտի փլցուին, ըսաւ Էրտողան։ Բայց ի՞նչ թիւ կը կազմէին այն շէնքերը որոնք այս պայմաններու մէջ պէտք է փլցուին։ Բազմաթիւ շինարարներ ու մասնագէտներ այսօր կը պատասխանեն այս հարցումին։ Թուրքիոյ մէջ առկայ շէնքերուն յիսուն տոկոսը օրինաւոր կառոյց չունի ու պէտք է փլցուի։ Թուրքիոյ մէջ առկայ շէնքերուն յիսուն տոկոսը։ Եւ ասիկա կը նշանակէ փլցնել Թուրքիոյ մէջ առկայ 19 միլիոն շէնքերու մօտաւորապէս ինը միլիոնը։ Թուրքիա, եթէ կþուզէ որ երկրաշարժի դէմ պատրաստ ըլլայ, պայման է որ շէնքերը փլցուին ու անոնց տեղ նորերը կառուցուին։ Միայն թէ հարց մը կայ։ Այդ նորերն ալ օրինաւոր չափերով պիտի կառուցուի՞ն, անոնց կառուցումի ընթացքին ալ պիտի գործադրուի՞ն այն օրինազանցութիւնները որոնք այս երկրին հիւանդութիւններէն մէկը կը կազմեն։ Միայն Իսթանպուլի մէջ 3,5 միլիոն բնակարան կայ ու այս շէնքերուն կէսը գրեթէ փախստական կը նկատուի։ Անշարժ Կալուածի Ներդրումի Ընկերակցութեան Միութեան Նախագահ Ըշըք Կէօքքայա յայտնեց թէ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ալ շէնքերու 40-45 առ հարիւրը պէտք է նորոգուի։ Ըշըք Կէօքքայա դիտել տուաւ որ իրենց կազմակերպութիւնը կրնայ ամբողջովին զօրակից կանգնիլ Վարչապետ Էրտողանի այն յայտարարութեան թէ այսուհետեւ կառավարութիւնը իր նախարարութեան լիազօրութեան մէջ պիտի առնէ շէնքերու շինութեան արտօնագիր տալու հարցը, ատկէ զատ՝ մէկ առ մէկ պիտի ստուգուին անկանոն շէնքերը, եթէ անոնց տէրերը չսրբագրեն այդ շէնքերը, կառավարութիւնը պիտի ապասեփականացնէ զանոնք ու մէկ առ մէկ փլցնելով անոնց տեղ նորերը պիտի կառուցանէ։ Կէօքքայա ըսաւ որ իրենք ալ արդէն շարունակ նոյն տեսակէտը կը պաշտպանէին ցարդ։ Շինարարական ընկերութիւններու պատասխանատուները կողմնակից են նաեւ որ ջնջուի շէնքերու մէջ առանձին յարկաբաժիններու սեփականատիրութեան դրութիւնը։ Թուրքիոյ մէջ առկայ 19 միլիոն շէնքին 45 առ հարիւրը կառուցուած է առանց կանոնաւոր արտօնագրի։ Պէտք է ամենակարճ ժամանակի մէջ պատրաստել ցուցակը այն շէնքերուն որոնք կառուցուած են 1999 թուականէն առաջ։ Իսկ Իսթանպուլի մէջ նուազագոյն երկու միլիոն շէնք պէտք է վերանորոգուի։ Այս նպատակով ալ կարելի է ստեղծել նիւթական մատակարարման ու ելմտական սպասարկութեան նոր դրութիւններ։ Շինարարական ուրիշ ընկերակցութեան մը նախագահ Էօմէր Ֆարուք Չէլիք ըսաւ որ Վանի երկրաշարժը անգամ մը եւս երեւան հանեց թէ Թուրքիոյ մէջ առկայ շէնքերը որքան վատառողջ կառոյց ունին եւ որքան խարխուլ են երկրաշարժերու դիմաց։ Թուրքիոյ շէնքերուն մեծամասնութիւնը կառուցուած է առանց նկատի առնելու որ երկիրը երկրաշարժի տարածքի երկիր է։ Ան ալ դիտել տուաւ որ շէնքերուն քառասուն տոկոսը տոկուն չէ երկրաշարժի դէմ։ Ուրեմն պէտք է կազմակերպել քաղաքային կառոյցի փոփոխութեան զինակոչ մը։ Քաղաքապետութիւնները պէտք է շահագրգիռ մարմիններու օժանդակութեամբ ճշդեն վատառողջ պայմաններ ներկայացնող շէնքերը, պէտք է ազդարարութիւն ուղղեն անոնց տէրերուն ու տրամաբանական ժամանակամիջոց մը պէտք է տան այդ շէնքերուն վերակառուցման համար։ Եթէ տրուած պայմանաժամի մէջ այդ շէնքը չէ վերակառուցուած, շէնքը պէտք է ապասեփականացուի ու պէտք է պարպուի իր բնակիչներէն։ Նախկին տէրերուն կողմէ պարպուած շէնքերը միշտ պէտք է մնան նախկին տէրերուն առաջնահերթ իրաւատիրութեան մէջ եւ անոնք մինչեւ վերջ պէտք է գործածեն իրենց այդ իրաւունքը։ Պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին նաեւ Շինարարութեան Օրէնքը ¤Իմար Քանունու_ եւ Առանձին Յարկերու Սեփականատիրութեան Օրէնքը ¤Քաթ Միւլքիյէթի Քանունու_։ Տակաւին շատ բան կը խօսուի ու վստահ ենք տակաւին պիտի խօսուի այս խարխուլ ու վերակառուցման կարօտ շէնքերուն մասին։ Բայց գործնական գետնի վրայ կարելի պիտի ըլլա՞յ քայլ առնել, թէ ոչ այս անգամ ալ որոշ ժամանակ մը վերջ ամէն ինչ պիտի մոռցուի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը