ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԶԻՐԱՐ ԾԵԾԵՑԻՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ


ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԶԻՐԱՐ ԾԵԾԵՑԻՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

  • 02-11-2011 21:52:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Կիրակի, Հոկտեմբեր 30ի յետմիջօրէին, շուրջ 150 Թուրքեր համախմբուած են Պասթիյի Օփերային սանդուխներուն վրայ: Դրօշակներ պարզած՝ սկսած են երգել հայրենասիրական երգեր եւ վանկարկած լոզունգներ՝ դատապարտելու համար քրտական ահաբեկչութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Քիչ անց մօտակայքի քրտաշատ թաղերէն վրայ հասած են այս անգամ քրտական դրօշակներ պարզած, ձեռքերնուն փայտեր ու քարեր բռնած ՓՔՔ-ական Քիւրտեր, որոնք յարձակած են թուրք ցուցարարներուն վրայ: Կարճ ժամանակի մէջ պատերազմի դաշտի վերածուած է պատմական հրապարակը: Անցորդները հազիւ կրցած են փախչիլ ու պահուըտիլ անկիւն մը, մինչ երթեւեկը բոլորովին կանգ առած է: Ոստիկանութիւնը արտասուաբեր ռումբերու գործածութեամբ, դժուարաւ յաջողած է ցրել կռուողները: Թուրքերը կը պնդեն թէ տասը վիրաւոր ունին, եւ թէ Քիւրտերը փորձած են զիրենք լինչ ընել, ինչ որ չէ հաստատուած սակայն նահանգապետարանին կողմէ: Այս բախումները պատահած են Թուրքիոյ Պինկէօլ քաղաքին մէջ գործուած անձնասպանական արարքի մը վաղորդայնին: ՓՔՔ-ական զինուորեալ կին մը իր վրայ կրած ռումբերը պայթեցնելով պատճառ եղած է, բացի իրմէ, երկու հոգիի մահուան եւ 12 հոգիի ալ վիրաւորուելուն: Յարձակումը ուղղուած էր իշխանութեան գլուխ գտնուող ԱԳՓ կուսակցութեան քաղաքային կեդրոնատեղիին դէմ: «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը