ՀԱՅ ԲՆԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ ՀԱՄԼԷՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ


ՀԱՅ ԲՆԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ ՀԱՄԼԷՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

  • 08-11-2011 22:32:31   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հոկտեմբեր 14ի երեկոյեան, Սեւրի մէջ՝ Սէնի կանանչախիտ ափին վրայ, Մխիթարեան մշակութային կեդրոնի պատերէն ներս աշխոյժ եռուզեռ էր. հաւաքուած արուեստասէր բազմութիւնը եկած էր դիտելու եւ գնահատելու նորայայտ անուն մը՝ Համլէտ Մինասեան (1923-1994), որ տակաւին 2-3 տարի առաջ անծանօթ էր գեղարուեստով հետաքրքրուող հանրութեան։ «Ինքնատիպ արուեստագէտ մը՝ առանց մեծ յաւակնութիւններու, ապրած իր ներաշխարհով, իր հոգեկան եւ զգացական հաճոյքին համար վրձինը գործածած է մարդոցմէ հեռու՝ երգելով հայրենի բնութիւնը իր լեռներով, հովիտներով, գետերով, գիւղերով, տարուան բոլոր եղանակներուն՝ քնարական այնպիսի նրբութեամբ, զգացումի այնպիսի ուժգնութեամբ, որ Հայաստանի դաժան լեռներն ու արեգակնային երանգները դարձած են բանաստեղծութիւն՝ առինքնող, մարդկային» (Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան)։ Արդէն տարեց նկարիչը, իր կեանքի մայրամուտէն քանի մը տարի առաջ, ամարանոցին մէջ հանգստանալու ժամանակ, յաճախ կը բարձրաձայնէր իր մտորումները. “Ի՜նչ կը լինի՝ մի 30-40 տարի էլ տեսնեմ Արագածը, լսեմ այս գետի խշշոցը, նոր յետոյ՝ ինչ կը լինի, թող լինի”… *** Հ. Մինասեանի աշխատանքներու այս ցուցահանդէսը ձօնուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան 20րդ տարեդարձին, որ արդէն իսկ բազմաթիւ յիշարժան միջոցառումներու առիթ դարձած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Սակայն, մեր հայրենիքի վերանկախացման յոբելեանը զուգադիպած է նաեւ Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի հիմնարկութեան 175ամեակին, եւ ասիկա ալ Հ. Մինասեանի նկարներու ցուցադրութեան երկրորդ կարեւորագոյն առիթն էր։ Վարժարանի եւ Մխիթարեան մշակութային կեդրոնի տնօրէն Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան, տանտիրոջ եւ ցուցահանդէսին կազմակերպիչի իրաւունքով, նշանակալից մշակութային ձեռնարկ մը իրագործած ըլլալու արդարացի ինքնագոհութեամբ, մեծաթիւ հիւրերը կ?առաջնորդէր դէպի Մխիթարեան կեդրոնի պատուոյ դահլիճին մէջ հանգրուանած կտաւները։ Հայ եւ ֆրանսացի հիւրերը զմայլած կը դիտէին հայաստանեան ջերմաշունչ բնանկարները եւ արեւաբոյր նաթիւրմորթները՝ ընկղմելով լեռներու եւ ձորերու խայտաբղէտ գոյներու աշխարհին մէջ։ Հայր Յարութիւնի բնորոշմամբ՝ «քոլորիստներու» հայկական դպրոցին կը պատկանի այս բնանկարիչը։ Հայ փեյզաժիստներու սակաւաթիւ խումբ մը կայ՝ Առաքելեան, Սարեան, Զարգարեան եւ ահաւասիկ՝ Համլէտ Մինասեան, որոնք զերծ են խորհրդային բանուորական մտայնութենէն։ Հայրենի բնաշխարհի այս գեղարուեստական մատուցմամբ՝ ուրախ տրամադութիւն հաղորդող կտաւները շուրջ 15 օր ցուցադրուեցան Մխիթարեանի պատուոյ դահլիճին մէջ։ Հայր Յարութիւնը ուրախ է, որ դասական հայ նկարիչներէն մէկն ալ փրկուեցաւ այսօր։ Անոր կարծիքով, ֆրանսացի ըլլար՝ «երկինք կը հանէին այս գեղանկարիչը»… Իմ այն հարցումին, թէ ի՞նչպէս ծանօթացաւ Համլէտ Մինասեանի գործերուն, Վարդապետը շատ պարզ պատասխան տուաւ. “Բոլորովին պատահական ձեւով։ Մինասեանի երիտասարդ տղան, որ ընտանիքի հայր է, շինարար է Երեւանի մէջ եւ բնաւ կապ չունի արուեստի հետ, երբ տեսաւ որ ես Երեւանի մէջ կը զբաղիմ արժէքաւոր կարգ մը նկարիչներով, կը ցուցադրեմ եւ կը հովանաւորեմ, մօտեցաւ ինծի՝ քիչ մը երկչոտ կերպով, պատմեց իր մահացած հօր մասին, որու ար- ւեստանոցը 20 տարիէ ի վեր գոց է… Ընդունելով անոր հրաւէրը՝ միասին գացինք Աջափնեակ՝ Քիեւեան կամուրջին մօտ գտնուող՝ իր հօր արուեստանոցը. սարդոստայնները մաքրելով, դուռը հրելով-մրելով մտանք, - 2005 թուականն էր կարծեմ. նկարները շարուած էին պատի տակ…”։ Յ. Վրդ. Պզտիկեան, ինքն ալ արուեստի մարդ ըլլալով, Հայաստանի նկարիչներու միութեան պատուոյ անդամ, իսկոյն հասկցած է սարդոստայններու եւ փոշիի մէջ տեղաւորուած նկարներու իրական արժէքը։ Համաձայնելով զաւկին հետ՝ ան թուային լուսանկարչական խցիկով պատկերներ քաշած է նկարներէն եւ որոշած՝ անպայման ալպոմ մը հրատարակել Երեւանի մէջ։ Այնուհետեւ, Ֆրանսա վերադարձին, ան 40-50 նկար ճամպրուկի մէջ զետեղելով՝ բերած է հոս, շրջանակած եւ նախապատրաստած՝ ցուցադրութեան համար։ Վարդապետը խանդավառութեամբ կը պատմէ ինծի, թէ ի՛նչպէս “առաջին անգամ պզտիկ խումբ հրաւիրեցի՝ Սանթինի՝ Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետը, Գլամարինը, միւսները։ Սանթինի հաւնեցաւ եւ առաջարկեց Իսի-լէ-Մուլինօ ցուցադրել Հ. Մինասեանի նկարները։ Տարի մը սպասեցինք եւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ որոշեցինք ընել։ Վերջապէս, այս տարուան Յուլիսին կարգը եկաւ, փառաւոր ցուցահանդէս մը ըրինք, եւ ասիկա ահաւասիկ արդիւնքն է… Այս ալպոմն ալ պատրաստեցի, խնամեցի։ Շահէն Խաչատրեանին յանձնեցի տպագրութեան՝ գեղարուեստական բաժինը հոգալու: Շատ կոկիկ հատոր մը ելաւ”, կ?ըսէ Հայր Յարութիւն՝ ցոյց տալով շքեղ հրատարակուած նկարներու ալպոմը։ Համլէտ Մինասեան ոչ միայն կ?երթար գիւղերը, հայրենի բնութիւն կը նկարէր, այլեւ քանի մը թատրոններու բեմայարդարումներ կատարած է։ Աշխատած է Գեղարուեստի աշխատանոցի մէջ՝ որպէս նկարիչ-ձեւաւորող։ Ան ծնած է 1923ին՝ Երեւանի մէջ, միջնակարգ ուսումը աւարտելէ ետք հետեւած է Թերլեմեզեան նկարչական ուսումնարանի դասընթացքներուն։ Մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին, որմէ վերադարձին՝ ընդունուած եւ 1950ին աւարտած է Գեղարուեստի հիմնարկը։ Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան սա ձեւով կը նկարագրէ Հ. Մինասեանի արուեստը. «Նրա բնապատկերները՝ դիտողի հոգում ակամայ արթնացնում են այն յոյզերն ու խոհերը, որ Հայրենական պատերազմի տարիներին ժողովուրդը տածում էր մայր երկրի նկատմամբ։ Այդ ապրումներով է ներշնչուել եւ Համլէտ Մինասեանը՝ մի նկարիչ, որ երիտասարդ տարիքում անցել էր պատերազմի բովով»։ Թէեւ Հ. Մինասեան Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ էր, սակայն երբեք անհատական ցուցահանդէս չէ ունեցած իր ողջութեան օրօք։ Առաջին անգամ նման ցուցահանդէս կազմակերպուեցաւ 2010 Յուլիս 8ին՝ իր ծննդեան օրը, եւ տեւեց մինչեւ Յուլիս 18։ Ատկէ ետք, ծանօթ նկարիչ Յակոբ Յակոբեան գրած է. «Եթէ նկարիչներու միութիւնում չցուցադրուէին հանգուցեալ նկարիչ Համլէտ Մինասեանի ստեղծագործութիւնները, ինծի պէս շատեր ալ պիտի չիմանային շնորհալի նկարչի գոյութեան մասին։ Քանի որ նկարիչը, իր կենդանութեան, չէր ունեցել անհատական ցուցահանդէս, եւ ասացին, որ աւելի շատ Երեւանից դուրս է ապրելիս եղել։ Այնպէս որ, այս ցուցահանդէսը կազմակերպողները՝ Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանը, արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանը եւ ռեժիսոր Նորա Մուրատեանը գովելի եւ շնորհակալ գործ արեցին արուեստասէր հասարակութեան համար»։ Համլէտ Մինասեան, որ մտերիմ էր Մարտիրոս Սարեանի հետ, յայտնապէս անոր դպրոցի վերջին ներկայացուցիչը եղած է։ Անոր կտաւներուն մէջ, ըստ Շահէն Խաչատրեանի, «զգալի է արտայայտչալեզուի նրբութիւնը, բնութեան տարրերի, ձեւերի ու գոյների ներդաշնակութիւնը, որոնք ակնառու են “Ջրվէժ”, “Աղբիւրի մօտ”, “Ձորում”, “Գետակ” ու այլ գործերում, որոնք նկարչի անկեղծ, ինքնամփոփ ու համեստ խառնուածքի արտացոլանքն են։ Այս առանձնայատկութիւնը նրա կտաւներն օժտում են խօսուն բանաստեղծականութեամբ եւ ներքին մաքրութեամբ»։ Շարունակելով Համլէտ Մինասեանի արուեստի մեկնութիւնն ու վերլուծութիւնը՝ նկարիչ Յակոբ Յակոբեան դիպուկ կերպով նկատած է, որ անոր նկարները ունին պատգամ մը, «հոգեկան վիճակ մը, որը չի կարող չփոխանցուել դիտողին. դա խաղաղութեան, ապահովութեան զգացումն է…։ Անկասկած, նկարիչը կատարելապէս տիրապետում է իր նկարչական միջոցներին, իր ստեղծածը հասկանալի է եւ ընկալելի։ Մեղմ, նուրբ գոյներու ներդաշնակութեամբ՝ նկարիչը կտաւին հարթ մակերեսը վերածում է տարածութեան եւ մեզ հրաւիրում է այնտեղ։ Համոզուած եմ, որ ուր ալ որ կախուի նկարիչին գործը՝ ուրախութիւն պիտի պատճառէ դիտողին. նա՛մանաւանդ, նկարիչի կողմէ որեւէ ճիգ չկայ՝ ուշադրութիւն գրաւելու։ Իր նկարներն անթերի յօրինուածքներ են, եւ այնտեղ մանաւանդ տեղ չկայ այլանդակութեան եւ արտառոցութեան համար, որոնց այսօր յաճախ ենք պատահում թէ՛ հայ արուեստագէտների գործերում եւ մա՛նաւանդ Արեւմուտքում ստեղծուածներում՝ Ռուսաստանից մինչեւ Ամերիկա»։ Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան, որ մտադիր է Հ. Մինասեանի կտաւները ցուցադրութեան տանելու նաեւ Լիոն եւ Մարսիլիա, սա ձեւով կը բնութագրէ զինքը եւ իր արուեստը. «ան որքան ուզած է հեռու ապրիլ մարդոցմէ, այնքան անոնց մօտեցած է իր նկարներով… այդ ներանձնացած, մենակեաց բնութեան երգիչը ինքնաբերաբար դարձած է կամուրջ՝ մարդուն եւ հայրենի տարերքներուն միջեւ՝ ստեղծելով հոգեկան հաղորդութեան խորհուրդ մը, որ իր ժողովուրդը կը միացնէ հայրենի բնութեան»…։ Համլէտ Մինասեան չէր սիրեր իր նկարները ցոյց տալ բոլորին, այլեւ նման իր ներաշխարհին՝ կը պահէր որպէս հայրենի հողի մասունքներ։ Բոլորը կը նշեն Հ. Մինասեանի համեստութիւնը, ցուցամոլութենէ հեռու ըլլալը։ Անոր ընկերներէն մէկը կը պատմէ, որ “երբ նոյնիսկ փեյզաժներ էր անում, եւ ուզում էինք տեսնել, ամաչում էր… Ցանկացած մարդ, եթէ լինէր նրա տեղը, հիմա մեծ անուն կը վաստակէր։ Երեւի, եթէ յաջողուել է, ես նրանից սովորել եմ համեստութիւն, ինչը կարեւոր բան եմ համարում”։ Հ. Մինասեան լաւ քաղաքացի էր, ընտանիքի հայր, որ կը վայելէր շրջապատի յարգանքն ու համակրանքը։ Ան գիտէր վրձնի ամենէն պարզ հարուածներով ստեղծել մոգական մթնոլորտ։ Յ. Վրդ. Պզտիկեանի խօսքերով՝ «այս նկարիչը՝ նկարչութեան ոլորտի Վահան Տէրեանն է, Միսաք Մեծարենցը»։ ՏՈՐՔ ԴԱԼԱԼԵԱՆ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը