ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ


ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

  • 17-11-2011 09:23:41   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Նոյեմբեր 17էն 18 Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Անորոշութեան մարտահրաւէրը» թեմայով քննարկում-խորհրդածութիւնը՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան տ?Ալամպէր հիմնադրամի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան հովանաւորութեամբ։ Հայաստան կը ժամանեն Փարիզի քաղաքական հետազօտութիւններու հիմնարկի քաղաքագիտութեան վաստակաւոր փրոֆէսէօր Ալֆրէտ Կրոսէր, Սթրազպուրկի համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս Ժերալտ Պրոնէր եւ Փարիզի Տեքարթ համալսարանի ժողովրդագրութեան դասախօս Իվ Շարփէն: Նոյեմբեր 18ին, Խորհրդածութեան օրերու ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան եւ Երեւանի պետական համալսարանի գործակցութեամբ՝ Ալֆրէտ Կրոսէր Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ հանդէս պիտի գայ «Ողբերգական անցեալ եւ կառուցողական յիշողութիւն. ֆրանքեւգերմանական օրինակը կարելի՞ է ընդհանրացնել» թեմայով դասախօսութեամբ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը