Ֆրանսայի Վանտէ նահանգում անցան Ֆրանս-հայկական օրեր


Ֆրանսայի Վանտէ նահանգում անցան Ֆրանս-հայկական օրեր

  • 17-11-2011 09:26:52   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ֆրանսայի Վանտէ նահանգի «Վանտէ-Հայաստան» ընկերակցութիւնը Հայաստանի անկախացման 20ամեակին նուիրուած շարք մը հանդիսութիւններ կազմակերպած է: Անոնց ներկայ գտնուելու համար Նոյեմբեր 12ին Վանտէ գացած է Փարիզի դեսպան Վիգէն Չիթեչեան: Միջոցառումներու շրջածիրին մէջ, նահանգի կեդրոնը հանդիսացող Ֆոնթընէ-լը-Գոնթ քաղաքի Մէզոն Պիյօ սրահին մէջ բացուած է Ժան-Միշէլ Պերցի «Հայաստանի լոյսը» տիտղոսը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ներկայ եղած է քաղաքապետ Հիւկ Ֆուրաժ: Նախորդած կարճ հանդիպումի ընթացքին, դեսպան Չիթեչեան քաղաքապետին տեղեկութիւններ տուած է հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած մակարդակով արդիւնաբեր գործակցութեան մասին եւ փափաք յայտնած է, որպէսզի Ֆոնթընէ-լը-Գոնթ եւս միանայ Հայաստանի հետ գործակցութիւն ծաւալող ֆրանսական 30 քաղաքներուն եւ շրջաններուն: Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են Վանտէ նահանգի Ընդհանուր Խորհուրդի նախագահ, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ եւ փոխնախագահ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ Տոմինիք Սուշէ: Ելոյթներ ունեցած են դեսպան Վ. Չիթեչեան, Պ. Ռըթայօ, Տ. Սուշէ եւ «Վանտէ-Հայաստան» ընկերակցութեան նախագահուհի Ֆրանսուազ Կէօվճեան: Վանտէ նահանգի Ընդհանուր Խորհուրդի նախորդ նախագահ Ֆիլիփ տը Վիլիէի օրով համագործակցութեան աշխոյժ կապեր հաստատուած են Հայաստանի հետ: Յատկապէս, ամեն տարի Վանտէի ձեռնարկութիւնները ուսումնական վարժընթացի նպատակով կը հիւրընկալեն Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի ուսանողներ: Գործակցութեան ծրագրի մը սկիզբ դրուած է նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ` Հայաստանի պատմա-մշակութային յուշարձաններէն մէկը արժեւորելու նպատակով: «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը