ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ «ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ, ՏԻՊԱՐ» ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐ ԵՆ, ԸՍՏ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ


ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ «ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ, ՏԻՊԱՐ» ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐ ԵՆ, ԸՍՏ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ

  • 19-11-2011 11:05:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Նոյեմբեր 17ի թրքական «Ռատիքալ»ը կրկին կ?անդրադառնար Տինքի սպանութեան դատին մանրամասնութիւններուն: Թերթը կը գրէր, թէ ոճիրին հետ իրենց կապը կամ անոր մէջ իրենց հաւանական պատասխանատւութիւնը ստուգելու նպատակով՝ պետական պաշտօնեաներու մասին բացուած հետաքննութիւնը փակուած է՝ «պաշտօնի կատարման թերացում չկայ» վճիռով: Պոլսոյ դատախազութիւնը այս մասին յայտարարած է, թէ հետաքննութեան արտօնութեան դիմում կատարած է Պոլսոյ նահանգապետութեան, որ սակայն մերժած է: Այդ հետաքննութիւնը պէտք է կատարուէր «պաշտօնի թերացումի» գծով եւ կը վերաբերէր պետական երեսուն պաշտօնեայի, որոնց մէջ նաեւ Պոլսոյ այն ատենուան նահանգապետ Մուամմէր Կիւլէրը եւ Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Ճէլալէթթին Ճէրրահը: Այս մերժումին դէմ, դատախազութիւնը բողոք ներկայացուցած է Պոլսոյ Շրջանային կառավարման դատարանին: Այս վերջինն ալ գոյութիւն ունեցող փաստերը անբաւարար նկատելով «պաշտօնի թերացումի» հետաքննութիւնը փակելու վճիռը վաւերացուցած է, զայն դարձնելով վերջնական: «Նոր Յառաջ», Նոյեմբեր 19, թիւ 291
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը