«ՍՈՒՐԻԱ ԴԱՐՁԱԾ Է ՑԱՆԿԻՆ 82ՐԴ ԵՐԿԻՐԸ, ՈՐՄԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ» ԿԸ ԳՐԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՐԳԻԾԱԹԵՐԹԸ


«ՍՈՒՐԻԱ ԴԱՐՁԱԾ Է ՑԱՆԿԻՆ 82ՐԴ ԵՐԿԻՐԸ, ՈՐՄԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ» ԿԸ ԳՐԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՐԳԻԾԱԹԵՐԹԸ

  • 19-11-2011 11:12:03   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Վերջերս Սուրիոյ խռովութիւններու ընթացքին թրքական դիւանագիտական կառոյցներու դէմ գործուած յարձակումները բուռն կերպով քննադատուած ու դատապարտուած են Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դամասկոսէն «պաշտօնական ներողութիւն» պահանջած է: Թրքական «Զայթունկ» երգիծաթերթը ծաղրելով Թուրքիոյ ներողութիւն պահանջելու հիւանդագին կեցուածքը կը գրէ, որ «Այսպէսով, Սուրիան եկած է գրաւել 82րդ դիրքը այն երկար ցանկին, որու մաս կազմող երկիրներուն՝ Անգարա ներողութիւն խնդրելու նման ազդարարագիրներ յղած է»: Ու թերթը կը շարունակէ գրել, երեւակայածին բայց ճշմարտութեան այնքան մօտ բաներ. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Սիւրկիթ նիւթին մասին բացատրութիւններ տալով ըսած է, թէ դժուար կը հետեւին այն երկիրներուն, որոնցմէ ներողութեան կը սպասուի ու աւելցուցած թէ հարցին լուծում մը գտնելու համար որոշուած է կազմել յատուկ միաւոր մը:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը