Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի երեսփոխան Քրիստիան Վանէսը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի երեսփոխան Քրիստիան Վանէսը

  • 21-11-2011 15:05:52   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի, սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի գրասնեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Քրիստիան Վանէսը, որուն կ'ընկերանար Տիար Սէմ Ռագուպեան: Երեսփոխանը մօտէն ծանօթ է Ֆրանսայի հայութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան ու այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն եւ միշտ եղած է պաշտպան հայ ժողովուրդի արդար դատին: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, առաջին հերթին, ընդառաջելով երեսփոխանի փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց իր պատկերացումը Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ կացութեան` շրջանէն ներս շարունակուող քաղաքական վերիվայրումներու լոյսին տակ: Ապա խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն եւ այս ուղղութեամբ Ֆրանսայի դերակատարութեան: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի յստակ կեցուածքը Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, միաժամանակ յայտնելով որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին անհրաժեշտ է որ մեր բոլորին աշխատանքներուն կիզակէտը դառնայ ճանաչումէն անդին հատուցման հարցը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն