Շնորհակալ Եմ Հայ Համայնավար Եղբայր


Շնորհակալ Եմ Հայ Համայնավար Եղբայր

  • 30-11-2011 07:53:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Այս ըսելով երբեք չեմ դադրիր Ռամկավար ըլլալէ, ոչ ալ համոզուած կ’ըլլամ կոմունիստկան գաղափարախօսութեամբ, կամ K.G.B.-ի գործակալ մը կը համարուիմ (ինչպէս որ Խորհրդային Հայաստան սիրողները կը պիտակուէին ոմանց կողմէ ատենօք՝ անհիմն կերպով ու ծիծաղելիօրէն...)։ Դեռ աւելին, խորապէս համոզուած եմ թէ որքան ալ իտէալական ու ցանկալի թուի, «արդարութիւն» եւ «հաւասարութիւն» երգէ, այդ գաղափարախօսութիւնը, այնուամենայնիւ, չի համապատասխաներ մարդկային ներկայ հոգեբանութեանը։ Հրապարակային կերպով յայտնուած այս շնորհակալութիւնս չունի նաեւ այդ կուսակցութիւնը սիրաշահելու նախընտրական միտում մը, կամ նոսթալժիք մղումներ։ Պարզապէս, զուտ ազգային ու հայրենասիրութեան ձայնն է ներաշխարհէս եկող, որ կը ստիպէ երախտագիտութիւն յայտնել համակարգի մը, որ 70 տարիներ պահած է Հայրենիքս։ Չեմ ձգտիր անոր առողջ, յաջող ու լաւագոյնս ղեկավարած ըլլալը գնահատել: Հաւանօրէն շատ հարցերու մէջ թերացած է, մինչեւ իսկ՝ անարդար եղած է կարգ մը պարագաներու մէջ: Երկիրը ղեկավարելու ընթացքին՝ մերթ նժարի ինթերնացիոնալ ու աթէիստական ափերուն կշռաքարերը աւելցուցած է եւ Մոսկուան սիրաշահելու համար «անընդունելի» ազգային ոտնձգութիւններ գործած է գուցէ, պարբերաբար։ Ամէն ինչ իր գինն ունի քաղաքականութեան մէջ, պետութիւն մը մէկ այլ պետութեան, կամ ժողովուրդ մը մէկ ուրիշի ձրի լաւութիւն չ'ըներ։ Այս բոլորով հանդերձ, հայրենի մեր Համայնավար կառավարութիւնը, Հայաստանը Հայաստան պահած է 70 տարի՝ համայն Հայութեան հայրենիք, այլեւ անոր գիտական, ճարտարապետական, արուեստի, մշակութային, մարզական, եւ բոլոր այլ բնագաւառները ծաղկեցուցած, հարստացուցած, կառուցած եւ անայլայլ ըսենք նաեւ՝ որ փառքի հասցուցած է... Երբեմն մեծ պետութիւններու քաղաքական շահերը, համեմատաբար փոքրաթիւ էթնիք խումբերու, ժողովուրդներու, փոքր, նոյնիսկ«անկախ» յայտարարուած պետութիւններու կը թելադրեն որոշ քաղաքական կամ ռազմական քայլեր, որոնք անոնց մինչեւ իսկ կործանման պատճառ կրնան ըլլալ։ Նման ոճիրներ ընդհանրապէս կը գործուին հզօր պետութիւններու գլուխը անցած մենատէրներու կողմէ։ Ոմանք կոմունիստներուն գործած ազգային ոտնձգութիւններուն շարքին կը դասեն Արցախը ազերիներուն յանձնելու հրեշային որոշումը, զոր Սթալին կոչուած մենատէր ոճրագործին մեղքերէն մէկը կարելի է համարել։ Արցախեան հարցով Հայ կոմունիստներուն մեղսակցութիւնը փնտռողներուն, խորհուրդ կու տամ Երեւանի «Մոնումենթ»ի այգիին մէջ, այսօրուայ «Մայր Հայաստան»ին տեղը գրաւող, Սթալինի հսկայ արձանը վար իջեցնելու (խորհրդային ժամանակաշրջանին կատարուած) արարողութեան տեսա-երիզը դիտել։ Որպէս Հայ այսօր կը հպարտանանք Խաչատուրեանով, Սեւակով, Համբարձումեանով՝ որոնք կոմունիստական շրջանի հասոյթն են... համաշխարային հարուստ երաժշտութիւն, արդի գիտական ու գրական պաշար, Ողիմպիական մետալներ, ճոխէսթրատային երգացանկ..։ Անցնինք աւելիին, այսօր մեր Հայրենի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կը բնակին կոմունիստին կառուցած բնակարաններուն մէջ, անոր բացած ճանապարհներով կ’երթեւեկեն. Հայ համայնավարներու քրտինքով բարձրացած մշակութային հիմնարկները կը վայելենք մինչեւ օրս՝ օփերա, թատրոններ, Մատենադարան, ազգային թանգարան. Հայոց ազգային բանակը համայնավարին կառուցած հրապարակով կը շքերթէ...։ Անոր հիմնած տնտեսական հաստատութիւնները կամ անոնցմէ «սեփականացուելէ ազատածները» հայրենի տնտեսութեան մեծ տոկոսը կը կազմեն։ Դեռ՝ անկախութիւնէն ետքն ալ կառուցուած բնակարանները, շէնքերը, հիմնարկները եւ այլն, իրականացած են կոմունիստին պատրաստած մասնագէտներով. անոր հիմնած դպրոցներուն ու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն հասոյթն են այսօրուայ արուեստի ու գիտութեան բոլոր մարզերուն ազգային հերոսները, մեր ազգային բանակը հզօր է ըլլալով «սովետական» բանակի ժառանգորդ... Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի վկայականներն անգամ հաստատուած են Խորհրդային Հայաստանի կնիքով։ Յիշած իրողութիւններէս չախորժողներ գուցէ հետեւեալ կերպով հակաճառեն. «Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական, ճարտարապետական, գրական, մշակութային, մարզական, եւ մնացած բոլոր այլ ոլորտներու յաջողութիւնները, որոնք կը շարունակեն մեր այսօրուայ ազգային դիմագիծին կարեւոր մէկ մասը հանդիսանալ, ոչ թէ կոմունիստին շնորհքով նուաճեցինք, այլեւ մեր տաղանդաշատ ազգային սեռն է՝ «genus»-ը որ այդ հանճարները տուաւ ու հայրենիք մը կերտեց»։ Ասոր մէջ իրականութիւն մը կայ, սակայն ճշմարիտ է նաեւ այն՝ որ տաղանդ մը յայտնաբերելը, զարգացնելը եւ «ազգային նուաճում»ի վերածելը յատուկ պարագաներու կը կարօտի: Իսկ այդ բոլորը, կամ անոնց մեծ մասը, այդ ժամանակաշրջանի մեր պետականութիւնը, «իր սխալներով հանդերձ», լիովին տրամադրեց, ու շնորհիւ այդ իրողութեան, մենք այսօր ունինք ազգային աժէքներ։ Վերջին 20 տարիներու ընթացքին, Հայաստանէն հեռացողներուն մէջէն արդեօք մեր այդ «տաղանդաշատ ազգային կէները» քանի՜ հատ Բաբաջանեաններ, էմիններ, Սահեաններ ու Ալիխանեաններ եւս պիտի տային Աստուած գիտէ... անոնցմէ քանի՞ն այլ ազգերու գիտական,գրական կամ արուեստի բնագաւառները կը ճոխացնեն այսօր, կամ առանց իրենց մէջ թաքնուած տաղանդէն տեղեակ ըլլալու իսկ, փայլուն ինքնաշարժի մը վարորդն են, կոմսի մը պարտէզը կը ջրեն, մութ գինետան մը մէջ գարեջուր կը սպասարկեն, կամ հեռու եւ «հարեւան» պետութիւններ անցած վաճառականութիւն ըսելով «չարչիութիւն» կ’ընեն՝ ի գին հացի...։ Այս ըսելով չեմ ուրանար Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան դրական նուաճումները, որոնց գլխաւորն է մեր ազգային բանակը եւ Արցախի ազատագրումը անկասկած. յաջողութիւն մը որուն հասանք ազգային ու ժողովրդական համատեղ ջանքերով, նուիրեալ անձնազոհ ֆէտայիներու սուրբ արեան գնով, եւ քիչ առաջ յիշած մեր «կէն»երով հարուստ, շնորհաշատ եւ նուիրեալ ռազմագէտներու օգնութեամբ։ Այսօր այդ նուաճման իսկական հերոսներուն եւ ղեկավարներուն շնորհակալութիւն յայտնելու համար, ի բացառեալ մի քանիներէն (որոնք յաւուր պատշաճի կը գնահատուին «կամ ոչ...»), պէտք է Եռաբլուր երթանք եւ «պատերազմի ու խաղաղ օրերու նահատակները» փնտռենք՝ ղարաբաղեան ու «խորհրդարանական» ռազմաճակատներուն զոհուած, կամ ալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պալատ պէտք է երթանք... Բայց վսեմաշուք Պարոն Նախագահին թիկնապահներն ու զինք շրջապատող օգնականներն ու խորհրդականները կ'արտօնեն որ ներս մտնե՞նք... կամ, եթէ նոյնիսկ մտնենք, կրնա՞նք արդեօք այսօր հասնիլ անոր սրտին ու խիղճին, երբ իր կառավարած երկրէն «լաւ օրից չէ որ գնում ենք» ըսելով «հեռանում են բոլոր նրանք, ովքեր ունեն այդ հնարաւորութիւնը»...։ Համայնավարներուն հանդէպ յարգանքս աւելցաւ մանաւանդ, երբ ոչ «դեմոկրատ» ու ոչ «ազգային» համարուող այդ համակարգը, ենթարկուելով մեծամասնութեան կամքին, առանց արիւնահեղութեան, ազգային ընդհանուր շահը նկատի ունենալով եւ խաղաղութիւնը պահպանելու հրամայականով, երկիրը յանձնեց «ժողովրդականութիւն» վայելող «ազգային» խումբ մը մարդկանց, որոնք ղեկավար ըլլալ կը ձգտէին, (եւ այսօր կը պարզուի թէ) ի գին ամէն ինչի...։ Սակայն ասպետական այդ արարքը, հետագային օրինակ չեղաւ Ազատ Անկախ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան իրերայաջորդ ղեկավարներուն։ Օրինակ չեղաւ նաեւ սփիւռքի որոշ «ղեկավար»ներուն, որոնք իրենց աթոռը պահելու մոլուցքէն ու եսասիրութեան տենդէն մղուած, սփիւռքի մէջ ազգային դատի ու գոյամարտի համար պայքարող ու կենսական նշանակութիւն ունեցող համակարգներ ու կառոյցներ վտանգեցին։ Ինչ որ է... վերադառնալով Հայաստան, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան նպատակներուն գլխաւորըհայաբնակ Հայաստան մը պահելը չէ որքան՝ իրենց աթոռները։ Յիշելով մեր այսօրուան հպարտութեան՝ ազգային բանակի յաղթական շքերթը, որ տեղի ունեցաւ անկախութեան 20-ամեակին, ուշագրաւ ու ոգեւորիչ երեւոյթներէն էին՝ երկրիս թեխնիքական ու ռազմական յառաջընթացը աւետող, հայրենական արտադրութեամբ՝ «առանց օդաչուի հետախուզական ինքնաթիռ»ները, որոնք սակայն հպարտառիթ ըլլալով մէկտեղ, նաեւ մտահոգիչ էին...։ Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը միայն այդ ուղղութեամբ շարունակէ զարգացնել իր ռազմավարութիւնը, մօտ ատենէն թերեւս կրնան յայտնուիլ, հայրենական արտադրութեամբ, առանց վարորդի ու հրաձիգի ավթոմաթ հրասայլեր, յետոյ ավթոմաթ սպաներ, ապա՝ առանց սպայական կազմի ավթոմաթ զինուորներ... ու մենք աստիճանաբար կ'ունենանք անմարդաշունչ ազգային բանակ մը որ, յիշեալ ինքնաթիռին օրինակով, կը կարավարուի հեռակայ ղեկավարներով, որոնց մտահոգութիւնը պիտի ըլլար լրիվ «ավթոմաթացուած» այդ բանակով պահպանել երկիր մը, որ պարզապէս անկարող է օդաչու, հրաձիգ, շարքային զինուոր կամ սպայ հայթայթելու... անմարդաբնակ ըլլալուն պատճառով...։ Երբեմն, ակամայ, կը մտածեմ թէ արդեօք աւելի լաւ չէ՞ր ունենալ Հայաբնակ տնտեսապէս քիչ-շատ ապահով Խորհրդային Հայաստան մը, քան ամայի ազատ անկախ Հայաստան՝ ավթոմաթ բանակով ու քանի մը միլիարթատէր ղեկավարներով...։ Եւ դեռ՝ «արի տուն...»։ Պահ մը կը մտածեմ թէ ո՞ւր կը հրաւիրուիմ...։ Երկիր մը որուն իշխանութիւնը այնքան հայրենասէր է որ, դեռեւս 12 տարիէ ի վեր, «անկարող» է իր ազգային բանակի հիմնադիր՝ Վազգէն Սպարապետին, առաջին քարտուղար՝ (այժմու նախագահի համազօր) Կարէն Տէմիրճեանին, եւ այլ հայրենի երեսփոխաններու հրեշային սպանութեան առեղծուածը լուծել՝ դահիճին ներկայութեամբն իսկ. երկիր մը որ այնքան ապահով է որ՝ «գողական» ըլլալը առաքինութիւն մը եղած է ժողովուրդի՞ն շնորիւ թէ՞ կարավարութեան՝ Աստուած գիտէ... երկիր մը ուր սփիւռքահայը կը քաջալերուի գործ մը բանալ «հայրենի տնտեսութիւնը բարելաւելու համար», մինչ այդ գործը պարզապէս «գողական»ի մը տնտեսականը պիտի բարելաւէ՝ գործ բացող սփիւռքահայուն սնանկութեան հաշւոյն...։ Հայրենիք մը որուն «Սրբութիւն Սրբոց»-ը մտահոգուած է Աստուածահաճոյ կալուածները աւելցնելով, կառավարութեան հաճելի շարականներ երգելով, արտագաղթի ցուպը օրհնելով ու բարի ճանապարհ մաղթելով, երբ Աստուածամերժ աղանդներ օրէ օր կը բազմապատկուին՝ խօսքի ու կրօնքի ազատութիւն կոչուած՝ արդի քաղաքակիրթ ժողովրդավարութեան հովանիին ներքոյ...։ Փոքրիկի մը իսկական մայրը եւ մայրութիւն յաւակնող այլ կին մը, օրինական մայրութեան իրաւունքին համար վիճելով դատաւորի մը (Սողոմոն Իմաստունին) կը դիմեն։ Կիներէն ոեւէ մէկուն մայրութիւնը հաստատող փաստի մը բացակայութեան պատճառով (այն ատեն տակաւին DNA test չկար), դատաւորը կը վճռէ՝ փոքրիկը երկուքի կիսել եւ հաւասար կէսերէն իւրաքանչիւրը յանձնել ամէն մէկ կնոջ։ Կիներէն մին կ’ողջունէ դատաւորին արդար վճիռը, իսկ միւսը, ահաբեկած, անմիջապէս կը հրաժարի իր իրաւունքէն...։ Որպէս Ռամկավար, միշտ ալ, հայրենի աւագանիին բաժակին լեցուն մասը նկատած եմ, ու պարունակութիւնը գովաբանած՝ նոյնիսկ անհամ եղած ժամանակ, հետեւաբար այսօր հաճոյքով չէ որ անոր ներկան կը քննադատեմ, ուրախութեամբ չէ որ արդէն պարունակութեան ոչ միայն անհամ, այլեւ վնասակար ըլլալը դիտել կու տամ... որովհետեւ՝ «լաւ օրից չէ որ երկիրը դատարկւում է...»։ Տոքթ. Ճօրճ Բարսեղեան, ՌԱԿ Մամուլ, Դամասկոս, 24 Նոյեմբեր 2011
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը