ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՎՏԱ՞ՆԳ Կ՚ԱՊՐԻ


ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՎՏԱ՞ՆԳ Կ՚ԱՊՐԻ

  • 30-11-2011 08:30:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ա. Եթէ զայրոյթի հասցէ պիտի փնտռենք, պէտք է որ քաջութիւն ունենանք մենք մեզ դիտելու հայելիին մէջ: Արեւմտահայերէնը, որ ազգի լեզու է, ծնունդ առած եւ զարգացած՝ ազգի հոլովոյթի ընթացքին, կ’ապրի այդ վտանգը, այսօր դատապարտուած ըլլալով հայրենահանուածներու լեզուի վիճակին, այսինքն չգտնուելով սեփական հողի վրայ, չունենալով պետական պաշտպանութիւն եւ անոր գործածութեան համար՝ կենսագործուող քաղաքականութիւն եւ համազգային ռազմավարութիւն: Մեր բազմաթիւ իրարանցումներուն, տեղայնութիւններուն եւ բարեսիրութիւններու ինքնագոհութեամբ գինովցած՝ խլացանք, չուզեցինք տեսնել ահագնացող վտանգը, անորակ երգ ու պարի, բարեսիրութեան աժան բաւարարութեան եւ երջանկացնող եւ անվաղորդայն զբօսաշրջութեան թմբիրին անձնատուր: Այս հարցով հայ մարդիկ սկսած են զբաղիլ, երբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը համարած է վտանգուած լեզու: Ոչ այնքան ալ հեռու անցեալին, երբ խօսած են Բենիամին Թաշեան, Շաւարշ Նարդունի եւ Շաւարշ Միսաքեան, չենք ուզած լսել: Անոնց ձայնը չէր գար միջազգային համարուած ամպագորգոռ ատեաններէ: Անոնք չէին գրած միջազգային եւ մեծ համարուած լեզուներով, մեր ինքնասիրութիւնը շոյելով: Հիմա հայերէնի աստիճանական լքման պատերուն տակ նստած, կը խօսին Փերուն գտնողի պէս, որպէս գիտական գիւտ: Հայկական մամուլը, մէկ դարէ ի վեր, այս ահազանգը կը հնչեցնէ: Բայց Ֆրանսացիէն լաւ ֆրանսերէն կամ Ամերիկացիէն լաւ անգլերէն խօսելու մեր վազքի ընթացքին, չլսեցինք հայ մամուլին մէջ կրկնուած եւ կրկնուող ահազանգը: Եւ այդ անձնատուական ախտաժէտ վիճակը կը շարունակուի, էսթէպլիշմընթային (չ)իմաստութեամբ, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի ծանօթ եւ անծանօթ անկիւնները, ուր Հայեր կան: Հայ մամուլը եւ հայ հրապարակագիրները ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ամպիոնէն չէին խօսած: Անոնք օտարի եւ օտար խօսքին լուսապսակը չունէին: Ափսո՜ս: Հազար անգամ ափսո՜ս: ԻՒՆԷՍՔՕ−Ի ԼՈՒՐԸ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ Ոմանք լուրը իմացան ելեկտրոշոքի պէս, ելեկտրական հոսանքէ ստացուած ցնցում: Կ’ըսեմ՝ ոմանք: Իսկական փոքրամասնութիւն մը: Քանի որ զանգուածը վարժուած է անձնատուական հոսանքով ընթանալու, եթէ աւելցնենք նաեւ, որ այդ ընթացքին վարժեցուցած ենք: Սխալ եւ թերացում, զորս դատափետելէ հրաժարած ենք: Նահանջը նոր երեւոյթ չէ, ան արդիւնք է հիմնական եւ հիմնարար արժէքներէ աստիճանական հեռացման: Երբ հայ դպրոցներու պատասխանատուներ կը մրցակցին վկայականներու կամ համալսարաններ մուտքի տոկոսներ հրապարակելով, առանց գէթ մէկ անգամ հայերէնի իւրացման մակարդակ եւ տոկոսներ յիշելու, բնական կը դառնայ նահանջը, ընդունելի, քաղքենիական ապազգային մտայնութեան ճարակ հայթայթելով, եւ որպէս հետեւանք՝ մարդորսութեան: Երբ հայերէն թերթը կը մեռցնենք, վասն զանազան գործնապաշտութիւններու, կը հրատարակենք օտարալեզու թերթ, ընդունելով մեր ինքնութեան աստիճանական զեղծումը, կը շարունակենք նահանջը: Երբ, հետեւելով արդիականութիւն համարուածին, աշխարհի բոլոր լեզուներով կայքէջեր կը հաստատենք եւ կը բազմացնենք, կը նահանջենք: Երբ օտարալեզու հայածնունդի գիրք կը փառաբանենք, անտեսելով մեր ինքնութեան հարազատ լեզուով հրատարակութիւնները, կը նահանջենք: Երբ մեր ժողովներէն եւ բեմերէն հայերէնը կ’անհետանայ, կամ կը վերածուի աղքատ ազգականի նուազագոյնին, կը նահանջենք: Երբ մեր յայտնի կամ նուազ յայտնի, կամ այդ ցանկութիւնը ունեցող երեւելիներ Բաբելոնի բոլոր լեզուներով հաղորդագրութիւններ կը հրապարակեն, զանցելով հայերէնը, կը նահանջենք: Երբ մեր ժողովներէն կը հեռանայ հայերէնը, բախտաւոր պարագային կը դառնայ երկլեզուանի, կը նահանջենք: Երբ միջազգային հանդիպումներու ընթացքին, փոխանակ մեր ինքնութեան հարազատ լեզուով հրապարակ գալու, կ’ուզենք, ընդունելի համարուելու համար, այլ լեզուներով բարբառիլ եւ գնահատուիլ, կը նահանջենք: Եւ մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր կարելի է նահանջել, եւ ի վերջոյ ի՞նչ ընելու տխրութեան համար: Եւ բնական է, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն կ’եզրակացնէ, որ Արեւմտահայերէն խօսողներու թիւի աստիճանական նուազման եւ անհետացման հետեւանքով, Արեւմտահայերէնը կը դառնայ վտանգուած լեզու, այսինքն մտած կ’ըլլայ մեռած լեզու ըլլալու մութ քարանձաւը: Իսկ ի՞նչ կը մնայ, երբ լեզուն կը դառնայ մեռած լեզու. վտանգուած ազգային հաւաքականութիւն մը՝ դէպի անհետացում անցման շրջանին՝ ծագումով Հայերու ամբոխ մը: ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏԵՂԱՏՈւՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՆԵՐ Կրկնութեան փորձութեան առջեւ կանգ չեմ առներ, քանի որ, ինչպէս կ’ըսէ արաբական իմաստութիւնը, կրկնութիւնը մայրն է ուսուցման կամ գիտութեան: Զոյգ կրկնութիւններ, որոնցմէ առաջինը կը վկայէ ինքնութեան հարազատութեան պաշտպանութեան մասին, տոկալու եւ տեւելու երաշխիք, երկրորդը՝ քաղքենիական ախտաժէտ հոգեվիճակի, որ ամեն օր կ’աճի, կ’ուռի, եւ կը դառնայ ազգը խեղդամահ ընելու ուղղուող ընթացք: Այսօր ղեկավարութիւնները, բոլոր գոյնի եւ բոլոր մակարդակներու, հարկ է դասակարգումի ենթարկել, հետեւելով մէկ կամ միւս կրկնութենէն մեկնելով: Անոնց շնորհել, կամ չնշնորհել, վստահութիւն, քանի որ ոչինչ աւելի կարեւոր է ազգի շարունակութիւն ըլլալէ, ընդդէմ նորի սկիզբ ըլլալու պարտութենէն: Արար առաջին Յաճախ կը յիշեմ անկրկնելի հայ տիպարի օրինակը, Մեսրոպի, Սահակի եւ Վռամշապուհ արքայի ուղիղ գիծին վրայ: Այդ տիպարը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքն է՝ Շնորհք Արք. Գալուստեանը, որ գահակալեց 1961էն 1990: Այս անզուգական Հայը, հարկ է իմանալ, Թուրքիոյ հեռատեսիլէն երբ ելոյթ ունենար, կը խօսէր հայերէն եւ թարգմանել կու տար, երբ երկրի նախագահին պաշտօնական այցելութեան կ?երթար, հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար: Այս, չմոռնա՛լ, Թուրքիոյ մէջ: Եւ հարկ է յիշել որ եոզկատցի այս մեծ Հայուն մայրենի լեզուն թրքերէնն էր: Ինքնատիպ եւ հզօր պայքարը Հայու մը, որ չէր ուզեր ծագումով հայ ըլլալ եւ որպէս ղեկավար չէր ուզեր մեղսակից ըլլալ արեւմտահայերէնը մեռեալ լեզու դարձնելու միտող՝ սկսած եւ տեւող անպատասխանատւութեան: Այսօր վստահութեան արժանի են միայն անոնք՝ որոնք կը գտնուին այս արտակարգ եւ քաջ Հայու ուղիղ գիծին վրայ: Արար Երկրորդ Այլապէս ազնիւ անձ մը, Հայ մը, ստեղծագործող, բայց ազգային գաղափարախօսութեամբ չառաջնորդուող, հայկական մեծ վարժարանի մը պատասխանատու, միամտօրէն կ’ըսէր, որ տուեալ ուսուցչուհի մը, որքա՜ն լաւ գիտէր օտար լեզուն, քանի որ հայերէն չէր գիտեր: Պատկերազարդ ամփոփումը հայերէնը վտանգուած եւ ապա մեռեալ լեզու դարձնելու ընթացքի, ախտավարակ երեւոյթ՝ հայ կեանքի անսահմանափակ քաղքենիացման: Հայ ազգի եւ համայնքներու ղեկավարութիւնները հարկ է այսօր գնահատել այս բեւեռացուած մտածողութիւններէն բխած արժեչափերով: Առաջին մտածողութիւնը կ’առաջնորդէ վերականգնումի: Երկրորդ մտածողութիւնը՝ անվերադարձ տեղատւութեան: Յակոբ Պալեան, ՆՅ (Մնացեալը յաջորդով)
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը