ՀԱՅ ՈՍԿԵԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ (AJA) ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
30-11-2011 08:35:42 | | Կազմակերպութիւններ
Նոյեմբեր 5ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Ոսկեգործներու Ընկերակցութեան (AJA) ճաշը, որ վայելեց հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը՝ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Փարիզի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի:
Այս երեկոյթը նորութիւն հանդիսացաւ այն իմաստով, որ առաջին անգամ ըլլալով ան բաց էր բոլորին առջեւ՝ այսինքն կրնային մասնակցիլ ոչ-հայ ոսկեգործներ եւ հայ համայնքէն դուրս՝ ասպարէզին առընչուող անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկը իսկական յաջողութիւն արձանագրեց: Ներկայ էին աւելի քան 200 հոգի: Անոնց մէջ այս առթիւ յատկապէս Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Գանատայէն եկածներ կային:
15ամեայ իր գոյութեան ընթացքին ինչ որ լաւագոյնս յաջողած է Ընկերակցութիւնը՝ իր ցանցերու ծաւալումն է աշխարհի չորս ծայրերը, զանազան միջոցառումներու՝ բանախօսութիւններու, սալոններու, երեկոյթներու շնորհիւ, զորս կը կազմակերպէ ամեն տարի: Այսօր, Հայաստանէն Աւստրալիա, անցնելով ԱՄՆ-էն, Չինաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Պելճիքայէն՝ ունի աւելի քան 3000 անդամ: Մօտ օրէն մասնաճիւղ մը պիտի բանայ Տուպայ: Այս ցանցը ուժ մը կը ներկայացնէ, զոր ընկերակցութիւնը կը դնէ ի սպաս Սփիւռքի հայկական ընկերութիւններու եւ Հայաստանի ոսկեգործութեան ոլորտին: AJA-ի նոր նախագահն է Գագիկ Գէորգեան, որ ընտրուեցաւ շուրջ վեց ամիս առաջ: Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Յովել Շնորհօքեան ալ ընտրուեցաւ ընկերակցութեան քարտուղար: Գագիկ Գէորգեան Ռուսաստանի մէջ՝ գոհարեղէններու արտադրութեան թիւ մէկն է: Այս ընտրութեամբ AJA նոր անկիւնադարձ ապրեցաւ, որ իրեն թոյլ պիտի տայ ամրապնդել իր կառոյցը եւ բարգաւաճիլ: Իր նախաձեռնութեամբ է նաեւ որ լոյս տեսաւ ընկերակցութեան հանդէսին առաջին թիւը:
AJA-ի նպատակն է օգնել փոքր արհեստաւորին, որ դեռ միջազգային գործառնութեան մակարդակի չէ հասած. միանալով ընկերակցութեան՝ ան կրնայ որոշ կարելիութիւններէ օգտուիլ եւ իր գործառնութիւնը զարգացնել: Մասնակցելով AJA-ի սալոններուն, ճաշերուն, կրնայ հետաքրքրական հանդիպումներ ունենալ տուեալ արհեստի մարդոց հետ: Գլխաւորաբար այս աշխատանքն է որ ընկերակցութիւնը կ?ուզէ ծաւալել յառաջիկայ տարիներուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի, Հանրապետութեան նախագահին հետ անցեալ Օգոստոսին ընկերակցութիւնը ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ ազատ գօտիի մը ստեղծումը՝ ամբողջութեամբ վերահսկուած AJA-ի կողմէ: Ասիկա հազարաւորներու գործ պիտի ապահովէ, ինչ որ քիչ բան չէ միջազգային տագնապի այս օրերուն: Ոսկեգործութիւնը այլապէս կարեւոր բնագաւառ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար, մանաւանդ որ ան շատ հանգիստ ձեւով կրնայ շրջանցել թուրքեւազէրի շրջափակումը:
Գալով հայ ոսկեգործութեան իւրայատկութեան, կարելի է ըսել որ ան կը կայանայ սերունդներէ ժառանգուած անզուգական արհեստագործութեան մէջ: Հայերը բնատուր յատկութիւն ունին ոսկեգործութեան արհեստին համար, ինչ որ կը բացատրէ այս բնագաւառէն ներս անոնց համեմատաբար մեծ թիւը: Այսպէս, մինչ Հայերը աշխարհի բնակչութեան շուրջ 0,1%ը կը կազմեն, ոսկեգործութեան ոլորտին մէջ 6 էն 7% է անոնց տոկոսը: Մինչեւ Ցեղասպանութիւն, Օսմանեան կայսրութեան գրեթէ ամբողջ ոսկեգործութիւնը Հայոց ձեռքն էր: Նոյնիսկ այսօր, Պոլսոյ ոսկեգործներուն 60%ը Հայեր են: Գաղթերու ժամանակ Հայերը իրենց հետ տարած են արհեստի իրենց գաղտնիքները: Անոնք Միջին Արեւելքի, Աւստրալիոյ, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի մէջ ոսկեգործութեան առաջնակարգ արտադրողներ դարձած են: Փարիզի ոսկեգործներու համբաւաւոր պողոտայ ռիւ տը լա Փէի վրայ՝ Waskoll եւ Herzo վաճառատուները կը պատկանին Հայերու:
Երկու խօսք ալ AJA-ի 2012ի ծրագիրներուն մասին:
Ընկերակցութեան ներկայի հեռանկարն է երիտասարդ Հայերու արհեստագործութիւնը բարելաւել թէքնիք, գեղագիտական եւ վաճառքի մարզերուն մէջ: Ընկերակցութիւնը նաեւ հիմնադրամ մը ստեղծած է որ հինգ հոգիի կրթական թոշակ կ?ապահովէ, Իտալիոյ մէջ տարի մը ուսանելու համար: Ֆրանք Միւլլէր ընկերութիւնը արտադրած է հայկական այբուբենով սահմանափակ քանակով ժամացոյցներ, որոնց վաճառքէն ձեռք ձգուելիք հասոյթը պիտի գանձատրէ վերոնշեալ հիմնադրամը: Ընկերակցութիւնը կը նախատեսէ նաեւ 2012ին հրատարակել հայկական ոսկեգործութեան պատմութեան նուիրուած հատոր մը: Իսկ յառաջիկայ Յունուարին, AJA-ի անդամները քով քովի պիտի գան յատուկ ժողովի մը առթիւ, որու օրակարգը նուիրուած պիտի ըլլայ շօշափելի լուծումներու որոնումին՝ տնտեսական ներկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Յ. Շ.
ՆՅ