ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 24 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈՅԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ


ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 24 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈՅԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ

  • 30-11-2011 15:19:38   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Իբրեւ 2011ի գործողութիւններու ծրագրի երկրորդ յատկացում, Եւրոպական յանձնաժողովը 28 Նոյեմբերին հաստատեց Հայաստանի ելմտական համակարգի կառավարումը բարելաւելու մասին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ տրամադրել 24 միլիոն եւրօ։ Այս գումարը պիտի նպաստէ հանրային հատուածի թափանցիկութիւնը բարելաւելու եւ ելեկտրոնային կառավարման համակարգը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն առեւտրային չափանիշները համապատասխան մակարդակի վրայ բերելու գործին։ Անցեալ տարիներուն Եւրոմիութիւնը նշանակալից կերպով աւելցուցած է իր օժանդակութիւնը Հայաստանին եւ ասիկա կը վկայէ Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնառութեան մասին՝ Հայաստանի բարեփոխումներուն օժանդակելու գծով։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը