Ֆրանսայի իշխանութիւնները մինչեւ 2000 եւրօ պիտի վճարեն այն փախստականներուն, որոնք Ֆրանսայի մէջ բնակելու արտօնութիւն չէն ստացած


Ֆրանսայի իշխանութիւնները մինչեւ 2000 եւրօ պիտի վճարեն այն փախստականներուն, որոնք Ֆրանսայի մէջ բնակելու արտօնութիւն չէն ստացած

  • 30-11-2011 15:25:02   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ֆրանսայի իշխանութիւնները մինչեւ 2000 եւրօ պիտի վճարեն այն փախստականներուն յիւրաքանչիւր անձի համար_, որոնք Ֆրանսայի մէջ բնակելու արտօնութիւն չէն ստացած եւ որոնք կամաւոր կերպով պիտի համաձայնին վերադառնալու իրենց հայրենիքը: «ԼԸՄոնտ» օրաթերթը կը գրէ որ Ֆրանսայի Ներքին Նախարար Գլոտ Կ'էան յայտարարած է որ այս որոշումով անոնք մտադիր էն վերջակէտ դնել այն դէպքերուն, երբ գաղթականներ բնակութեան համար արտօնութիւն չստանալով, կþամբողջացնէն ապօրէն գաղթականներու շարքերը: «Փախստականներուն ապաստան տրամադրելու մեր համակարգը վտանգի տակ է, քանի որ յաճախ այդ համակարգը կը գործածուի երկրի մէջ ապօրինի կերպով ամրապնդուելու նպատակով» , ըսաւ Կ'էան եւ իր խօսքերը ապացուցանելու համար թուային կարգ մը տուեալներ ներկայացուց. վերջին չորս տարիներու ընթացքին Ֆրանսայի մէջ փախստականներու թիւը 55 առ հարիւր համեմատութեամբ բարձրացած է: Նախարարը աւելցուց որ մինչեւ 2011ի վերջաւորութիւն, ապաստան տրամադրելու մասին 60 հազար միջնորդութիւններ պիտի քննարկուին, իսկ 2008ի տուեալներով այդ թիւը 42.6 հազար էր: Կ'էան նշեց որ փախստականներու մեծամասնութիւնը Ֆրանսայ կը ժամանէ Պանկլատէշէն ու Հայաստանէն եւ քանի որ Ֆրանսայի փախստականներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու պաշտպանութեան վարչութիւնը այդ երկիրները, ինչպէս նաեւ Մոլտաւիան ու Չեռնոկորիան դասած է այսպէս կոչուած անվտանգ երկիրներու շարքին, ուստի նախ եւ առաջ արագօրէն պիտի քննարկուին այդ երկիրներէն գաղթած անձերու թղթածրարները: Ֆրանսայի իշխանութիւնները ամէն տարի կը մերժեն քաղաքական ապաստան տալ փախստականներու 70-80 տոկոսին: Օրէնքի համաձայն, մերժեալ անձերը պէտք է մէկ ամսուայ ընթացքին լքեն երկրի տարածքը, սակայն իրականութեան մէջ այլ բանէր տեղի կþունենան: «Մարմարա» ...
  -   Մամլո հաղորդագրություն