Վանի մէջ դարձեալ երկրաշարժ


Վանի մէջ դարձեալ երկրաշարժ

  • 30-11-2011 15:50:05   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Վանի մէջ այս առտուան դէմ դարձեալ երկրաշարժ պատահեցաւ։ Այս անգամուանը, որ ունէր 5,0 սաստկութիւն, պատահեցաւ որպէս կեդրոն ունենալով Վանի Գուրուպաշ գիւղը։ Շարժը, որ իրականացաւ 2,8 քիլոմեթր խորութեան տակ, պատահեցաւ ժամը 02,47ին։ Ժողովուրդը որ արդէն առաջին երկրաշարժէն ի վեր կþապրի խուճապային մթնոլորտի մէջ, այս անգամուանը դիմաւորեց վրաններու ու պատսպարաններու ապահովութեան տակ։ Առաջին տուեալներու համաձայն կեանքի ու ինչքի կարեւոր վնաս մը չգոյացաւ այս անգամ, միայն հինգ ոստիկաններ որոնք դուրս ցատկել ուզելու ընթացքին վիրաւորուած էին, հիւանդանոց փոխադրուեցան։ Ելեկտրականութիւնը, որ միջոց մը խզուեցաւ, վերստին տրուեցաւ ժողովուրդին։ Հիմա շատեր հարց կուտան թէ ե՞րբ պիտի վերջանան Վանի երկրաշարժերը ու ժողովուրդը պիտի վերադառնայ իր բնականոն կեանքին։ «Մարմարա»
  -   Մամլո հաղորդագրություն