Վարչապետ Էրտողանի համար կատարուած ախտաբանական քննութիւնները լաւ արդիւնք տուած են


Վարչապետ Էրտողանի համար կատարուած ախտաբանական քննութիւնները լաւ արդիւնք տուած են

  • 30-11-2011 15:53:37   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Նոր տեղեկութիւններ հաղորդուեցան Վարչապետ Էրտողանի մասին, որ Շաբաթ օր ենթարկուած էր մարսողական դրութեան վրայ վիրաբուժական գործողութեան մը։ Առաջին 48 ժամերու ընթացքին այս գործողութեան մասին տուեալներ չհաղորդուեցան մամուլի մէջ, բայց երէկ յայտնի դարձաւ որ Վարչապետը գործողութեան ենթարկուած էր Մարմարա Համալսարանի Փէնտիքի Հետազօտական Հիւանդանոցին մէջ։ Յետ քննութեան, ստուգուած է որ վարչապետին համար կատարուած ախտաբանական քննութիւնները լաւ արդիւնք տուած են, քննութիւնը մաքուր ելած է։ Հիւանդանոցին վեցերորդ յարկը ապահութեան նկատումներով փակուեցաւ ու Վարչապետը հոն է որ կը դարմանուի ներկայիս։ Գործողութեան մասնակցեցան Մէտիփոլ հաստատութենէն եկած բժիշկներ, դարմանումի գործով հետաքրքրուեցաւ Առողջապահութեան Նախարար Րէճէպ Ագտաղն ալ։ Վարչապետին բոլոր ժամադրութիւնները ջնջուեցան, պահուեցաւ միայն Ուրբաթ օրուան ժամադրութիւն մը, որով Վարչապետը պիտի ընդունի Ամերիկացի հիւր մը։ Ըսուեցաւ որ հաւանական է որ Վարչապետ Էրտողան այս իրիկուն ելլէ հիւանդանոցէն ու տուն վերադառնայ։ «Մարմարա»
  -   Մամլո հաղորդագրություն