Ուրֆայի մէջ Կէրմիւշի հայկական եկեղեցին զբօսաշրջութեան տարածքաշրջան հռչակուեցաւ


Ուրֆայի մէջ Կէրմիւշի հայկական եկեղեցին զբօսաշրջութեան տարածքաշրջան հռչակուեցաւ

  • 30-11-2011 15:56:49   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Ուրֆայի Տաղէթէղի գիւղի շրջանին մէջ Կէրմիւշի հայկական եկեղեցին Նախարարաց Խորհուրդի որոշումով զբօսաշրջութեան տարածքաշրջան հռչակուեցաւ։ Առաջարկը եկած էր Մշակոյթի Նախարարութենէն, Նախարարաց Խորհուրդը հաստատեց։ Որոշումը հրատարակուեցաւ 23 Հոկտեմբերի Պաշտօնաթերթին մէջ։ Այս մասին բացատրութիւններ տուաւ Նահանգի Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Տնօրէն Սէլամի Եըլտըզ, որ ըսաւ որ այս որոշումին շնորհիւ թափ պիտի տրուի Ուրֆայի շուրջ զբօսաշրջութեան շարժումի, ասիկա իր նպաստը պիտի ունենայ տարածքաշրքանի վրայ։ Ուրֆայի կեդրոնէն տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայկական գիւղն ու եկեղեցին մօտ ատենէն զբօսաշրջիկներու համար հմայիչ կեդրոն մը պիտի դառնայ։ Այս վայրկեանէն անդին այլեւս հակակշռի տակ առնուած են այդ շրջանի մէջ հող վաճառելը, վարձու տալը, սահմանները փոխելը, եւայլն։ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան պատկան մարմիններու լիազօրութեան մէջ պիտի ըլլայ եկեղեցիին ու ենթահողային կառոյցներու վերանորոգութիւնը։ «Մարմարա»
  -   Մամլո հաղորդագրություն