«Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի Սանուց երգչախումբերը միացեալ Սրբազան Համերգով հմայեցին հայ եւ օտար բազմութիւնը


«Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի Սանուց երգչախումբերը միացեալ Սրբազան Համերգով հմայեցին հայ եւ օտար բազմութիւնը

  • 30-11-2011 19:13:40   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երեքշաբթի 29 Նոյեմբեր 2011-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի Սանուց բազմաձայն զոյգ երգչախումբերը, Անթիլիասի «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ ուշագրաւ Սրբազան Համերգով ելոյթ ունեցան: Համաշխարհային Կաթոլիկ Լրատուական Միութեան կազմակերպութեամբ Լիբանանի տարածքին գտնուող զանազան հռչակաւոր երգչախումբեր յատուկ հրաւէրով անհատական ելոյթներ կու տան, որոնց շարքին հրաւէր ստացած էր նաեւ «Շնորհալի» երգչախումբն ու Դպրեվանքի Սանուց երգչախումբը: Ելոյթը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6-ին, հայ եւ օտար հոգեւորականներու, միաբան հայրերու, եւ հայ թէ օտար բազմութեան ներկայութեան: Վերոյիշեալ Միութեան լիբանանեան բաժանմունքի պատասխանատու Հայր Թոնի Խատրա, բացման խօսքով անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս հայութեան հարազատ ներկայութեան Լիբանանի եկեղեցական, քաղաքական ու ընկերային կեանքէն ներս. «Երբ որեւէ հաւաքոյթ կամ ձեռնարկ ունինք եւ հայեր ներկայ չեն, անպայման կը զգանք անոնց բացակայութիւնը: Հայութիւնը անբաժան մասն է այս երկրի ընկերութեան» ըսաւ Հայր Խատրա: Երգացանկը բաղկացած էր Կոմիտասի, Եկմալեանի, Զ. Եպս. Ազնաւորեանի, Վ. Պէտէլեանի ստեղծագործութիւններէն: Շարականներ եւ հոգեւոր երգեր կատարուեցան զոյգ երգչախումբերու միացեալ երգեցողութեամբ, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի: Դպրեվանքի Սանուց Երգչախումբին կատարողութեամբ Կոմիտասեան հոգեւոր երգերու երգեցողութիւնը, ինչպէս նաեւ «Շնորհալի»ի կատարումով Եկմալեանի ստեղծագործութեանց երգեցողութիւնը այնքան տպաւորիչ ու առինքնող էին, որ հայ եկեղեցական երաժշտութեան այս երկու հսկաներուն հոգեւոր երաժշտութեան ապրումները զիրար ամբողջացուցին, ղեկավարին ճարտար ճպոտին ներքոյ: Աւելի քան վաթսուն հաշուող միացեալ երգչախումբը, հոգեւորական ու աշխարհական երփներանգ ներկայութեամբ, յատկապէս Վ. Պէտէլեանի «Եկեղեցին Հայկական» երգի կատարումով, որ երկու երգչախումբերուն միացեալ կատարած երգերէն մին էր, սրբազան համերգը հասցուց հոգեւոր ապրումներու գագաթնակէտին: Անոր կցուեցաւ անմիջապէս արական ձայներով կատարուած «Եկեալքս»ը, Կիրակնամուտի յաղթական շեշտով, Լոյսին փառաբանութեամբ: «Կիլիկիա» մաղթերգով իր լրումին հասած հոգեւոր համերգը, որ մէկ ժամ տեւողութեամբ լեցուց ներկաներուն սրտերը, յատկապէս օտար բազմութեան վկայութեամբ պատիւ բերաւ ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ Լիբանանին, անոր արուեստի գանձնակին մէջ իր կարեւոր ներդրումը կատարելով:
  -   Մամլո հաղորդագրություն