Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը հրապարակուեցաւ կոչ մը՝ ուղղուած քրիստոնեայ համայնքներուն


Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը հրապարակուեցաւ կոչ մը՝ ուղղուած քրիստոնեայ համայնքներուն

  • 01-12-2011 16:52:11   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ատենապետութեամբ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին վերջին նիստին ընթացքին, լայն քննարկումէ յետոյ հրապարակուեցաւ կոչ մը՝ ուղղուած քրիստոնեայ համայնքներուն։ Յիշեալ կոչին մէջ ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ յետոյ համաժողովին աշխատանքներուն արդիւնքը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները հաւաքական կոչ մը ուղղեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն՝ կառչած մնալու իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն։ Քրիստոնեաները եկուոր չեն շրջանէն ներս. անոնք կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան ու մշակոյթին. անոնք մասնակից դարձած են շրջանէն ներս պատմական իրագործումներուն. որպէս համահաւասար քաղաքացիներ, անոնք իրենց պատաւորութիւններուն կողքին պէտք է տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն։ Նոյն կոչին մէջ նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ¬իսլամ գոյակցութիւնը, որ հիմնուած է հասարակաց արժէքներու ու պատաւորութիւններու վրայ։ Համաժողովին կոչը նաեւ կը դատապարտէ ամէն տեսակի բռնութիւն ոեւէ մէկու կողմէ ու կը թելադրէ փոխադարձ հասկացողութեամբ հարցերը լուծելու հրամայականը, շեշտելով արդարութեան, խաղաղութեան ու միասնականութեան կարեւորութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ։ Կիպրոսի Բաֆոս քաղաքին մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու համաժողովը լայնօրէն քննարկեց Խորհուրդի վերակառուցման ծրագիրը։ Արդարեւ, նկատի ունենալով շրջանէն ներս փոխուած պայմանները ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու կարիքները, համաժողովը ճշդեց այնպիսի ծրագիրներ եւ աշխատելաձեւեր, որոնք համահունչ են եկեղեցիները շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ընդհանուր քննարկումի ենթարկուեցաւ նաեւ Խորհուրդին վերջին չորս տարիներու տնտեսական կացութիւնը։ Յայտնենք, որ համաժողովին ներկայ էին նաեւ Վատիկանի ու Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցական Խորուրդին, Անկլիքան եկեղեցւոյ, Տիեզերական Պատրիարքութեան ու Կիպրոսի պետութեան ներկայացուցիչները, որոնք նաեւ համաժողովին փոխանցեցին իրենց ողջոյնները։ Համաժողովը ընտրեց նոր Գործադիր Վարչութիւն մը, բաղկացած 24 անձերէ։ Նորընտիր Գործադիր Վարչութեան առաջին ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աթիլիասի Մայավանքին մէջ, 28-30 Մարտ 2012¬ին։
  -   Մամլո հաղորդագրություն