Կիւմրիւի »Կալա« հեռատեսիլի կայանի աշխատակիցները Խմբագրատուն այցելեցին


Կիւմրիւի »Կալա« հեռատեսիլի կայանի աշխատակիցները Խմբագրատուն այցելեցին

  • 01-12-2011 17:53:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Երէկ նախապէս առնուած ժամադութեան մը գծով Խմբագրատուն այցելեցին Հայաստանի Կիւմրիւ քաղաքի »Կալա« հեռատեսիլի կայանի աշխատակիցները, որոնք միջոցէ մը ի վեր կ'աշխատին »Մեր հարեւանները« խորագրին տակ հաղորդաշարի մը վրայ։ Այսպէս՝ Հայաստանի դրացի երկիրներէ Թուրքիոյ մասին ալ անոնք կը պատրաստէին համապարփակ շարք մը, որուն սկսած էին նախապէս Թուրքիա գալով ու շրջելով Անատոլուի բազմաթիւ նախկին հայաբնակ քաղաքները։ Իսկ այժմ կարգը եկած էր Պոլսոյ ու Իսթանպուլահայ համայնքին։ »Կալա«ի ներկայացուցիչներն էին Կարինէ Յարութիւնեան, Քրիստին Մկրտչեան ու քամէրաման Համբարձում Պապոյեան, որոնք նախ նկարահանումներ ըրին Խմբագրատան զանազան մասերուն մէջ, ապա տեղեկութիւններ քաղեցին մեր թերթին մասին։ Քրիստին Մկրտչեան երկարաշունչ հարցազրոյց մը արձանագրեց մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանին հետ, որուն ուղղեց ոչ միայն Մարմարա-ի կամ Իսթանպուլահայ համայնքի մասին հարցումներ, այլ նաեւ հարցումներ՝ Թուրք-Հայ յարաբերութիւններու մասին։ Քրիստին Մկրտչեան ապա հարցազրոյց մըն ալ ունեցաւ մեր փոխ-խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին հետ, որուն եւս ուղղեց թերթին ու այլ հարցերու վերաբերեալ հարցումներ։ »Կալա«ի աշխատակիցները յայտնեցին որ արդէն նկարահանումներ ըրած էին Պատրիարքարանի, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու այլ հաստատութիւններու մէջ, իսկ մեզմէ վերջ անոնք կ'ուզէին այցելել Կէտիկփաշայի մէջ Հայաստանցի մանուկներու համար բացուած դպրոցը։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը