Տիգրան Մանսուրեան »ցեղասպանութեան« նուիրուած Րէքուէմ մը յօրինած է


Տիգրան Մանսուրեան »ցեղասպանութեան« նուիրուած Րէքուէմ մը յօրինած է

  • 01-12-2011 17:56:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հայաստանցի համբաւաւոր յօրինող Տիգրան Մանսուրեան »հայոց ցեղասպանութեան« զոհերու յիշատակին նուիրուած »Րէքուէմ« մը յօրինած է եւ այս ստեղծագործութիւնը համերգային չորս կատարումներով ներկայացուած է Գերմանիոյ մէջ, արժանանալով գերման խստապահանջ հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան։ Յօրինումը կատարուած է Միւնիխի նուագախումբի եւ Ռէաս երգչախումբի պատուէրով։ Ըստ Մանսուրեանի, այս ստեղծագործութիւնը կարեւոր գործ մըն էր, որովհետեւ տասը տարիէ ի վեր այդպիսի գործ մը յղանալու գաղափարը ծնունդ առած էր իր մտքին մէջ։ »Երկար փնտռտուքներու արդիւնքով կրցայ գտնել ձեւաչափ մը, որով ճիշդ ներկայացուցի թէման«, ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան, նշելով որ րէքուէմը նուիրուած է »ցեղասպանութեան« զոհերու յիշատակին։ Տիգրան Մանսուրեանի նախնիներն ալ 1915ի զոհերէն են, ուստի ինք կþըսէ որ այս գործով համադրած է անձնական ցաւն ու համամարդկային ցաւը։ Այս նորագոյն յօրինումը պիտի մեկնաբանուի ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն պայմանագրի համաձայն, հայ երաժիշտներու կողմէ Հայաստանի մէջ չի կրնար մեկնաբանուիլ։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը