Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ


Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ

  • 05-12-2011 16:23:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Երէկ, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ տարեկան մատաղօրհնութեան օրն էր եւ այդ առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, իսկ յետոյ սարքուեցաւ Սիրոյ սեղան, յարակից սրահին մէջ։ Ս. Պատարագին հետեւեցան բազմաթիւ թաղերէն ժամանած հաւատացեալներ։ Արարողութիւններուն նախագահեց Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Երգեցողութիւնները մեկնաբանուեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիի Մանկանց խումբի կողմէ, խմբավարութեամբ երաժիշտ Լեւոն Դպիր Գարատաղի։ Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Արամ Սրբազան։ Իր երէկուայ քարոզը խրատական բնոյթ ունէր։ Սրբազանը դիտել տուաւ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը այս աշխարհի մէջ մէկմէկ պտղատու ծառ է ու սապէս շարունակեց իր քարոզը. «Աստուած մեզի շունչ տուած է, մտածելու, խօսելու եւ աշխատելու կարողութիւն տուած է։ Քանի դեռ փոքր ենք, երիտասարդ ենք, Աստուած մեզմէ ոչի՛նչ կը պահանջէ, սակայն երբ կը հասուննանք, Տէրը կը ցանկայ տեսնել մեր պտուղները՝ ուրիշներու հանդէպ մեր վերաբերումը, մեր կատարած լաւութիւնները։ Երբ ուրիշներուն ձեռք չենք երկարեր, լաւութիւն չենք ըներ, կը նշանակէ որ մենք անպտուղ ծառեր ենք։ Կարգ մը ծառեր մեծ ճիւղեր կþունենան ու ստուեր կþընեն, մարդիկ կþօգտուին այդ ստուերէն, իր նպատակը ստուեր ընելն է։ Կարգ մը ծառեր ծաղիկներ կուտան, որպէսզի անուշ բուրեն եւ կարգ մը ծառեր պտուղ տալու համար են եւ եթէ այդ ծառը անբերրի, զայն կը կտրեն։ Մեր մօտ ալ նոյնն է, կարգ մը մարդիկ նիւթապէս կþօգնեն աղքատին ու կը կերակրեն զայն, դեղ կը գնեն հիւանդի համար, կարգ մը մարդիկ իրենց ֆիզիքական ուժով կը փորձեն պաշտպանել տկարներն ու թոյլերը, զանոնք իրենց հովանիի տակ կþառնեն եւ կարգ մը մարդիկ իրենց գիտութեամբ կþօգնեն տգէտներուն», ըսաւ Արամ Սրբազան ու յորդորեց որ բոլորս ալ երբեմն նստինք ու հաշուեյարդար տեսնենք մեր անձի հետ, մտածենք թէ Աստուած ի՞նչեր տուած է մեզի եւ մենք ի՞նչ կը վերադարձնենք Աստուծոյ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, իսկ յետոյ Սիրոյ Սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Հաւաքոյթի ընթացքին որեւէ յայտագիր չկիրարկուեցաւ, խօսք առին միայն Արամ Սրբազան եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Սիւլէյման Գարաման։ Ներկայ էին նաեւ Ա Գէ Փէ կուսակցութենէն տարածքաշրջանային ղեկավարներ եւ Ատենապետ Գարաման իր ելոյթի ընթացքի շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանային փոխ-նախագահ Շէնօլի, տարածքաշրջանային պատասխանատու Րէճայիի եւ թաղի պատասխանատու՝ Ըլկազի։ Յետոյ ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆաթիհի քաղաքապետութեան եւ աւելցուց որպէս վագըֆ, իրենց պարտականութիւնն է Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցին կանգուն պահել։ Որպէս նորընտիր Թաղային Խորհուրդ, մօտիկ ապագային կը ծրագրեն վերանորոգել Սամաթիոյ մէջ գտնուող կալուածապատկան իրենց շէնքը եւ անկէ ստացուած վարձքերով օգնել եկեղեցիի ծախքերուն ու համայնքին։ Հաւաքոյթի հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը, նշելով որ ամէն տարի զանազան եկեղեցիներ ունին իրենց մատաղօրհնութեան եւ Սիրոյ Սեղանի օրը։ Յետոյ աւելցուց որ ասոնք գեղեցիկ սովորութիւններն են եւ մարդիկ եկեղեցիներուն օգնելու համար նիւթական աջակցութիւն ցոյց կուտան իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ։ «Շատ լաւ է որ այս գեղեցիկ սովորութիւնները կան, որովհետեւ մեր եկեղեցիները չեն կրնար առանձինն գոյատեւել։ Կարգ մը եկեղեցիներ եկամուտ ունին, իսկ կարգ մը եկեղեցիներ ընդհանրապէս չունին կամ ալ այդ գումարը այնքան չէ, որ ծախքերը գոհացնէ։ Դժբախտաբար այս եկեղեցին ատոնցմէ մէկն է»։ Յետոյ Սրբազան Հայրը բացատրեց թէ ինչո՞ւ եկեղեցւոյ անունը Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս է եւ հակիրճ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու պատմականը ներկայացուց։ Իր խօսքի աւարտին, Արամ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնէ Ա Գէ Փէի ներկայացուցիչներուն, նշելով որ հայ համայնքի երեսը սկսաւ ժպտիլ Ա Գէ Փէի իշխանութեան գլուխ գալէ ետք եւ սկսաւ փնտռել իր իրաւունքները, սկսաւ զգալ իր իսկ գոյութիւնը։ Հաւաքոյթը վերջացաւ միաբերան երգուած «Հայր Մեր»ով։ Վ. Ս. «Մարմարա»
  -   Մամլո հաղորդագրություն