Վարպետութեան դասը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց


Վարպետութեան դասը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց

  • 08-12-2011 17:35:19   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանցի խոստմնալից ճատրակիստ Հրանդ Մելքումեան քաղաքս կը գտնուէր Ժիրայր Չաքըր-Օհանեանի յիշատակին կազմակերպուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին մասնակցելու առիթով։ Մելքումեան յաղթող հռչակուած էր այս մրցաշարքի ուժեղագոյններու դասաւորման մէջ եւ արժանացած գլխաւոր պարգեւին։ Մրցումները վերջացան, բայց հայ ճատրակիստը մօտաւորապէս տասը օր քաղաքիս մէջ մնաց եւ հիւրընկալուեցաւ զանազան վարժարաններու կողմէ, ճատրակի բաց դասեր ու վարպետութեան խաղեր սարքելով իսթանպուլահայ պատանի ճատրակիստներու համար։ Երէկ յետմիջօրէին, ան հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մէջ եւ ճատրակի ուսուցիչ Սայաթ Թուղլաճըի առաջնորդութեամբ ճատրակի բաց դաս մը սարքեց ճատրակի դասընթացքներուն հետեւող մօտաւորապէս 13-15 աշակերտներու համար։ Ներկայ էին Տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեան, Թաղային Խորհուրդէն Տիկին Ազնիւ Մեծատուրեան։ Մէրամէթճեանցի աշակերտներու համար յիշարժան դաս մըն էր այս մէկը, որովհետեւ առիթն ունեցան խաղի մը »անալիզ«ը ընելու հայաստանցի վարպետ ճատրակիստի մը մասնակցութեամբ։ Հարցում-պատասխանի ձեւով Մէրամէթճեանցի աշակերտները իրենց գաղափարներն ալ յայտնեցին ու միասնաբար քննարկեցին թէ ո՞ր քայլը աւելի նպաստաւոր դիրք պիտի ստեղծէր, կամ ճատրակիստներ ինչպէ՞ս պէտք է զարգացնէին խաղը իրենց համար յաղթելու պայմաններ ապահովելու համար։ Վարպետութեան այս դասը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ու ճատրակիստներն ալ մեծ բաւականութիւն ստացան։ Աւարտին, Տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեանի կողմէ փոքրիկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Հրանդ Մելքումեանին, իսկ որպէս յիշատակ մնաց միասնական խմբանկար մը...։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը