Վարչապետ Էրտողան կը շարունակի ապաքինուել


Վարչապետ Էրտողան կը շարունակի ապաքինուել

  • 08-12-2011 17:38:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Վարչապետ Էրտողան որ 26 Նոյեմբերին մարսողական դրութեան գործողութեն ենթարկուած էր եւ երկու շաբաթէ ի վեր ապաքինման շրջան կը բոլորէ Իսթանպուլի իր բնակարանին մէջ, ջնջեց 10 Դեկտեմբերին դէպի Քաթար կատարելի իր այցելութիւնը։ Լրատու աղբիւրներ կը նշեն որ բժիշկներ անգամ մը եւս երկարացուցին Վարչապետի ապաքինման շրջանը։ Էրտողան Քաթարի մէջ պիտի մասնակցէր քաղաքակրթութիւններու դաշինքի գագաթաժողովին, բայց իր մասնակցութիւնը ջնջուեցաւ։ Միւս կողմէ երէկ, Վարչապետը Իսթանպուլի Քըսըքլի տան մէջ երկու հանդիպումներ ունեցաւ։ Նախ կայացաւ Քաթարի Շէյխի հետ հանդիպում մը, որ 1.5 ժամ տեւեց եւ որու մասին սակայն ո՛չ մէկ մեկնաբանութիւն տրուեցաւ մամուլին։ Երկրորդ հանդիպումը կայացաւ Թրքական Կիպրոսի Վարչապետ Իրսէն Քիւչիւքի հետ։ Այս հանդիպումն ալ դռնփակ էր եւ մօտաւորապէս ժամ մը տեւեց։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը